Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Խորհրդարանի Անդամը Բարձրացուցած Է Արցախի Երիտասարդութեան Մեկուսացման Հարցը Մոկերինիին Ուղղուած Նամակին Մէջ

January 15, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհրդարանի անդամ, Պելճիքայի ներկայացուցիչ Լուի Միշելը երկու գրաւոր հարցում ուղղած է Եւրոպական Միութեան  գերագոյն ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինիին Արցախի ուսանողներու վրայ «Էրազմուս +» ծրագիրի տարածման, նաեւ շփման գիծին մէջ դէպքերու հետաքննութեան մեքանիզմի իրականացման մասին: Այս մասին կը յայտնէ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակը:

Նամակին մէջ Միշելը կը նշէ, որ Արցախի ուսանողներուն համար անհասանելի է ծրագիրը, որ կը տարածուի Արեւելեան գործընկերութեան վեց անդամ երկիրներու վրայ:

«Արցախի ներկայ կարգավիճակը ոչ մէկ պարագայի պէտք է արդարացում ըլլայ  Արցախի ժողովուրդի ընկերային մեկուսացման համար, յատկապէս ուսանողներու եւ երիտասարդներու: Քանի որ վերջնական նպատակը շրջանի խաղաղութիւնն է, Լեռնային Ղարաբաղի երիտասարդութիւնը պէտք է օգտուի այն նոյն իրաւունքներէն, ինչ որ Արեւելեան գործընկերութեան միւս վեց երկիրներու երիտասարդութիւնը: Այս առնչութեամբ գրաւոր հարցը կարեւոր քայլ է հասարակութեան ուշադրութիւնը գրաւելու ու այս կարեւոր հարցը Եւրոպական Միութեան  մէջ որոշում կայացնող անձերու առջեւ բարձրացնելու համար», յայտնած է Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Գասպար Կարապետեան:

Լուի Միշել նաեւ դիմած է Մոկերինիին ` խնդրելով պարզաբանել, թէ  Եւրոպական Միութիւնը ինչպէ՛ս մտադիր է աջակցիլ զինադադարի դրութեան պահպանման եւ հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման:

 

 

Նախորդը

ԵԱՀԿ-ի Տարածքին Գոյութիւն Ունեցող «Ձգձգուող» Տագնապները Կը Շարունակեն Մնալ Եւրոպական Միութեան Ուշադրութեան Կեդրոնը

Յաջորդը

Ռուստամեան. «Բողոքներու Դէմ Պէտք Է Յստակ Քայլերու Ձեռնարկել»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.