Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Սուէյրի-Մասնաա սահմանամերձ շրջանի բարձունքներուն վրայ բանակը բացայայտած է 9 սուրիացիներու սառած դիակներ, մինչդեռ կրցած է փրկել 6 ուրիշներ, որոնք կը փորձէին ապօրինի կերպով մուտք գործել Լիբանան:
Բանակի հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ փրկուած 6 սուրիացիներէն մէկը աւելի ուշ մահացած էր զայն հիւանդանոց փոխադրելէ ետք` ցուրտին պատճառով:
Բանակը ձերբակալեց երկու սուրիացիներ, որոնք մեղսակցած են սուրիացիներ ապօրինի կերպով Լիբանան փոխադրելու գործողութիւններուն:



