Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (30 Դեկտեմբեր 1967)

December 30, 2017
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժամանակին Շունչով Յաւերժականին Հետ

Օրուան մարդը սպիտակափառ մօրուքով պատկառելի ծերունին է, որուն գաւազանը կը բախի վերանորոգուող կեանքի սեմին: Ու Նոր տարուան հետ մարդկային միտքը կը բացուի նոր խորհրդածութիւններու առջեւ: Պահ մը կը սթափին ամէնէն անտարբերներն ու թմրածներն անգամ` Կաղանդի իրիկուան մէջ, անցեալէն եկող ուրախ կամ տխուր, բայց միշտ գեղեցիկ յիշատակներու վերյուշով:

Ամէն մէկուն` ի՛ր Ամանորը, իր երազներուն չափ խոր, իր յոյսերուն չափ վառ, իր իտէալին չափ մեծ:

Մանուկներ կը խայտան սիրուն նուէրներու տեսիլքով, ու մեծերը, այդ մե՜ծ մանուկները կը գինովնան արբեցութեամբ մը ազնիւ, որ ցամքած հոգիներն իսկ կը լեցնէ խնդութեան գինիով:

Այս այն պահն է, երբ ուրախութիւնը կը խառնուի տրտմութեան ու թախիծին, որքան ալ առատ հոսի գինին սեղաններուն վրայ եւ հոգիներուն մէջ: Յուզումը կը սեղմէ կոկորդը, աչքերը կը տամկանան, հի՜ն, հի՜ն յիշատակներ կու գան պահանջելու իրենց իրաւունքը գոյութեան:

Հանգրուան մը այս, հանդիսաւոր պահ մը խորախորհուրդ` կեանքի անծայր ճամբուն վրայ:

Ու տակաւին, առօրեայէն վեր սլացք մը այսօր: Բոլորի՛ն համար: Մեծին ու պզտիկին: Ու մեծերուն մէջ` ամէնէն սկեպտիկներուն անգամ: Նորերը աստիճան մը եւս կը բարձրանան կեանքի սանդուխէն, հիները աստիճան մը աւելի կ՛իջնեն: Ոմանց կեանքին վրայ տարի մը կ՛աւելնայ, ուրիշներէն տարի մը կը պակսի:

***

Տարի մըն ալ անցաւ մարդոց որդիներուն կեանքէն: Անցնող երեք հարիւր վաթսուն եւ հինգ օրերու ընթացքին աշխարհ լեցուեցաւ նոր ծնունդներով, պալատներ ու խրճիթներ շէնցան նորածիններու ճռուողիւնով: Հեռացան ուրիշներ այս անցաւոր աշխարհէն: Ոմանք` տարիներու բեռան տակ կքած, ուրիշներ` դեռ երիտասարդ, կեանքի գարունը հազիւ բոլորած կամ երազներու տարիքին մէջ:

Ու կեանքը շարունակուեցաւ, պիտի շարունակուի այսպէս` հնազանդելով բնութեան անյեղլի օրէնքին:

Պիտի շարունակուի առանց ցնցումի, որովհետեւ կեանքը ժամանակաչափ չունի: Անհունէն եկած` կը դիմէ անհուն:

Մարդն է, որ տարիներու բաժնած է զայն, ժամանակի գետին վրայ նետելով կամուրջներ, այդ կամուրջներուն հանգրուանին վրայ, անոնց սեմին` կազմելու համար իր հաշուեկշիռը:

Այլապէս, ինչո՞վ կը տարբերի Նոր տարին նախորդէն, որ պիտի երթայ թաղուիլ ժամանակի անհունութեան մէջ` դառնալու համար պատմութիւն մարդոց, անվերադարձ օրերու շղթայ, անցեալ ժողովուրդներու:

Կը խանդավառուինք բոլորս, կը շնորհաւորենք զիրար, մեր շրթներուն վրայ միայն մաղթանքներ կան այս գիշեր, ու սիրոյ համբոյրներ կը դրոշմուին տաք այտերու վրայ: Բայց բոլորս ալ գիտենք, կեանքը այդպէս սորվեցուցած է, որ իրականին մէջ ոչ մէկ նորութիւն կայ: Վաղը առաւօտ պիտի ծագի նոյն արեւը ու մեզի պիտի ղրկէ նոյն ճառագայթները, որոնք մեռնող տարուան վերջին մայրամուտը բոցավառեցին:

Տարին անգամ մը, սակայն, առիթ կը տրուի մեզի` յետադարձ ակնարկով մը չափելու կտրուած ճամբան: Տեսնելու` ուրկէ՛ եկած ենք, ի՛նչ ճամբաներէ անցած, հասնելու համար այսօրուան, որ վաղը պիտի ըլլայ երէկ, ու այսպէս շարունակ, մինչեւ վախճանը ժամանակներու:

Գօտեպնդումի պահն է այս` ի խնդիր նոր արշաւներու: Այդ գօտեպնդումը, ներքին այդ զօրացումը պիտի գայ մեր անդրադարձներուն անկեղծութենէն: Նոր տարուան խորհուրդը ի զուր պիտի ըլլայ, եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը անձնապէս ու բոլորս` հաւաքաբար, չանդրադառնանք մեր անհատական եւ ազգային կեանքին, չնստինք հայելիին առջեւ, հաշիւ տալու: Չօգտուինք փորձառութեան ու հասունութեան այն յաւելեալ հարստութենէն, որ անցնող տարին կը ձգէ մեզի:

Հին ուխտերու եւ սրբազան որոշումներու վերանորոգման պահն է այս, երբ կամքերը կ՛արթննան ու կը լարուին:

Նոյնն է պարագան ժողովուրդներու համար: Վա՜յ այն ժողովուրդներուն, որոնք իրենց մէջ չեն զգար վերանորոգուելու եւ թարմանալու ուժը, որոնք չեն ըմբռներ ժամանակի ոգին, չեն քալեր ժամանակին հետ: Ուշ կամ կանուխ դատապարտուած են իյնալու պատմութեան ճամբաներուն վրայ` դառնալու համար անցեալի փառքերուն ցոլքերը միայն:

Կը մնան ու կը գոյատեւեն անոնք, որոնք իրենց յաղթական երթը կ՛առաջնորդեն Նոր տարիներու բացած ճամբաներէն` առանց սակայն շփոթելու անցաւորը մնայունին, ժամանակաւորը յաւերժականին հետ: Որովհետեւ ճշմարտութիւններ, արժէքներ, գաղափարներ ու իտէալներ կան, որոնք չեն հիննար, չեն մաշիր: Ատեն մը կը ծածկուին անոնք, բայց երբ կիրքերը հանդարտին, դարձեալ երեւան կու գան աւելի շքեղ, աւելի լուսափառ:

Այդ արժէքներէն մէկը հոգեկան հարստութիւնն է մեր ժողովուրդին, ազատ ու անկաշկանդ ապրելու իր դարաւոր երազը:

Մենք այդ երազէն կը ստանանք մեր ուժը, շքեղ գալիքներու մեր անմար լոյսը, որ անծանօթ ու բարի ձեռք մը մութ գիշեր մը վառեց Արագածի կատարին` լուսաւորելու համար յաւիտենականութեան ճամբան անխոնջ ուղեւորին:

Հայ ժողովուրդին:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Կաղանդի Լուրեր

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.