Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Այցելեց Արեւմտեան Պեքաա` Հաստատելով Բնակեցումը Մերժելու Լիբանանի Կեցուածքը

October 9, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ այցելեց Արեւմտեան Պեքաա, ուր հանդիպումներ ունեցաւ տարբեր գիւղաքաղաքներու հեղինակութիւններուն հետ, շեշտելով, որ լիբանանեան պետութեան նպատակն է լիբանանցին իր հողին վրայ պահել:

Միւս կողմէ, Խըրպեթ Քանաֆարի մէջ Պասիլ հաստատեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու գաղթակայաններ պիտի չհիմնուին` աւելցնելով, որ սուրիացի քաղաքացիներուն միակ ուղին տունդարձը պիտի ըլլայ:

Պասիլ ընդգծեց, որ Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը կը մերժէ տեղահանուածներուն կամ գաղթականներուն բնակեցումը:

Ռաշայայի մէջ Պասիլ ըսաւ, որ անցնող 11 ամսուան ընթացքին կառավարութիւնը հսկայ նուաճումներ իրագործեց` դիտել տալով, որ այս փուլին ան տնտեսական եւ ելեւմտական ծրագիրներ իրագործելու ուղիին վրայ կը գտնուի:

Պասիլ նշեց, որ իրենք քաղաքական տարբեր ուժերու հետ փոխըմբռնումի համաձայնագիրներ ունին եւ պիտի շարունակեն այդ համաձայնութիւններուն  հիման վրայ ընթանալ: Ան նկատել տուաւ, որ ընտրական հոլովոյթին մէջ իրենց հակառակորդը հայրենիքին մէջ դաշնակից ուժ է, եւ այդ ձեւով է, որ պիտի կարենան կերտել Լիբանանի ապագան:

Ժըպ Ժըննինի մէջ Պասիլ բացումը կատարեց Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նոր մասնաճիւղի մը, ուր ան շեշտեց, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան կանոնագիրին անունը Լիբանան է:

Ան նշեց, որ հակառակ լիբանանցի քաղաքացիին կամքին լիբանանեան հողերուն վրայ ապրող ոեւէ օտար անհատ կը նկատուի երկիրը բռնագրաւող անհատ:

 

Նախորդը

Սարրաֆ. «Նոր Իշխանութիւնը Կրցաւ Մշակել Ընտրական Նոր Օրէնք Մը, Որ Քուէարկողը Կը Մղէ Ազատօրէն Ընտրելու»

Յաջորդը

«Նախագահ Աուն Հըզպալլայի Գործակալը Չէ, Իսկ Ուաշինկթընը Նեղացնողը Այն Է, Թէ Ան Իրեն Գործակալ Նախագահ Կը Փափաքի Ունենալ» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.