Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արթ Թերափի» Նիւթով Դասախօսութիւն

December 6, 2017
| Առողջապահական - Բժշկագիտական, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան, կազմակերպութեամբ դաստիարակչական յանձնախումբին, 27 նոյեմբեր 2017-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը` «Արթ թերափի» (Art Therapy – արուեստի միջոցով դարմանում) նիւթով, որ  ներկայացուց դոկտ. Անիթա Թութիկեանը:

ՀՕՄ-ի քայլերգի ունկնդրութենէն ետք, յանձնախումբին անունով Վարդի Մարտիրոսեան ողջունեց ներկաները` ըսելով, որ դաստիարակչական յանձնախումբը կը ձգտի պահպանել հայութեան մշակութային ինքնուրոյնութիւնը, կը կազմակերպէ մանկավարժական, կնոջական, հայապահպանման եւ հոգեբանական նիւթերով դասախօսական շարքեր:

Օրուան դասախօսը դոկտ. Անիթա Թութիկեան դասախօսութեան սկսաւ` նշելով, որ «Արթ թերափի» նիւթին մասին խօսիլը իրեն համար հաճելի է, մանաւանդ` հայկական միջավայրի մէջ: Ան նախ ըսաւ, որ արուեստը միջոց մըն է դարմանումի, մեր առօրեան աւելի լաւ զգալու, ըմբռնելու` իրականութեան եւ կարելիութեան միջոցով: «Արթ թերափի»-ն նոր ասպարէզ մըն է, որուն  արմատները կու գան մարդկութեան սկզբնական օրերէն, մեր ժառանգած սովորական զբաղումներն ալ` ձեռագործ, ճաշ, կար, հիւսք, այս բոլորը  «Արթ թերափի» են: Հին ժամանակներէն իսկ մարդիկ իրենց հոգեբանական հարցերը կը փորձէին լուծել երգով, պարով, գծագրութեամբ: Ան նշեց, որ հոգեբաններ յայտնած են, որ վերոյիշեալ  տուեալները օգտակար եղած են` բարելաւելու մարդկային հոգեկան վիճակը:

«Արթ թերափի»-էն կ՛օգտուին  հիւանդութիւններէ  ապաքինման շրջանին մէջ եղող, հոգեկան խանգարումներ ունեցող, ինչպէս` անձկութիւն, ջղագրգռութիւն,  եւ ուրիշին նեցուկին պէտք ունեցող անձեր:

Ապա բացատրողականէն գործնականին անցնելով` դասախօսը ներկաներուն բաժնեց թուղթ, մատիտ, ներկեր եւ խնդրեց, որ իւրաքանչիւրը գծէ եւ ներկէ տուն մը, ծառ մը եւ մարդ մը, որովհետեւ գոյներն ալ իրենց հոգեբանական իմաստը ունին: Աւարտին, ան տուաւ գծագրութիւններուն եւ գոյներուն իմաստի մանրամասնութիւնները:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (6 Դեկտեմբեր 1967)

Յաջորդը

Հայ-Իրանական Քաղաքական Մտքի Արգասիքները…

RelatedPosts

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն
Առողջապահական - Բժշկագիտական

Արցունքաբեր Գեղձերու Կազմուածք Եւ Արցունքոտութիւն

March 14, 2025
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.