Երէկ ուշ երեկոյեան Սայտայի մէջ բախումներ ծագեցան ելեկտրածին շարժակներու սեփականատէրերու միջեւ: Այս արիւնալի բախումները պատճառեցին 2 զոհ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ: Շուտով զայրացած երիտասարդներու խմբակներ սկսան հրկիզել Շահատէ ընտանիքին պատկանող խանութներ: Նասերական շարժումի ընդհանուր քարտուղար Ուսամա Սաատ կոչ ուղղեց ապահովական կառոյցներուն խստացնելու իրենց միջոցառումները Սայտայի մէջ` պաշտպանելու համար քաղաքացիները եւ անոնց կալուածները:



