Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն կը պատրաստուի Թուրքիա այցելելու: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը:
Կը նշուի, թէ Թիլըրսընէն քանի մը օր ետք Թուրքիա պիտի այցելէ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերու խորհրդատու Հըրպըրթ Մաքմասթըր:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երեքշաբթի օր յայտարարած էր, որ ՏԱՀԵՇ-ի ջախջախումէն ետք Սուրիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու գործողութիւնները ուղղուած են Թուրքիոյ դէմ: Ան վերահաստատած էր, որ Աֆրինէն ետք թրքական բանակը պիտի շարժի դէպի Մընպեժ եւ Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղած էր իր զինուորները հեռացնելու սուրիական այդ քաղաքէն: Էրտողան երէկ յայտարարեց. «Օպաման մեզ խաբեց Մընպեժի հարցին մէջ, եւ ինչպէս կ՛երեւի` Թրափն ալ բռնած է նոյն ճամբան»:
Միւս կողմէ, թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը, յղում կատարելով Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի բանբերի յայտարարութեան, կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքեր, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսք եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ, Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքօ Պորիսով 26 մարտին Պուլկարիոյ Վառնա քաղաքին մէջ հանդիպում պիտի ունենան Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ:
Կը նախատեսուի, որ հանդիպումի ընթացքին պիտի քննարկուին Եւրոպական Միութեան ու Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն առնչուող շրջանային, գաղթականներու եւ շարք մը այլ հարցեր:
Յիշեցնենք, որ նախապէս Եունքեր յայտարարած էր, որ մօտիկ ապագային Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամ դառնալը անկարելի է եւ որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները պէտք է վերջ տան իրենց յարձակողապաշտ հռետորաբանութեան` եւրոպացի ղեկավարները կոչելով ֆաշական կամ նացիական:
Ան նաեւ ըսած էր, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է շարունակէ Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւնները, սակայն Թուրքիոյ` Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան մասին տակաւին կարելի չէ խօսիլ:



