Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն մեծ մասը քաջատեղեակ են, թէ Սուրիոյ մէջ իրենց փնտռածը ոչ մէկ այլ երկրի մէջ կրնան գտնել: Ան նկատել տուաւ, որ հազարաւոր սուրիացիներու դեսպանատուն ժամանումը` ընտրութիւններուն մասնակցելու նպատակով, կը փաստէ, թէ անոնք կը փափաքին Սուրիոյ վերադարձնել իր արժանապատուութիւնը եւ վերականգնել Սուրիոյ ապահովութիւնը:
Ալի նշեց, որ կարգ մը սուրիացի տեղահանուածներ անձնական փաստաթուղթեր չունին, եւ այս իրականութիւնը լիբանանեան ու սուրիական կառավարութիւններուն միջեւ գործակցութիւն կ՛ենթադրէ: «Սուրիա կը փափաքի, որ իր բոլոր զաւակները վերադառնան, եւ ատիկա սուրիական իշխանութիւններուն հետ գործակցութիւն կը պահանջէ: Իսկ վերջերս ի յայտ եկած է, թէ Սուրիոյ հետ գործակցութիւնը բացայայտօրէն մերժող կողմերը իրենց յայտարարութեան հակառակ կերպով կը վարուին քուլիսներու ետին, եւ համոզուած են, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յաղթական դուրս եկած է այս պատերազմէն», ըսաւ Ալի:


