Պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Չեխիոյ Ծերակոյտի նախագահ Միլան Շթեխ 4 հոկտեմբերին հանդիպումներ ունեցած է իշխանութեան պետերուն հետ` հաստատելով, որ իր երկիրը հետամուտ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու առաւել զարգացման եւ վստահեցնելով, որ իրենք զէնք չեն վաճառած Ազրպէյճանին:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ հանդիպումին ընթացքին վերջինս յոյս յայտնած է, որ Միլան Շթեխի Հայաստան այցելութիւնը արդիւնաւէտ կ’ըլլայ` ամրապնդելով երկու երկիրներուն միջեւ առկայ բարեկամական յարաբերութիւնները: Հանրապետութեան Նախագահը ընդգծած է, որ Հայաստան Չեխիան կը նկատէ բարեկամ երկիր, վստահելի գործընկեր եւ հետաքրքրուած է համագործակցութեան ամրապնդումով ու տարբեր բնագաւառներու մէջ ընդարձակումով:
Սերժ Սարգսեան դիտել տուած է, որ երկու բարեկամ երկիրները կայուն քաղաքական երկխօսութիւն ունին բոլոր մակարդակներուն վրայ: Ան մեծապէս կարեւոր նկատած է խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը այդ երկխօսութեան շարունակական զարգացման մէջ` նշելով, որ հայ-չեխական յարաբերութիւններու օրակարգի հարստացման ու յառաջ մղումին առումով իր ծանրակշիռ տեղը ունի միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը:
Միլան Շթեխ եւս ընդգծած է, որ Չեխիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձրագոյն մակարդակի վրայ` նկատի ունենալով երկու երկիրներուն բարձր ղեկավարութեան աշխուժ կապերն ու փոխըմբռնումը, ինչպէս նաեւ օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններու արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը: Ըստ անոր, քաղաքական յարաբերութիւններու այս բարձր մակարդակը պէտք է համալրել նաեւ առեւտրատնտեսական աշխուժ կապերով, որոնց առնչութեամբ որոշ աշխատանքներ կը տարուին արդէն: Ան տեղեկացուցած է, որ իր գլխաւորած պատուիրակութեան հետ Հայաստան կ’այցելեն նաեւ չեխ գործարարներ, որոնք հանդիպումներ պիտի ունենան հայ գործընկերներու հետ, պիտի ծանօթանան Հայաստանի տնտեսութեան կարելիութիւններուն եւ շուկայի պահանջներուն:
Չեխիոյ Ծերակոյտի նախագահը յատուկ կերպով անդրադարձած է նաեւ Ազրպէյճանին չեխական զինատեսակի վաճառքի աղմկայարոյց նիւթին` շեշտելով, որ այդ վաճառքը կատարողներուն արտօնութիւն չեն տուած Չեխիոյ իշխանութիւնները, որոնք ներկայիս հետաքննութիւն կը կատարեն` գիտնալու, թէ ինչպէ՛ս տեղի ունեցած է այդ գործարքը:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են նաեւ շրջանային եւ միջազգային արդի խնդիրներու ու մարտահրաւէրներու մասին` շեշտը դնելով արցախեան տագնապի լուծման վրայ: Չեխիոյ Ծերակոյտի նախագահը ընդգծած է, որ իր երկիրը կ’աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերուն եւ համոզուած է, որ անիկա պէտք է լուծուի բացառապէս խաղաղ ուղիով:
Չեխական զէնքերուն` Ազրպէյճանին վաճառքի մասին յայտարարութիւն կատարուած է նաեւ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ Միլան Շթեխի տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին: Ան շեշտած է, որ Չեխիան չէ, որ չեխական զէնքերը վաճառած է Ազրպէյճանին: «Չեխիոյ Հանրապետութիւնը կը յարգէ այն առեւտրական արգելքը, որ դրուած է այդպիսի վտանգաւոր երկիրներու վրայ, եւ չեմ հասկնար` ինչպէ՛ս չեխական զէնքերը հասած են Ազրպէյճան, բայց կը հաւաստիացնեմ, որ Չեխիոյ իշխանութիւններն ու կառավարութիւնը ատոր համաձայնութիւն չեն տուած», հաստատած է ան:
Մ. Շթեխ նաեւ անդրադարձած է Հայաստանի մէջ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ու ժողովրդավարութեան բարձր մակարդակին: «Մենք Հայաստանը կը նկատենք ժողովրդավար երկիր, ուր ազատ, անկախ ընտրութիւններ տեղի կ’ունենան, եւ ուր կայ խօսքի ազատութիւն», ըսած է ան: Չեխիոյ պաշտօնատարը նաեւ կարեւոր նկատած է հայ-չեխական գործարարական հաւաքի բացումը` ընդգծելով, որ հայ-չեխական համագործակցութիւնը կրնայ ծաւալիլ տարբեր բնագաւառներու մէջ եւ նպաստել երկու երկիրներու տնտեսութեան զարգացման:
Չեխիոյ Ծերակոյտի նախագահը հանդիպում ունեցած է նաեւ վարչապետ Կարէն Կարապետեանին հետ, որ դիտել տուած է, թէ Չեխիան Եւրոպայի մէջ Հայաստանի կարեւորագոյն գործընկերներէն մէկն է, եւ Հայաստանը հետամուտ է ընդլայնելու ու խորացնելու համագործակցութիւն` երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափով:
Կարէն Կարապետեան գոհունակութիւն յայտնած է հայ-չեխական քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակէն եւ երկկողմանի գործընկերութեան ծիրին մէջ կարեւոր նկատած է Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութիւնը, մասնաւորապէս` Արեւելեան գործընկերութեան ձեւաչափով: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ նոյեմբերին Պրիւքսելի մէջ ստորագրուելիք Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը որակական նոր մակարդակի կը հասցնէ Հայաստանի գործընկերութիւնը Եւրոպական Միութեան եւ անդամ երկիրներուն հետ:
Վարչապետը անհրաժեշտ նկատած է տնտեսական հարցերով Հայ-չեխական միջկառավարական յանձնախումբի աշխուժ եւ առարկայական գործունէութիւնը: «Թէեւ 2016 թուականին հետ բաղդատած 2017-ին ունինք երկկողմանի առեւտրական շրջանառութեան 60 առ հարիւրի աճ, բայց եւ այնպէս այս թիւերը շատ հեռու են այն ներուժէն, զոր մենք ունինք», ըսած է ան:
Հայաստանի վարչապետը համոզում յայտնած է, որ Երեւանի եւ Փրակայի միջեւ ուղիղ օդային կապի վերականգնումը կրնայ խթանել առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններն ու զբօսաշրջութեան բնագաւառին մէջ գործակցութիւնը:
Վարչապետը բարձր գնահատած է Չեխիոյ խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու տան կողմէ 25 ապրիլ 2017-ին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումն ու Չեխիոյ հաւասարակշռուած դիրքորոշումը Արցախի տագնապի լուծման մէջ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ Եւրոպական Միութեան ընդհանուր դիրքորոշման համահունչ:
Չեխիոյ Ծերակոյտի նախագահը նշած է, որ Չեխիան կը հետեւի Հարաւային Կովկասի քաղաքական իրավիճակին եւ կը փորձէ բոլոր ձեւերով աջակցիլ Հայաստանին` տարբեր բնագաւառներու մէջ բարեփոխումներու իրականացման եւ հետագայ զարգացման նպատակով: Մ. Շթեխ եւս գոհունակութիւն յայտնած է քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակէն եւ անհրաժեշտ նկատած առեւտրատնտեսական կապերու խորացման ուղղութեամբ առկայ ներուժի լիարժէք գործածութիւնը:
Ան համոզում յայտնած է, որ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն նոր համաձայնագիրի ստորագրութիւնը դրական արդիւնքներ պիտի տայ:
Միլան Շթեխը այցելած է նաեւ Ծիծեռնակաբերդ, ուր յայտարարած է. «Ես կը մաղթեմ, որ Հայաստան երբեք նման ոճրագործութիւն, ցեղասպանութիւն չտեսնէ, երբեք ճնշուած չըլլայ: Հայերը շատ ընկերային ու բարեկամական ազգ են եւ արժանի են անկախ ու խաղաղ կեանքի»:
Ան ծաղիկներ զետեղած է անմար կրակին մօտ եւ լռութեամբ յարգած սուրբ նահատակներու յիշատակը, նաեւ այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, ծանօթացած Հայոց ցեղասպանութիւնը հաւաստող փաստաթուղթերուն ու վաւերագիրներուն:
Ան արձանագրած է յուշամատեանին մէջ` յայտնելով, որ հայ ազգը անցեալին շատ կորուստներ ունեցած է եւ աւելցուցած, որ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ բազմաթիւ հայերու հոգիներուն պատմութիւնը ամփոփուած է:





