ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն յայտնեց, որ ոչ ոք կարողութիւն ունի երեսփոխանական ընտրութիւնները արգելակելու կամ անոնց համար ճշդուած ժամկէտը փոփոխութեան ենթարկելու:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերը երէկ ձերբակալեցին սուրիացի Մ. Ռ.-ն, ծնեալ` 1991-ին, որ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ կապեր ունէր:
Ան խոստովանած էր, որ ինք Արսալի մէջ մաս կազմած է ՏԱՀԵՇ-ի ապահովական կազմին եւ անոր տեղեկութիւններ հաղորդած Արսալ մուտք գործող բանակայիններու եւ ապահովական անձնաւորութիւններու մասին:
ԱՆՏԻՈՔԻ եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Ժ. Եազիժի պատրիարքը երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի յայտնեց, որ իրենք խստիւ կը մերժեն Լիբանանի մէջ Հըզպալլայի յատուկ զինեալ ուժերու գոյութիւնը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ յայտնեց, որ նաւթի եւ բնական կազի թղթածրարը միայն իրենց չի վերաբերիր, այլ լիբանանցի նորահաս բոլոր սերունդներուն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ Լիբանան մօտիկ ապագային մաս պիտի կազմէ նաւթ ունեցող երկիրներու ակումբին:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խալետ Տահեր հաւանական նկատեց, որ կառավարութիւնը քայքայուի, Հըզպալլայի դէմ քաղաքական պատերազմ սկսի` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին Մուսթաքպալ հոսանքին հետ ընտրական դաշինք պիտի չըլլայ:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ֆարիտ Հայքալ Խազեն յայտնեց, որ ինք չէ լուսանցքայնացած` աւելցնելով, որ կայ քաղաքական նոր շարժում մը, որ պիտի յայտարարուի յառաջիկայ օրերուն:
«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, պետական ամավարկը խորհրդարանին կողմէ պիտի քննարկուի եւ յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին պիտի վաւերացուի:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ փոխադարձ սպառնալիքներուն պատճառով պատերազմ մը պիտի չբռնկի:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի դէմ բանեցուած ամերիկեան պատժամիջոցները միայն սահմանափակ ազդեցութիւն կրնան ունենալ անոր աշխատանքներուն վրայ:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա շեշտեց, որ Սուրիա կազմ ու պատրաստ կը սպասէ գործակցելու Լիբանանի հետ` սուրիացի տեղահանուածներուն տագնապը լուծելու հարցով:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի երեսփոխան Իմատ Հութ շեշտեց, որ տուրքերու նոր դրութեամբ կարելի պիտի չըլլայ պետական պիւտճէի նիւթական բացը փակել` համատարած մսխումին եւ փտածութեան պատճառով:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ Քլեմանսոյի հանդիպումը քայլ մըն է` ամրապնդելու համար երկրին քաղաքական կայունութիւնը:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՅԻՆ պլոքի կուսակցութեան նախագահ Միրիամ Սքաֆ երէկ այցելեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Սքաֆ Իպրահիմի հետ իր հանդիպումը նկատեց մտահոգութիւնները փարատող հանդիպում:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան տեղեկատուական հարցերու պատասխանատու Ռամի Ռայես շեշտեց, որ Քլեմանսոյի հանդիպումը քաղաքական ոչ մէկ ուժ թիրախ կը դարձնէ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն յեղափոխութիւն մը կատարելու` արտայայտելու համար իրենց վրայ պարտադրուող տուրքերուն դէմ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ հանդիպումը կեդրոնացաւ սիւննի ծայրայեղականներուն դիմադրելու անհրաժեշտութեան վրայ:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ իւրաքանչիւր քաղաքացիի բնակած շրջանին մէջ քուէարկութեան իրաւունքը ջնջելու համար պէտք է քաղաքական համախոհութիւն գոյացնել: Նոյն օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով նախարարական այլ աղբիւրներէ, կը գրէ, թէ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յատուկ նախարարական յանձնախումբը ամիսէ մը ի վեր նիստ չէ գումարած:


