Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ալիս Ներկիզեան Մանկամսուրի Աշխատակիցներու Վերապատրաստութեան Եւ Առաջին Օգնութեան Դասընթացքներ

October 24, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Աւարտեցաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի «Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրի աշխատակիցներու վերապատրաստութեան հերթական դասընթացքը, որուն նպատակն էր զարգացնել աշխատակիցներուն կարողութիւնները` փոքրիկներու հոգեֆիզիքական դաստիարակութեան մէջ: Աշխատակիցներուն տրուեցան 1-3 տարեկան փոքրիկներու կենսաշարժունակութիւնը զարգացնելուն ուղղուած տարբեր գործունէութիւններ կազմակերպելու վերաբերեալ մեթոտական ցուցմունքներ: Անոնք կատարեցին նաեւ գործնական աշխատանքներ` ամրապնդելու համար հոգատարութեան տեսութիւններուն մասին իրենց ստացած նոր գիտելիքները:

Երեք օրերու վրայ երկարած եւ 9 ժամ տեւած վերապատրաստման դասընթացքը կատարեց Պէյրութի Սեն Ժոզեֆ համալսարանի վերապատրաստութեանց ծրագիրներու աւագ աշխատակից, հոգեշարժութեան մասնագէտ Գալին Լապաքի: Ծրագիրը մաս կը կազմէր նոյն համալսարանին հետ Մեսրոպեանի վարժարանի գործակցութեան ընդհանուր ծրագրին, որ ուղղուած է վարժարանի անձնակազմի եւ աշակերտներու գիտաուսումնական յառաջդիմութեան:

«Ալիս Ներկիզեան» մանկամսուրին մէջ նաեւ տեղի ունեցաւ առաջին օգնութեան վարժողական դասընթացք մը` ղեկավարութեամբ Լիբանանեան կարմիր խաչի մարզիչներուն:

Եօթը ժամ տեւողութեամբ դասընթացքին մասնակցեցան մանկամսուրի անձնակազմի  բոլոր անդամները` անխտիր: Անոր նպատակն էր զարգացնել աշխատակիցներուն կարողութիւնները եւ ամրապնդել անոնց ինքնավստահութիւնը` անսխալօրէն արձագանգելու որեւէ արտակարգ պատահարի, որուն կրնան ենթարկուիլ փոքրիկները մանկամսուրին մէջ գտնուելու պահուն: Դասընթացքին աշխատակիցները փորձարկեցին իրենց ստացած ցուցմունքները, ինչպէս նաեւ ծանօթացան պատահարներ կանխարգիլելու շարք մը կանոններու:

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Փ. Եւ Է. Թորոսեան Վարժարանի Վերամուտի Պաշտամունք

Յաջորդը

Մեսրոպեանի Մէջ Սկսան Գործել Արուեստի Եւ Մարզանքի 20 Խմբակներ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.