Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ. Նախագահ Սահակեանը ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Ամերիկացի Համանախագահին Ներկայացուցած Է Սահմանին Տիրող Իրավիճակը

October 5, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 4 հոկտեմբերին ընդունած է նոյն օրը ճանաչողական այցելութեամբ  Արցախ հասած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր նշանակուած համանախագահ Էնտրու Շոֆըրը:

Երկրին ղեկավարը շնորհաւորած է համանախագահը նոր պաշտօնին  նշանակուելու առիթով եւ մաղթած արդիւնաւէտ աշխատանք:

Հանդիպումին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, սահմաններուն տիրող իրավիճակը եւ շրջանային հոլովոյթներուն վերաբերող հարցեր:

Երկուստեք կարեւոր նկատուած է Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ տագնապի խաղաղ լուծման եւ այս ուղղութեամբ հետեւողական աշխատանքներու իրականացման անհրաժեշտութիւնը:

Հանդիպում` Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի Հրամանատարին Հետ

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ 4 հոկտեմբերին Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար, պաշտպանութեան բանակի հրամանատար, զօրավար Լեւոն Մնացականեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի նոր նշանակուած համանախագահ Էնտրու Շոֆըրը:

Հանդիպումին բանակի հրամանատարը շնորհաւորած է ամերիկացի համանախագահը իր պաշտօնին ստանձնման առիթով եւ յաջողութիւն մաղթած իր առաքելութեան իրականացման գործին մէջ: Այնուհետեւ Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարը  անդրադարձած է արցախեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին մէջ տիրող իրադրութեան եւ անկէ բխող զարգացումներուն:

Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահի օգնական Ալամանտա Կրիպին:

Նախորդը

Աղուան Վարդանեանը` Փոխնախարարին. «Արցախին Կը Վերաբերի՞ Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Միացեալ Ուժերու Մասին Համաձայնագիրը»

Յաջորդը

Միլան Շթեխ. «Չեխիոյ Իշխանութիւնները Արտօնութիւն Չեն Տուած Ազրպէյճանին Չեխական Զինատեսակի Վաճառողներուն»

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.