Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Իր Քննարկած Օրակարգին Կէտերէն Մաս Մը Վաւերացուց, Իսկ Այլ Կէտերու Քննարկումը Յետաձգեց

January 19, 2018
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նիստին ընթացքին վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ կառավարութեան քննարկելիք օրակարգերուն մասին տեղեկատուական մարզէն իմացող քաղաքացին կը ստանայ այն տպաւորութիւնը, թէ նախարարաց խորհուրդը լուրջ խնդիրներու դիմաց կը գտնուի եւ թէ նախարարները գժտուած են իրարմէ:

«Սակայն իրականութիւնը եւ ճշմարտութիւնը այդ տպաւորութեան չեն համապատասխաներ, որովհետեւ կառավարութիւնը կը քննարկէ հարցերը եւ կու տայ քաղաքացիներուն կեանքը դիւրացնող որոշումներ: Ճիշդ է, որ մենք քաղաքական նոյն ուժը չենք ներկայացներ եւ ունինք տարբեր տեսակէտներ, սակայն այդ մասին հաղորդուած լրատուութիւնը երկրին շահերուն չի ծառայեր», ըսաւ ան:

Վարչապետ Հարիրի շեշտեց, որ կան հարցեր, որոնց լուծումը առաջնահերթ է` մաղթելով, որ բոլորը հանդարտին եւ իմաստուն կերպով վարուին, որպէսզի լուծումներ գտնեն` երկխօսութեան եւ քննարկումներու ընդմէջէն, եւ ոչ թէ սուր եւ կտրական կեցուածքներով:

Կառավարութեան նիստին աւարտին ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապի Ասի յայտնեց, թէ կառավարութիւնը իր քննարկած օրակարգին կէտերէն մաս մը վաւերացուցած է, իսկ այլ կէտերու քննարկումը` յետաձգած:

Պատասխանելով արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արտերկրի լիբանանցիներուն մասնակցութեան նպատակով առցանց արձանագրութիւնները մինչեւ 15 փետրուար երկարաձգելու առաջարկին մասին հարցումի մը` Ապի Ասի ըսաւ, որ այդ առաջարկը պիտի քննարկուի երկուշաբթի օր` ընտրութիւններուն յատուկ նախարարական յանձնախումբին գումարելիք նիստին ընթացքին:

Նշենք, որ կառավարութիւնը երէկուան իր նիստին որոշեց Աքքարի, Պաալպեք-Հերմելի եւ Քեսրուան-Ժիպէյլի մէջ Լիբանանեան համալսարանի մասնաճիւղեր բանալ:

Իսկ վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզզէտտին յայտնեց, որ  վարչապետ Հարիրի ստորագրած է հրամանագիր մը, որուն հիման վրայ լաչակաւոր եւ լաչակ չկրող կին պետական պաշտօնեաներուն միջեւ խտրութիւնը պէտք է ջնջուի:

Կառավարութեան նիստէն ետք Հարիրի դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշիի հետ` ներկայութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի: Հանդիպումի մթնոլորտին մասին դրական տեղեկութիւններ հաղորդուեցան:

Վարչապետ Հարիրի երեկոյեան ուղղուեցաւ Թրիփոլիի Ուաֆա մզկիթը, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց աշխատանքի նախարար Մոհամետ Քապպարային` անոր քրոջ մահուան սուգին առիթով:

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Որքան Քաղաքականութիւնը Հեռացնենք Դատական Իշխանութիւններուն Աշխատանքէն, Նոյնքան Կ՛երաշխաւորենք Արդարութեան Գործադրութիւնը»

Յաջորդը

Երեսփոխան Բագրատունի Եւ Պուրճ Համուտի Քաղաքապետը Այցելեցին Ֆընիանոսի

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.