Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերժինի Թուլումեան Կը Ստանձնէ ՀՕՄ-ի Վարիչ-Տնօրէնի Պաշտօնը

October 20, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը մեծ գոհունակութեամբ կը տեղեկացնէ Վերժինի Թուլումեանին նշանակումը` ՀՕՄ-ի վարիչ-տնօրէնի պաշտօնին: Թուլումեան, Լոս Անճելըսի հայ գաղութին մէջ իր երկարամեայ արդիւնաւէտ գործունէութենէն ետք, այժմ փոխադրուած է Պոսթըն` ստանձնելու համար իր նոր պաշտօնը:

«Ես շատ ոգեւորուած եմ` ստանձնելու իմ աշխատանքը ՀՕՄ-ին հետ», ըսաւ Թուլումեան: «Ահաւասի՛կ, դարէ մը աւելի է, որ` այս հրաշագործ կազմակերպութիւնը կը ծառայէ, կ՛օժանդակէ եւ կը գուրգուրայ հայ ժողովուրդին ու հայրենիքին` միշտ հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան` «Ժողովուրդի՛ս հետ, ժողովուրդի՛ս համար», շնորհիւ իր անձնուէր կամաւորներու բանակին: Ես պատրաստ եմ ՀՕՄ-ի ընկերուհիներուն հետ նորանոր նուաճումներ կատարելու», աւելցուց ան:

Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանը աւարտելէ ետք Վերժինի ստացած է գործարարական կառավարման (Business Management) պսակաւոր արուեստից վկայականը` Վուտպըրի համալսարանէն, նաեւ մարդկային միջոցներու տեսչութեան վկայագիր` Լոյոլա Մերիմաունթ համալսարանէն, իսկ մագիստրոսի վկայականը տեսչութեան եւ ղեկավարման մէջ` Փեփըրտայն  համալսարանէն: Երբ ան Փեփըրտայն կը յաճախէր, մասնակցած է ամառնային ծրագիրի մը` Անգլիոյ «Օքսֆորտ» համալսարանին մէջ եւ խորհրդատու նշանակուած է Լոս Անճելըսի Էն Տակլասի անուան կնոջական հաստատութեան մէջ: Ան վերջերս կը պաշտօնավարէր Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանին մէջ, ուր նաեւ Հայ դատի դասանիւթի ուսուցչուհի էր:

Վերժինի Թուլումեան Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան գործօն անդամ եղած է ու վարած` անոր Կեդրոնական վարչութեան քարտուղարի ու փոխատենապետի պաշտօնները, ինչպէս նաեւ` Կլենտէյլի «Ռուբէն» ուխտի քարտուղարութիւնն ու ատենապետութիւնը: Ան խմբագրած է ՀԵԴ-ի «Հայդուկ» պարբերաթերթը եւ գործօն անդամ է ՀՅԴ-ի «Շանթ» ուսանողական միութեան:

Նախորդը

Նորարարութիւնը Ե՛ւ Հայաստանի Մէջ

Յաջորդը

Մեր Ապագայ Լրագրողները

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.