Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Պայքարը Պէտք Է Շարունակուի` Վերջնականապէս Տապալելու ՏԱՀԵՇ-ը Եւ Բացայայտելու Անոր Պատասխանատուները» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

October 3, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Աշուրայի առիթով հազարաւորներու քայլարշաւէն ետք Հարաւային արուարձաններու Աշուրայի հրապարակին վրայ զետեղուած հսկայ պաստառի մը ընդմէջէն ուղղեց օրուան պատգամը:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց բռնագրաւուած Պաղեստինի մէջ ապրող հրեաներուն հեռանալու այդ հողերէն եւ ուղղուելու այն երկիրները, ուրկէ եկած են, որպէսզի իրենց անխոհեմ կառավարութեան սանձազերծելիք որեւէ պատերազմի վառելանիւթ չդառնան:

Սէյիտ Նասրալլա անդրադարձաւ նաեւ ՏԱՀԵՇ-ի իրականութիւնը սերտելու կարեւորութեան` հաստատելով զայն ստեղծող, ֆինանսաւորող, զինող եւ կարողութիւններով օժտող պատասխանատուներուն ինքնութիւնը բացայայտելու անհրաժեշտութիւնը:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Եմէնի դէմ սէուտական-ամերիկեան բռնարարքները խիստ մերժելի են` աւելցնելով, որ Պահրէյնի բնակչութեան դէմ բանեցուող անարդարութիւնը դատապարտելի է, իսկ Միանմարի իսլամներուն նկատմամբ զօրակցութիւնը կարեւոր է:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ՏԱՀԵՇ շրջանին եւ մեր պատմութեան մէջ բացայայտուած վատագոյն իրականութիւններէն է: «Պէտք է նկատի ունենալ իսլամութեան դէմ ՏԱՀԵՇ-ի արձանագրած աղաւաղումին եւ չարիքին տարողութիւնը: ՏԱՀԵՇ-ն է, որ Միացեալ Նահանգներու, Իսրայէլի եւ արաբներու թշնամիներուն մեծ թիւով ծառայութիւններ մատուցած է: Հետեւաբար պայքարը պէտք է շարունակուի` վերջնականապէս տապալելու ՏԱՀԵՇ-ը եւ բացայայտելու անոր պատասխանատուները: Անկարելի է ընդունիլ, որ ՏԱՀԵՇ-ի աւարտը լռութեան դատապարտուի, երբ անոր ձեռամբ հարիւր հազարաւոր մարդ սպաննուած է, ինչպէս նաեւ բանակներ ու ժողովուրդներ քանդուած են», հաստատեց սէյիտ Նասրալլա:

Իր խօսքը ուղղելով իսրայէլացիներուն եւ հրեաներուն` սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Դիմադրութեան պայքարը ուղղուած չէ հրեաներուն դէմ, այլ սիոնական շարժումին, որ շահագործեց հրեաները` իրականացնելու համար շրջանին մէջ իր գաղութատիրական ծրագիրը` դար մը առաջ անգլիացիներուն իբրեւ ծառայութիւն, իսկ դար մը ետք ամերիկացիներուն իբրեւ ծառայութիւն:

«Հրեաները պէտք է իմանան, թէ իրենք վառելանիւթ են շրջանին մէջ ամերիկեան քաղաքականութիւններուն ու ծրագիրներուն, որոնք գործադրուած էին շրջանին ժողովուրդներուն դէմ: Իսկ եթէ մեր ժողովուրդները ինքնապաշտպանութեան դիմեն, զանոնք սեմականութեամբ կ՛ամբաստանեն: Իսրայէլի կառավարութիւնը հրեաները դէպի քանդում կ՛առաջնորդէ, որովհետեւ միայն պատերազմ կը ծրագրէ: Ան նախապէս աշխատեցաւ արգիլել հիւլէական համաձայնագիրին ստորագրութիւնը, սակայն ձախողեցաւ, իսկ ներկայիս ամերիկեան վարչակազմին հետ կը ծրագրէ այդ համաձայնութիւնը խոցելու նոր քայլեր, ինչպէս նաեւ շրջանը նոր պատերազմի մղել», ըսաւ ան:

Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շրջանին մէջ, յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ դէմ նոր պատերազմ մը բռնկեցնելու ջանքեր ի գործ կը դնէ` հիմնուելով անճիշդ պատճառաբանութիւններու վրայ: « Սակայն Իսրայէլի կառավարութիւնը յստակ տուեալներ չունի, թէ իր սանձազերծած պատերազմը ո՞ւր կրնայ հասնիլ եւ ի՞նչ աւարտ կրնայ ունենալ», աւելցուց ան:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ եթէ իրաքցիները, սուրիացիներն ու լիբանանցիները իրենք իրենց ուժերուն չվստահէին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին ընթացքին, եւ Իրանի ու Ռուսիոյ նման իսկական բարեկամներու օժանդակութեան չդիմէին` սպասելով ամերիկեան վարչակազմին ու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ Միջազգային դաշինքին, ապա ՏԱՀԵՇ հզօրացուցած կ՛ըլլար իր գոյութիւնը եւ աւելի եւս ընդարձակած իր վերահսկողութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Միացեալ Նահանգներու իսկական ծրագիրը շրջանին մասնատումն է:

Սէյիտ Նասրալլա իր խօսքը եզրափակեց զօրակցութիւն յայտնելով Միանմարի իսլամներուն, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց կասեցնելու Եմէնի դէմ պատերազմը` ընդգծելով, որ Սէուտական Արաբիա Եմէնի մէջ ոչ մէկ նպատակ կրցած է իրագործել:

Նախորդը

Սայտայի Մէջ Ելեկտրածին Շարժակներու Սեփականատէրերուն Միջեւ Բախումները 2 Զոհ Պատճառեցին

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Գումբուրդօ Գիւղի Ս. Համբարձման Եկեղեցու Շուրջ Վէճի Առիթով

RelatedPosts

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին,  Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»
Լիբանանեան

Սպանիոյ Վարչապետի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին, Նախագահ Աուն. «Կը Յուսանք, Որ Սպանիան Եւրոպական Միութեան Հետ Աշխատանք Տանի` Իսրայէլի Վրայ Ճնշում Բանեցնելու»

February 3, 2026
Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք
Լիբանանեան

Հարաւային Լիբանանի Վրայ Իսրայէլեան Օդային Յարձակումներու Շարք

February 3, 2026
Ֆինիւլ. «Ո՛չ Խաղաղապահ Ուժերու  Անվտանգութեան Ոտնահարման»
Լիբանանեան

Ֆինիւլ. «Իսրայէլեան Բանակը Մեզ Տեղեկացուց, Որ Երէկ Կապոյտ Գիծին Մօտ Օդային Գործողութիւն Կատարած Է` Նետելու Համար Քիմիական Նիւթ, Որ Անոնց Խօսքով Թունաւոր Չէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.