Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զինուած Ուժերու Արդիականացման Եօթնամեայ Ծրագիրի Նախագիծի Քննարկում

January 15, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ ուրբաթ, 12 յունուար 2018-ին, պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ տեղի ունեցած է զինուած ուժերու արդիականացման եօթնամեայ  ծրագիրի նախագիծի քննարկումը:

Զեկուցուած են 24 հոկտեմբեր 2017-ի հանրապետութեան նախագահին  կողմէ տրուած յանձնարարականի կատարման հիմամբ մշակուած այդ ծրագիրի նախագիծի հիմնական ուղղութիւններն ու կարեւորագոյն սկզբունքները: Ընդգծուած է, որ, հաշուի առնելով առկայ  մարտահրաւէրները, 2018-2024-ի ծրագիրը մշակելու ընթացքին կանխատեսուած են իրավիճակի զարգացման հաւանական  տարբերակները, ուղենշուած են անոնց հակազդման ուղիները, ստեղծուած են անհրաժեշտ պայմանները` առկայ միջոցներու ղեկավարումը առաւելագոյնս արդիւնաւէտօրէն իրականացնելու համար:

Նախագահին ներկայացուած է նաեւ, որ 4 յունուարին պաշտպանութեան նախարարութեան «Մոնթէ Մելքոնեան»-ի անուան զինուորական-մարզական վարժարանին մէջ պաշտպանութեան նախարարութեան, զինուած ուժերու եւ զինուած ուժերու գերագոյն հրամանատարութեան ղեկավար կազմի մասնակցութեամբ սկսած եօթնամեայ ծրագիրի նախագիծի քննարկումները շարունակուած են օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու, հասարակական հատուածի ներկայացուցիչներու եւ փորձագէտներու ներգրաւումով:

Հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատած է ներկայացուած ծրագիրի նախագիծի առարկայական քննարկումը` ընդգծելով, որ անոր  արդիւնքներէն կախեալ է զինուած ուժերու կառավարման արդիւնաւէտութիւնը, պատրաստակամութեան ու մարտունակութեան աստիճանի բարձրացումը, որ կարելիութիւն կու տայ, ունենալով ժամանակակից զինուած ուժեր, անձեռնմխելի պահել պետութեան սահմանները:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան նշած է, որ ստեղծման օրէն Հայաստանի զինուած ուժերը միշտ ալ գտնուած են զարգացման հոլովոյթի մէջ, որ  այժմ հասած է փուլ մը, երբ պէտք է ունենալ աւելի երկարաժամկէտ զարգացման ծրագիր, որ կը վերաբերի ինչպէս զինուած ուժերու  ամրապնդման եւ կատարելագործման, այնպէս ալ զինատեսակներու  արդիականացման:

Նախորդը

Ռուստամեան. «Բողոքներու Դէմ Պէտք Է Յստակ Քայլերու Ձեռնարկել»

Յաջորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ուաֆաա Ղըպէյրի` 2-3

RelatedPosts

Ակնարկ.  Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցումներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Նախապայմաններ Եւ Փոխկապակցումներ

September 25, 2026
Հայաստանի Մէջ Պիտի Գումարուի  ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Մէջ Պիտի Գումարուի ՀՅԴ Հայ Դատի Համահայկական Խորհրդաժողովը

September 25, 2026
Հայրենիքի Կանչը, Լիբանանահայ Երիտասարդին Եւ Դաշնակցականին Դերը Այսօր
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Հրապարակէ «Եկեղեցւոյ Բարեկարգման Մասին Զեկուցումը. Ս. Էջմիածին Կը Հակադարձէ

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.