Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախարար Կիտանեան Հանդիպում Մը Ունեցաւ 50 Ֆրանսական Ընկերութիւններու Ներկայացուցիչներուն Հետ

February 1, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան Պէյթ Մերիի «Պուսթան» պանդոկին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ զբօսաշրջական խորհրդաժողովներ եւ ձեռնարկներ կազմակերպող 50 ֆրանսական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան սենտիքաներու ընդհանուր քարտուղար Ժան Պէյրութի, Կահաւորուած վարձու բնակարաններու սեփականատէրերու սենտիքայի նախագահ Զիատ Լապպան, Վարձու ինքնաշարժներու գրասենեակներու սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Տաքտուք, Լիբանանցի զբօսավարներու սենտիքայի նախագահ Հայսամ Ֆաուազ եւ լիբանանեան զբօսաշրջական մարզի ներկայացուցիչներ:

50 ֆրանսական ընկերութիւններու ներկայացուցիչները եռօրեայ այցելութեամբ Լիբանան եկած են` ընդառաջելով զբօսաշրջութեան նախարարութեան հրաւէրին: Անոնք պիտի այցելեն Լիբանանի զբօսաշրջական իւրայատուկ վայրերը, որպէսզի Լիբանանը վերադարձնեն համաշխարհային զբօսաշրջութեան քարտէսին, յատկապէս ինչ կը վերաբերի  խորհրդաժողովներու եւ ցուցահանդէսներու զբօսաշրջութեան աշխուժացումին:

Այս առիթով նախարար Կիտանեան արտասանեց խօսք մը, որուն մէջ ողջունեց ներկաները, յատկապէս այն անձնակազմը, որ Լիբանանի զբօսաշրջական դէմքը կը ներկայացնէ 50 ֆրանսական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն:

Ա. Կիտանեան յայտնեց, որ խորհրդաժողովներու եւ ցուցահանդէսներու զբօսաշրջութիւնը իրենք չէ որ ստեղծած են, այլ` անիկա գոյութիւն ունի աշխարհին մէջ իբրեւ զբօսաշրջական աշխատանք:

Նախարար Կիտանեան հաստատեց, որ 50 ֆրանսական ընկերութիւններու ներկայացուցիչները Լիբանան հրաւիրուած են նախարարութեան նախաձեռնութեամբ եւ «Նախխալ» ճամբորդական գրասենեակին միջոցով:

Նախարար Կիտանեան աւելցուց, որ այդ ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ քննարկած են իրենց զբօսաշրջական ծրագիրները` աւելցնելով, որ յառաջիկայ մարտին Լիբանան պիտի հասնին այլ ֆրանսական ընկերութիւններու ներկայացուցիչներ, որոնք գետնի վրայ պիտի սերտեն Լիբանանի կարողութիւնները եւ Լիբանանի մէջ խորհրդաժողովներու զբօսաշրջութեան ենթահողի գոյութիւնը:

«Կը հաւատամ, որ Լիբանան ճիշդ հունի մէջ է, եւ կը կարծեմ, որ կարելի պիտի ըլլայ ընկերութիւնները համոզել, որպէսզի իրենց խորհրդաժողովները Լիբանանի մէջ գումարեն` Քանատայի փոխարէն», հաստատեց նախարար Կիտանեան:

Ան մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ արդէն իսկ աշխուժութիւն վայելող խորհրդաժողովներու եւ ցուցահանդէսներու զբօսաշրջութիւնը բարգաւաճի եւ իր ներդրումը ունենայ Լիբանանի վկայած զբօսաշրջական զարթօնքին մէջ:

 

Նախորդը

Ներքին Գործոց Նախարարութիւնը Հրապարակեց Քուէարկողներուն Ցուցակները

Յաջորդը

Չորեքշաբթի Օրուան Հանդիպում . «Կառավարութենէն Պիտի Չհրաժարինք» Կը Հաստատէ Պըրրի

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.