Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ապագայ Լրագրողները

October 20, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԱՐԳԻՍ Ն. Գ. ՍԷՖԷՐԵԱՆ

Ի՞նչ պէտք է սորվեցնել մե՛ր «ԱՊԱԳԱՅ ԼՐԱԳՐՈՂՆԵՐ»-ուն:  Ո՞վ պիտի ըլլայ անոնց ուսուցիչը: Որո՞ւ օրինակին պիտի հետեւին անոնք: Ի՞նչ կ՛ակնկալուի անոնցմէ:

Ասոնք պարզապէս հարցումներ չեն, այլ ստո՛յգ մտավախութիւններ մեր առօրեային հետ կապուած` տեղեկագրական լրատուամիջոցներու առնչութեամբ: Թէեւ կասկած չկայ այդ ուսուցիչներուն ունեցած խորունկ գիտութեան մասին, սակայն այն գիտութիւնը, որ անոնք պիտի ուզեն ջամբել մեր մատղաշ սերունդին, որպէսզի անոնք ըլլան մեր ապագայի լրագրողներն ու խմբագիրները, պէտք է ըլլայ ամբողջական: Աւելի պարզ խօսքով, այն հմտութիւնները, որոնք անոնք կ՛ուզեն սորվեցնել նոր սերունդին, պէտք է ըլլան անկողմնակալ ու ճշմարիտ զգեստաւորումով օժտուած եւ ոչ թէ` քողարկուած կամ ուրիշներուն հաճելի թուելու ակնկալութիւններով պայմանաւորուած:

Ճշմարտութիւնը, ի՛նչ ալ որ ըլլայ անոր նպատակակէտը, միշտ ալ հետապնդած է անկէ խուսափիլ փորձող անհատը… Մեղաւորը չ՛ուզեր իմանալ զայն կամ կը փորձէ խուլ ձեւանալ, եթէ նո՛յնիսկ  անոր ձայնը Լոնտոնի Պիկ Պենի ղօղանջին նման ուժգին է եւ զայն լռեցնելը անկարելի` ժամանակէն առաջ:

Ճշմարտութիւնը չիմանալը նեղութիւն եւ ցաւ կը պատճառէ խնդրոյ առարկայ անձին, որովհետեւ անորոշութեան մէջ խարխափելը վրդովեցուցիչ է: Ճշմարտութիւնը իմանալը` նոյնպէս, որովհետեւ ձեռք բերուած արդիւնքը չի համապատասխաներ ակնկալուածին` յաճախ պատճառ դառնալով նոյնիսկ ատամներու կճրտումին` անզօրութեան պատճառով: Իսկ զայն իմանալով հանդերձ,  չկարենալ ելք մը գտնելը` արդար լուծումի մը յանգելու համար, զանգուածին յանձնուիլն է անոր հաճելի թուելու նպատակով, Պիղատոսի նման ձեռքերը լուալով:

Եթէ ճշմարտութիւնը չփոխանցուի հարազատութեամբ, ոչինչ կարելի է փոխել ներկայ կացութենէն: Ունկնդիրը պէտք է իմանայ ամբո՛ղջ իրողութիւնը, որպէսզի գործը ըստ այնմ ընթանայ, եւ նեղութիւն պատճառող ծալքերը հարթուին: Ուրեմն ճշմարտութիւնը ծածկելը մեծ սխալ պիտի ըլլար, որ պիտի խանգարէր հանգոյցը քակելուն: Երբ Մեծն Աղեքսանդր չկարողացաւ քակել Գորդեան հանգոյցը, սուրի մէկ հարուածով կտրեց զայն, այսինքն ան ուժ գործածեց հարցին լուծման հասնելու համար: Այլ խօսքով, երիտասարդ ըլլալուն` ան անզուսպ էր եւ անոր կը պակսէր համբերութիւն: Իր պարագային, իր վարմունքը ոչ մէկ անդրադարձ ունեցաւ ուրիշին վրայ, ոեւէ մէկը վնաս չկրեց: Սակայն, երբ հարցը ժողովուրդի մը ճակատագրին կը վերաբերի, համբերութիւնը կեանք կը պարգեւէ: Ժողովրդային առածը կ՛ըսէ` «Տասը խորհէ, մէկ գլորէ»: Հոս, խոհեմութիւնը պայման է որովհետեւ սխալ քայլ մը կրնայ մեծ աղէտ պատճառել: Բայց եւ այնպէս, ճշմարտութիւնը ծածկելը կամ մեղմասացութիւններով համեմելը համազօր է սխալ արարքի մէջ գտնուողներուն հետ համագործակցութեան, նո՛յնպէս ալ` ճշմարտութիւնը բացայայտել ուզող անձերուն արգելք հանդիսանալը: Թոյլ տուէք այս վերջիններուն, որ իրենց մտածումները կարենան հասցնել հոն, ուր որ պէտք է, որպէսզի ժողովուրդը արթննայ իր թմբիրէն, եւ կեղեքիչները զգաստանան… Ահաւասիկ առաջին դասը, որ պէտք է փոխանցել տալ անվարժներուն` ճշմարտութիւնը բացայայտել քա՛ջաբար… Առա՛նց վերապահութեան:

 

 

Նախորդը

Վերժինի Թուլումեան Կը Ստանձնէ ՀՕՄ-ի Վարիչ-Տնօրէնի Պաշտօնը

Յաջորդը

Մեր Իրագործումները Եւ Խնդիրները -(Բ.) ԼԵՄ-ականները Միշտ Կը Յուշեն…

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.