
Երէկ` կիրակի, 28 յունուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի Սկաուտական ֆետերասիոնի ընդհանուր ժողովը: Ժողովը քննարկեց ընթացաւարտ ֆետերասիոնի գործունէութիւնը, լսեց արաբ եւ համաշխարհային ֆետերասիոններու լիազօր ներկայացուցիչներու տեղեկագիրները, ինչպէս նաեւ ստացաւ առաջարկներ յառաջիկայ գործունէութեան վերաբերեալ:
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ ֆետերասիոնի նոր կազմ մը: ՀՄԸՄ-ի թեկնածու Վաչէ Նաճարեան վերընտրուեցաւ նշեալ ֆետերասիոնի անդամ, միջազգային ներկայացուցիչ:


