Հարցազրոյցը վարեց` ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Վերջերս Լիբանան այցելեց Գուրգէն Կրեկ Սարգիսեանը, որ հիմնադիր անդամներէն մէկն է «Զօրեան» հիմնարկին, որ հաստատուած է Քեմպրիճ, Մասաչուսեցի մէջ 1982-ին եւ Քանատային մէջ` 1984-ին: «Զօրեան» հիմնարկը տասնամեակներէ ի վեր յատկապէս ցեղասպանագիտութեան մէջ ուշագրաւ նորութիւններ բերած եւ հետազօտութիւններ կատարած է` արխիւային նիւթեր յայտնաբերելու ուղղութեամբ: Գուրգէն Սարգիսեան «Զօրեան» հիմնարկի նախագահն է 1995-էն ի վեր: «Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Գուրգէն Կրեկ Սարգիսեան յայտնեց, որ մեր ժողովուրդին համար կարեւոր է հաստատօրէն հասկնալ` 1948-ի «Ցեղասպանութեան ուխտ»-ի յետադարձ ուժը գործածելու մեր մարտահրաւէրը, եւ փոխարէնը օգտագործելու 1915 թուականի մայիսի 24-ի «Մարդկութեան դէմ ոճիրի» հռչակագիրը, որ յայտարարուած էր օրուան մեծ եւ կարեւոր ուժերու` Մեծն Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ կողմէ, մեղադրելով օսմանեան Թուրքիան (Թուրքիոյ Հանրապետութեան իրաւանախորդը)` մարդկութեան դէմ այս ոճիրին համար:
Ստորեւ` հարցազրոյցին ամբողջութիւնը:
«ԱԶԴԱԿ.».- Ի՞նչ կը նշանակէ պահանջատիրութիւն, ի՞նչ են պահանջատիրութեան իրաւական հիմքերը:
ԳՈՒՐԳԷՆ ԿՐԵԿ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ.- Ցեղասպանութեան ուխտը 1948 դեկտեմբեր 9-ին ընդունուած է եւ իսկական օրէնք դարձած է 1951-ին: Այդ օրէնքի յետկիրարկումը դժուար բան է: Հետեւաբար 1915 թուին տեղի ունեցած կոտորածները չենք կրնար յետադարձ ուժով հաշուի առնել այսօրուան օրէնքներու հիման վրայ. օրէնքի յետադարձ կիրարկում չի կրնար ըլլալ: Սակայն մտաբերենք Նիւրեմպերկի 1945-ի դատավարութիւնը, որուն ընթացքին դատապարտեցին 24 նացի առաջնորդներ, ի՞նչ տեսակ վճիռ արձակուեցաւ եւ այդ վճիռը ինչպէ՞ս յետադարձ կիրարկում ունեցաւ «Մարդկութեան դէմ ոճիր»-ի անուան տակ:
«Ցեղասպանութիւն» բառը քանիցս օգտագործուեցաւ դատավարութեան ընթացքին, բայց չգործածուեցաւ դատավճիռին մէջ, քանի որ 1945 օգոստոսին Միջազգային զինուորական ատեանը որոշած էր յետադարձ ուժով կիրարկել նացիներուն կողմէ կատարուած ոճրագործութիւնները մինչեւ Բ. Համաշխարհային պատերազմի սկիզբը (9/1/1939): Արդեօք կարելի չէ՞ կիրարկել «Մարդկութեան դէմ ոճիր» եզրը 1915 թուականին տեղի ունեցած կոտորածներու իրաւական գործընթացին մէջ: Հարցական է նաեւ այն, որ յետադարձ ուժով կիրարկելու պարագան 30 տարի ետ ալ չե՞նք կրնար տանիլ եւ հասնիլ մինչեւ 1915:
Եթէ մինչեւ 1915 երթանք, արդեօք մեր պահանջատիրութիւնը, փոխանակ Ցեղասպանութեան ուխտին վրայ ըլլալու, «Մարդկութեան դէմ ոճիր»-ի մակդիրին տակ չե՞նք կրնար զետեղել: 1915-ին անգլիական, ֆրանսական եւ ռուսական կառավարութիւնները, որոնք այդ օրերուն ուժի գլխաւոր կեդրոններն էին, անմեղ հայերու նկատմամբ օսմանեան կառավարութեան վատ վերաբերումին մասին հետեւեալ յայտարարութիւնը կատարած էին 1915 մայիս 24-ին:
– «Մօտ մէկ ամիսէ ինչ Հայաստանի թուրք եւ քիւրտ բնակչութիւնը կը կոտորեն հայերը Օսմանեան կայսրութեան իշխանութիւններու համաձայնութեամբ եւ յաճախ նաեւ` աջակցութեամբ:
– Նման կոտորածները տեղի ունեցած են ապրիլի կէսերուն` Էրզրումի, Էտիրնէի, Պիթլիսի, Մուշի, Սասունի, Զէյթունի եւ ողջ Կիլիկիոյ մէջ: Վանի շրջակայքը 100 գիւղերու բնակիչներ սպանուած են:
– Այդ քաղաքի հայկական թաղամասը շրջափակուած է քիւրտերու կողմէ, միաժամանակ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ օսմանեան կառավարութիւնը վատ վերաբերմունք ցոյց կու տայ անմեղ հայերուն հանդէպ:
– Հաշուի առնելով մարդկութեան եւ քաղաքակրթութեան դէմ կատարած Թուրքիոյ այս նոր ոճրային յանցագործութիւնները` դաշնակից պետութիւները հրապարակաւ կը յայտարարեն թրքական կառավարութեան, որ իրենք անձամբ պատասխանատուութեան կ՛ենթարկեն այդ բոլոր ոճիրներուն համար օսմանեան կառավարութեան բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ` անոնց գործակիցները, որոնք մասնակից եղած են այս կոտորածներուն»:
1915 թուականի մայիս 24-ի հռչակագիրը կը դառնայ աւելի՛ կարեւոր` իբրեւ մարդկութեան դէմ ոճիրի արտայայտութիւն, քանի պատմականօրէն անիկա բնորոշուած է իբրեւ ոճիր 1915 թուականին: Ուստի, «Մարդկութեան դէմ ոճիր»-ը կրնա՞յ հանդիսանալ որպէս հզօր գործիք եւ որպէս միջոց` մեր պահանջատիրութեան իրաւական հիմքը դառնալու եւ առաջարկուած հատուցման նպատակին հասնելու համար: Երբ գիտակցինք, որ Ցեղասպանութեան ուխտով չենք կրնար յետադարձ ուժի կիրարկում ունենալ, բայց արդեօք այս հռչակագրումը որպէս պատմական եւ իրաւական փաստ կրնա՞նք օգտագործել:
Գէթ մէկ բան յստակ է, որ այսօր Անգլիան տակաւին կ՛ուրանայ ու չի ճանչնար Ցեղասպանութեան աքթը հայոց դէմ` օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ: Արդեօք ասիկա միջոց չէ՞ Անգլիային ըսելու. «Անգլիա՛, ինչպէ՞ս կ՛ուրանաս այն աքթը, որ դուն կոչած ես «Մարդկութեան դէմ ոճիր». արդեօք ան համապատասխան չէ՞ ցեղասպանութեան աքթին: Դուն հռչակագիրը ստորագրողներէն մէկը չե՞ս, քու սահմանած հարցդ Ցեղասպանութեան ուխտին կողմէ սահմանուած հարցը չէ՞»: Եթէ անձ մը անգլիահպատակ է կրնա՞յ դատավարութեան տանիլ Անգլիոյ կառավարութիւնը` ուրանալուն համար այu սահմանումը, որ համազօր է ցեղասպանութեան սահմանումին:
Շատ կարեւոր է, որ մեր ժողովուրդը լա՛ւ իմանայ, թէ պէտք չէ «Ցեղասպանութիւն» ուխտի բառով միայն ներկայանալ միջազգային հանրութեան` լուսարձակի տակ առնելու, թէ Եղեռնի ոճիրը ինչպէ՛ս եղած է: Կան այլ ձեւեր, որոնք կրնան նոյնքան ի զօրու ըլլալ ու նոյնքան պատասխանատուութեան տակ դնել Թուրքիան, որ հատուցում տայ 1915-ին «Մարդկութեան դէմ ոճիր» գործելուն համար: Օրինականօրէն թերեւս Թուրքիոյ համար աւելի դիւրին ըլլայ ընդունիլ այդ մէկը, քան` Ցեղասպանութեան ուխտի սահմանման տակ դատապարտումը: Ուրեմն, երբ հարց տրուի` իրաւական միջոցառումները ի՞նչ են, մենք պէտք է լա՛ւ իմանանք իբրեւ հայեր` օրէնքի կիրարկման հարցերը, իրաւասութիւնները եւ ըստ այմն դիրքորոշենք մենք մեզ եւ մեր ռազմավարութիւնը պատրաստենք ըստ այնմ:
Ըստ Հռոմի կանոնագրութեան, մարդկութեան դէմ ոճիրի յանցագործութիւնները կը ներառեն նաեւ` սպանութիւն, բնաջնջում, արտաքսում, բնակչութեան բռնի ուժով տարհանում, խումբը քայքայել ցեղային, ազգային եւ կրօնական պատճառներով, որոնք ցեղասպանութեան օրէնքին մաս կը կազմեն, բայց նաեւ` մշակութային եւ սեռական նպատակներով:
Ուրեմն, եթէ առնենք Հռոմի կանոնագրութիւնը, որ կ՛ընդլայնէ մարդկութեան դէմ ոճիրի յանցագործութիւնը, եւ անոր հիման վրայ պահանջատիրութիւն կատարենք, թերեւս աւելի դիւրին պիտի ըլլայ Թուրքիոյ ընդունիլը, քանի որ 1915-ի մեծ ազգերու հռչակագիրը շօշափելի թղթածրար մըն է, որ իր դէմ կը դրուի` 1948 դեկտեմբեր 9-ին ուխտի լոկ մեկնաբանութեան` փոխարէն նոյնիսկ եթէ այս վերջինը ցեղասպանութեան օրէնքի է վերածուած: Երբ թուրքին կ՛ըսես` «Դուն ցեղասպանութիւն գործեր ես», կրնայ պատասխանել` «Ցեղասպանութիւն բառը եւ օրէնքը գոյութիւն չունէին 1915-ին»: Բայց երբ թուրքին ըսես` «Դուն «Մարդկութեան դէմ ոճիր» գործած ես, եւ այն ոճիրը, որ գործած ես, համապատասխան է ցեղասպանութեան աքթին, ահաւասիկ փաստաթուղթը, որ միջազգային ուժերու կողմէ հռչակուած է», մեկնաբանութեան հարց գոյութիւն չ’ունենար:
Այստեղ մէջբերում մը ընեմ հատուցման առնչութեամբ. եթէ նոյնիսկ Թուրքիան ըսէ, որ ինք պատրաստ է ընդունելու իր ոճիրը, ու հաշուենք, որ միջազգային մարմին մը կը հաստատէ, որ, այո՛, այդ մէկը մարդկութեան դէմ ոճիր էր, արդեօ՞ք Թուրքիան պիտի ընդառաջէ այդ հաստատման:
Հոս նկատի ունինք օրինակ մը: Փաստօրէն 2014-ին Կիպրոսը դատի տուաւ Թուրքիան` այն պատճառով, որ 1974-ի յարձակման ժամանակ Կիպրոս վնասներ կրած է, եւ ատեանը որոշեց, որ Թուրքիան 90 միլիոն եւրօ պէտք է վճարէ Կիպրոսին` իբրեւ վնասուց հատուցում: Ահաւասիկ 2017 հասանք, եւ Թուրքիան ո՛չ վնասուց հատուցում տուած է Կիպրոսի, ո՛չ ալ ընդունած է այդ վճիռը, որովհետեւ հոս ուժի յարաբերութիւններն են, որ կը խաղան իրենց դերը:
Այո՛, մենք բարոյապէս յաղթած ենք. Ցեղասպանութեան ուխտի սահմանման տակ օսմանեան Թուրքիոյ ըրած ցեղասպանութեան աքթը անհերքելիօրէ՛ն փաստած ենք: Փաստած ենք նաեւ մտադրութիւնը` ժողովուրդը բնաջնջելու, ո՛չ միայն հայ ժողովուրդը, այլեւ` ամբողջ այսօրուան Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ գտնուող քրիստոնեայ ազգերը: Մօտաւորապէս չորսուկէս միլիոն քրիստոնեայ ժողովուրդ կար Թուրքիոյ մէջ այդ օրերուն: Այսօր հաւանաբար բոլորը միասին 100-125 հազար հազիւ կը հաշուեն:
Հակառակ անոր որ ակադեմական եւ փաստացի ուսումնասիրութիւններով յաղթած ենք` հաստատելու պատմական անհերքելի իրականութիւնը, բայց քարոզչութեամբ իրենք` ուրացողներ, կը յաղթեն, քանի քաղաքական ուժի կեդրոններն են, որ կը խաղան ուժի յարաբերութիւններու իրենց դերը` ունեցած յաւելեալ լծակներով:
Այս դիտարկումները երբեք չեն նշանակեր, որ մենք որպէս ազգ պիտի դադրինք երբեւիցէ Թուրքիայէն պահանջել ճանաչումը օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ կատարուած կամ կիրարկուած 1915-ին ցեղասպանութեան աքթին: Վերջ ի վերջոյ այսօրուան Թուրքիան իրաւական յաջորդն է օսմանեան Թուրքիոյ:
Սակայն, որպէս ամփոփում, հատուցում ստանալու իրաւական պահանջներուն հասնելու նպատակով, յաջողութեան հասնելու յաւակնութիւնը շատ աւելի բարձր ցուցանիշ կրնայ ունենալ, եթէ այդ մէկը կը հաստատուի եւ իրաւական գետնի վրայ պահանջուի «Մարդկութեան դէմ ոճիր»-ի իրաւական սահմանումով ու` 1915-ի փաստաթուղթերու հիման վրայ: Քանի որ «1948-ի Genocide convention»-ին սահմանումը կրնայ կողմերուն միջեւ մեկնաբանութեան մնայուն հարց ստեղծել:
Անկախ վերեւ յիշուած ռազմավարութենէն եւ հատուցման հասնելու ցանկութենէն` հարկաւոր է նաեւ ինքնավերլուծում կատարել, թէ ի՛նչ շահեր կ՛ունենայ Հայաստանը` հետեւելով նման պահանջատիրութեան նախաձեռնութիւններուն, անկախ մեր ունենալիք զգացական եւ հոգեբանական շահերէն: Կարեւոր է յիշել, որ Հայաստանը ունի մեծ բաց` «անվտանգութիւնը» իր բոլոր առումներով ապահովելու մէջ:
Այսօր Թուրքիան կը շարունակէ գործել որպէս կայսերապաշտական ուժ. ի մտի ունի ընդլայնել իր սահմանները Իրաքի, Սուրիոյ մէջ եւ այլուր: Մինչդեռ Հայաստանն ունի անվտանգութեան եւ գոյատեւելու վերաբերեալ լուրջ խնդիրներ եւ մտահոգութիւններ` հաշուի առնելով ժողովրդավարական, ռազմական, տնտեսական, քաղաքական եւ յատկապէս աշխարհաքաղաքական նկատառումներու տարբերութիւն` մեր հարեւան հակառակորդներուն ունեցած լծակներուն:
Այո՛, հարկաւոր է, որ շարունակենք հետեւիլ եւ հետապնդել ճշմարտութեան եւ արդարութեան, բայց ասոնք չըլլան միայն հպանցիկ հայեացք նետելով վերջերս տեղի ունեցած պատմութեան հայելիի մէջ, այլ նաեւ յառաջ նայելով մեր հետագայ զարգացման նպատակակէտին` որպէս ազգ:
«Ա.».- Խնդրեմ` ներկայացուցէք «Զօրեան» հիմնարկը, անոր գործունէութիւնը եւ առաքելութիւնը:
Գ. Կ. Ս..- 1970-ական թուականներու վերջաւորութեան կարգ մը երիտասարդներ, կլանուած շատ մը հարցերով` կապուած իրենց պատմութեան, ինքնութեան եւ իրենց ապագային, որպէս ազգ, եկած էին այն եզրակացութեան , որ վճռական կարիքը կար վայրի մը, ուր կարելի էր մտածել օրուան հայկական իրականութեան մասին քննադատօրէն, գիտական ձեւով, ոչ զգացական մօտեցումով: Այս երիտասարդները 28-30-ի միջեւ տարիք ունեցողներ էին, որոնք խթանուած էին խորունկ մտաւորական մտաուղղութիւններով եւ մանաւանդ իրենց իրավիճակը փոխելու ուժեղ ցանկութեամբ: Անոնք որոշեցին ծրագրել հիմնարկ մը, որ կ՛ապահովէր ազատ, քննադատական մտածողութիւն եւ մօտեցում` այն հարցերուն մասին, որոնք կ՛ազդէին հայկական այժմու վիճակին վրայ: Այս աշխատանքը պէտք էր ըլլար վերլուծողական, գիտական եւ մանաւանդ ակադեմական մասնագէտներու կողմէ, ըլլան անոնք օտար թէ հայ: Ներգրաւելով ժողովուրդը այս աշխատանքին մէջ` աւելի բարձրացնել այն մակարդակը ե՛ւ խօսելու, ե՛ւ սահմանելու, ե՛ւ մանաւանդ արտայայտուելու մեր պատմութեան մասին սեփական մօտեցումով, այսինքն` թոյլ չտալ, որ ուրիշը մեր պատմութիւնը բացատրէ մեզի, թոյլ չտալ, որ յաղթողը գրէ մեր պատմութիւնը, այլ մենք մեր գիտական միջոցներով, ընդունուած, միջազգային ակադեմիայի կողմէ, բացատրենք մեր պատմութիւնը:
Անկասկած այս հիմնարկին կարիքը կար, դժբախտաբար 35 տարուան ընթացքին ո՛չ Հայաստանի մէջ, ո՛չ ալ անկէ դուրս հաստատուեցաւ երկրորդ հիմնարկ մը, որ այս գործով կը զբաղի, որովհետեւ նախ բացարձակ թանկ գործ է, որովհետեւ պէտք է գործակցիլ գիտական մարդոց եւ մասնագէտներու հետ, որոնք թէ՛ սփիւռքագիտութեամբ, թէ՛ ցեղասպանագիտութեամբ եւ մանաւանդ հայկական իրականութեամբ զբաղող մարդիկ պէտք է ըլլան: Մասնագէտ մը հոն հասնելու համար, երեւակայեցէք, նախ պէտք է ունենայ իր դոկտորականը` ցեղասպանագիտութեան կամ սփիւռքագիտութեան մէջ, բայց որպէսզի հմուտ ըլլայ այդ գործերուն մէջ, պէտք է լաւ տիրապետէ թրքերէնին, հին օսմաներէնին, անգլերէնին, գերմաներէնին, որպէսզի կարենայ այդ լեզուներով իր ուսումնասիրութիւնները կատարել:
Կը հաւատամ, որ Ցեղասպանութեան եւ անոր հետեւանք մեր ժողովուրդի աւերները` ըլլան նիւթական, մարդկային, մշակութային թէ ապագայի նկատմամբ, պէտք եղած ձեւով չեն ուսումնասիրուած, ուրեմն պէտք է ուսումնասիրուին. ուր մնաց, որ մեր այսօրուան կեանքը յարատեւ փոփոխութեան մէջ է. այսինքն եթէ մենք նկատի առնենք հայ ժողովուրդի կեանքը անցնող 30 տարուան ընթացքին, պիտի տեսնենք, որ այդ շրջանին մենք ունեցանք երկրաշարժ, Ղարաբաղի շարժում, Ղարաբաղեան պատերազմ, անկախութիւն, մեր գլխաւոր սփիւռքի գաղութներէն` Իրան, Սուրիա, Լիբանան, Իրաք, Եգիպտոս, հայ ժողովուրդը հեռացաւ. այսօր Միջին Արեւելքի հայութեան, ներառեալ` Թուրքիոյ, մօտաւորպէս 65-75 առ հարիւրը հեռացած է, ա՛լ աւելի` հայրենիքէն, եւ եկած են այնպիսի տեղեր, ուր ձուլումը շատ աւելի արագ է: Հայաստանը ձգած է աւելի քան 1.300.000 մարդ, ուրեմն ասոնց ունեցած ազդեցութիւնը, այդ գործօնները, որոնք կ՛ազդեն մեր ժողովուրդի ապագային եւ ներկային վրայ, պէտք է ուսումնասիրուին գիտականօրէն : Հետեւաբար «Զօրեան»-ի պէս հիմնարկ մը կենսական է ու կարեւոր:
«Զօրեան» հիմնարկի գլխաւոր աշխատանքը ըլլալով գիտական` կ՛անցնի հետեւեալ փուլերէն . առաջին` կը սկսի քննարկումով, արխիւային ուսումնասիրութիւններ կ՛ըլլան տարբեր աղբիւրներէ, անոնք կ՛ուսումնասիրուին, կը թարգմանուին, կը մեկնաբանուին. կ՛ընտրուին գիտնականներ, որոնք անոնց մեկնաբանութիւնը կ՛արտադրեն գրութեամբ. այդ գրութիւնները կը վերածուին գիրքերու , որոնք պէտք է խմբագրուին, իսկ ապագային հրատարակուելու համար, ակադեմական գիրքերու հրատարակիչներու կողմէ, պէտք է իւրաքանչիւր գիրքէն 5-6 հարիւր օրինակ գնուի նախքան հրատարակում, որպէսզի իրենք ապահովեն իրենց տպագրական եւ սպասարկման ծախսերը, եթէ գիրքերը չծախուին, այս ծախսը 50-100 հազար տոլար է:
Քննարկումները հիմնուած կ՛ըլլան գլխաւոր երեք նիւթերու վրայ, որոնք ազդած են մեր ժողովուրդի այսօրուան կեանքին վրայ:
Առաջին` ցեղասպանութիւնը, ուրեմն ցեղասպանագէտներու ստուար թիւ մը կ՛ուսումնասիրէ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ոչ թէ միայն` Հայոց ցեղասպանութեան կողմէ դիտուած, այլեւ ցեղասպանութիւնը որպէս երեւոյթ եւ անկէ բխած բաղդատական եւ բազմատեսակ ձեւով` Հայոց ցեղասպանութիւնը այլ ցեղասպանութիւններու հետ, օրինակ` Ողջակիզում, Ռուանտա, Քամպոտիա եւ այլն:
Երկրորդը` սփիւռքագիտութիւնը, քանի որ մեր ժողովուրդին մօտ 7/10 կը բնակի սփիւռքի մէջ, ուրեմն սփիւռքագիտութիւնը մաս կը կազմէ նաեւ մեր ուսումնասիրութեան, անշուշտ միայն հայկական սփիւռքի մասին չէ, որ կ՛ուսումնասիրուի, այլ ընդհահուր սփիւռքներու մասին` որպէս երեւոյթ, թէ ի՛նչ ըսել է սփիւռքեան իրականութիւն, ի՛նչ ըսել է սփիւռքեան ապրում. այս առնչութեամբ «Զօրեան» հիմնարկը կը հրատարակէ պարբերաթերթ մը` տարին երեք թիւով, ամէն մէկ թիւ վեց յօդուածներով. «Սփիւռք» պարբերաթերթը նուիրուած է ինչպէս աւանդական սփիւռքի, այնպէս ալ` հայկական, յունական եւ հրեայ մարդոց պատմութեան, մշակոյթի, ընկերային կառուցուածքի, քաղաքականութեան եւ տնտեսագիտութեան բազմակողմանի ուսումնասիրութեան: Վերջին չորս տասնամեակներու ընթացքին յայտնաբերուած transnational dispersions- «Սփիւռք»-ի խումբերը կազմուած են ափրիկեան, չինական, հնդկական եւ մեքսիքական ամերիկացիներէն` մինչեւ ուքրանական եւ հայիթի-քանատական, քարայիպեան-բրիտանական, անգլիալեզու, ֆրանսերէն եւ այլն: Ուրեմն 1991-էն ի վեր մինչեւ այսօր աւելի քան 540 յօդուածներ հրատարակուած են վաթսունէ աւելի զանազան ազգերու սփիւռքներու մասին, որոնց մօտաւորապէս 10 առ հարիւրը հայ ժողովուրդի մասին նիւթեր են: Անոնք կը տարածուին աշխարհի չորս կողմը, մանաւանդ` համալսարաններուն մէջ, ընդհանրապէս գիտական հրատարակութիւն ըլլալուն` գիտական մարդիկ է, որ կը կարդան: Ուրեմն հայ ժողովուրդի սփիւռքեան կացութիւնը կամ կեցողութիւնը նաեւ կ՛ուսումնասիրուի օտարներու կողմէ:
Երրորդ նիւթը հայրենիքն է. ի՞նչ ըսել է հայրենիք, մեր կապը ի՞նչ է հայրենիքին հետ, մարդիկ, որոնք հայաստանցի չեն եւ Հայաստան չեն ապրած, ի՞նչ կը նշանակէ հայրենիք ըմբռնումը իրենց համար. ի՞նչ է իրենց կապը հայրենիքին հետ, այս բնոյթը նաեւ կապ ունի ուրիշ ազգերու հետ` իրենց հայրենիքին նկատմամբ: Օրինակ` ունինք յունական, հրէական սփիւռքները, որոնք կապ ունին իրենց հայրենիքին հետ. ասոնք դասական սփիւռքներն են, բայց նաեւ կան պասքերը` այսօրուան Սպանիոյ մէջ, որոնք ունին սփիւռք, եւ նոյնիսկ` Սրիլանքան, որ նաեւ ունի սփիւռք եւ որոնք իրենց ուրոյն մշակոյթով ուզեցին իրենց անձնական երկիրը ունենալ:
Ուրեմն, եզրափակելով, հայրենիք, սփիւռք եւ ցեղասպանութիւն` գլխաւոր նիւթերն են, դաշտերն են, որոնցմով «Զօրեան» հիմնարկը կը զբաղի:
Ըսեմ նաեւ, որ որպէս ո՛չ հասութաբեր հաստատութիւն` մենք մեր ժողովուրդի տուած նուիրատուութիւններով կը գոյատեւենք. մինչեւ այսօր 35 տարուան ընթացքին ծախսած ենք 22,5 միլիոն տոլար. այս գումարները կու գան անձերէ եւ հաստատութիւններէ: Այսպիսի գումարներ գործածուելուն պատճառն ալ ապահովուած գիտնականներու եւ մնայուն փորձառու պաշտօնէութեան տարեկան թոշակն է, որ շատ թանկ է, առաւել` թարգմանութեան, խմբագրական, հրատարակչական եւ սպասարկման համար եղած ծախսեր:
Մեր հաստատութեան ընդհանուր տնօրէնը ատենապետ Ռոճըր Սմեցն է, որ աւելի քան 22 տարի մեր տնօրէն-խորհուրդին մէջ է: Ես նախագահն եմ, իսկ օտար գիտնականներու մասնակցութեան պատճառը այն է, որ այս աշխատանքը կ՛ուսումնասիրուի որպէս թեմա. ուստի ոչ հայ գիտնականները կը զբաղին «սփիւռք», «Հայրենիք» եւ «ցեղասպանութիւն» թեմաներով: Առաւել պէտք է միջազգայնացնել եւ դիտել տարբեր քաղաքական, կրօնական, մշակութային, հոգեբանական եւ ընկերային տեսանկիւններէ, որովհետեւ երեւոյթները, որոնք կ՛ուսումնասիրուին, հայկականը մէկ շառաւիղն է անոնց, եւ նիւթերը պայման չէ, որ միայն հայ գիտնականները ուսումնասիրեն:



