Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Բողոքներու Դէմ Պէտք Է Յստակ Քայլերու Ձեռնարկել»

January 15, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սղաճը առկայ է, հարցը իշխանութեան օրակարգին վրայ է: «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան:

«Սղաճը որոշակի առումներով առարկայական պատճառներ ունի, բայց նկատի ունենալով այն, որ պիւտճէով ընկերային խնդիրներու լուծում չենք նախատեսած, պէտք է կառավարութիւնը միջոցներ գտնէ եւ ունի այդ կարելիութիւնը, որ սղաճը կարիքաւոր խաւերու վրայ  չանդրադառնայ: Մենք ընկերային պետութիւն ենք, եւ ընկերային մակարդակի վրայ անապահով խաւերը պէտք է զգան պետութեան հոգածութիւնը», նշեց Արմէն Ռուստամեան:

Սղաճի դէմ հիմնական պայքարը, ըստ պատգամաւորին, կառավարութիւնը նախատեսած է տնտեսական աճը, տնտեսութեան արագընթաց զարգացումը: Անոր համաձայն, սղաճը պիտի չազդէ անոնց վրայ, որոնք կը վարձատրուին:

Կարիքաւորին պարագային, Արմէն Ռուստամեանի համաձայն, կա՛մ սպառման նուազագոյն զամբիւղ, եւ եթէ մարդը կարողութիւն չունենայ գնելու նուազագոյնը, որովհետեւ չունի համապատասխան աշխատավարձ, ուրեմն պէտք է պետութիւնը աջակցի անոր տարբեր ծրագիրներով:

«Մենք պիտի ընենք ամէն ինչ, որ կառավարութիւնը տրամադրէ այս միջոցները, ասիկա կառավարութեան պարտաւորութիւնն է», նշեց ան:

Դիտարկման, թէ «Ելք»-ը թանկացումներու դէմ երթ կը նախաձեռնէ, հաւանակա՞ն է, որ ՀՅԴ-ն ալ մասնակցի իբրեւ մտահոգ ուժ, Արմէն Ռուստամեան արձագանգեց այսպէս. «Քաղաքական կամք ու քաղաքական լուծումներ կ՛ենթադրէ թանկացումներու դէմ պայքարը: Մեր նպատակը այն չէ, որ սղաճէն յառաջացող դժգոհութիւնը բերենք ներքին ցնցումներ յառաջացնելու: Ասիկա կրնայ սրել այդ հարցը: Մեր  խնդիրը այն է, որ հարցը լուծուի, ոչ թէ օգտագործուի, բողոքներու դէմ պէտք է յստակ քայլերու ձեռնարկել»:

Ռուստամեան ըսաւ, որ «Ելք»-ը ընդդիմադիր կուսակցութիւն է եւ բնական է, որ բողոքները, դժգոհութիւնները պէտք է դառնան այդ ուժի օրակարգին մէկ մասը: Ըստ անոր, իրենց իրաւունքն է ընտրել պայքարի նման ձեւ: Ամէն պարագայի, ըստ անոր, հանրահաւաքներով կարելի չէ սղաճի դէմ պայքարիլ, «պէտք է շատ աւելի լուրջ գործիքներ կիրարկել, եւ նախ եւ առաջ տնտեսական կառավարման ծրագիրներու հետ առնչուող գործիքներ»:

«Իշխանութեան մէջ գտնուող ուժը այդ ճամբով պէտք չէ ընթանայ: Իշխանութիւնը ունի լծակներ, կարելիութիւններ, որոնք պէտք է օգտագործէ, լուծէ խնդիրները, որպէսզի դժգոհութիւնը ընդդիմութեան դաշտին մէջ  նուազի: Եթէ որոշակի դժգոհութիւն մնացած է, ապա ընդդիմութեան իրաւունքն է ատիկա օգտագործել», ըսաւ ան:

Պատգամաւորը նշեց, որ լուծումը ամբողջական բարեփոխումներու հոլովոյթին մէջ է: «Մենք համոզուած ենք, որ այն ծրագիրը, որ մենք կառավարութեան մէջ ըլլալով հաստատած ենք Ազգային ժողովին մէջ, եթէ կեանքի կոչուի, վստահ եմ, որ կը լուծուին նաեւ այս խնդիրները»:

Ա. Ռուստամեանը շեշտեց, որ իրենց նպատակը սղաճէն յառաջացող դժգոհութենէն ներքին ցնցումներ յառաջացնելը չէ: «Այդ ձեւով, ընդհակառակն, այդ հարցը կրնայ աւելի սրիլ: Մեր խնդիրը այն է, որ հարցը լուծուի, ոչ թէ հարցը օգտագործուի: Այդ բողոքները պէտք չէ օգտագործել, պէտք է բողոքներուն դէմը դնելու յստակ քայլեր առնուին», ըսաւ ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը:

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամը Բարձրացուցած Է Արցախի Երիտասարդութեան Մեկուսացման Հարցը Մոկերինիին Ուղղուած Նամակին Մէջ

Յաջորդը

Զինուած Ուժերու Արդիականացման Եօթնամեայ Ծրագիրի Նախագիծի Քննարկում

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.