Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նախագահ Աուն Հըզպալլայի Գործակալը Չէ, Իսկ Ուաշինկթընը Նեղացնողը Այն Է, Թէ Ան Իրեն Գործակալ Նախագահ Կը Փափաքի Ունենալ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

October 9, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ կէսօրէ ետք Պեքաայի Այն գիւղաքաղաքին մէջ Դիմադրութեան պատասխանատուներէն մէկուն նահատակութեան յիշատակը ոգեկոչելու ընթացքին պատկերասփռուած ճառի մը ընթացքին յայտնեց, որ յաղթանակները նահատակներուն արիւնով է, որ կը կերտուին` աւելցնելով, որ տասնեակ հազարաւոր քիլոմեթրերու վրայ երկարող սուրիական անապատին մէջ նահատակուած հերոսներն են, որոնք ՏԱՀԵՇ-ին յաղթած են:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ին դէմ յաղթանակը միայն զայն ոչնչացնելով կարելի է ապահովել:

Ան շեշտեց, թէ ոմանք կը փափաքին, որ ՏԱՀԵՇ վերաշխուժանայ եւ վերստին բռնագրաւէ  Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիբանանի հողերը: «Միացեալ Նահանգներ այս իմաստով կ՛օժանդակեն եւ կը զօրակցին ՏԱՀԵՇ-ին»,  ըսաւ սէյիտ Նասրալլա:

Ան ըսաւ, որ Հըզպալլա կը փափաքի, որ Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարուին ճշդուած թուականին, ինչպէս նաեւ քաղաքական երկխօսութիւնը շարունակուի կատարեալ հեզասահութեամբ, կառավարութիւնը կատարէ իր աշխատանքները եւ լուծէ երկրին ելեւմտական ու տնտեսական տագնապները, յատկապէս գործադրելով աշխատավարձի յաւելումները:

«Լիբանանի դէմ բարձրացող որեւէ ձեռք պիտի կտրուի, որո՛ւն որ ալ պատկանի ան, իսկ Լիբանանի անդորրը խանգարելու որեւէ փորձ պիտի ենթարկուի ձախողութեան», ըսաւ ան:

«Նախագահ Աուն Հըզպալլայի գործակալը չէ, իսկ Ուաշինկթընը նեղացնողը այն է, թէ ան իրեն գործակալ նախագահ մը կը փափաքի ունենալ», շեշտեց սէյիտ Նասրալլա:

Ան շեշտեց, որ Հըզպալլայի դէմ ամերիկեան  դրամական պատժամիջոցները ոչինչ պիտի փոխեն Դիմադրութեան ուղեգիծէն` աւելցնելով, որ Հըզպալլա կը զօրակցի լիբանանեան այն տեսակէտին, որ Լիբանանի տնտեսութիւնն ու ելեւմտական իրավիճակը պէտք է զերծ կացուցուին Հըզպալլայի դէմ որդեգրուելիք պատժամիջոցներէն:

Նախորդը

Պասիլ Այցելեց Արեւմտեան Պեքաա` Հաստատելով Բնակեցումը Մերժելու Լիբանանի Կեցուածքը

Յաջորդը

Խորհրդարանը Այսօր Պիտի Վաւերացնէ Կառավարութեան Բարեփոխած Տուրքերու Օրինագիծը

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.