Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց օրէնքներու գործադրութեան խորհրդարանական յանձնախումբի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեցին երեսփոխաններ Մոհամետ Քապպանի, Ալի Ֆայեատ եւ Սամեր Սաատէ` նախագահութեամբ երեսփոխան Եասին Ժապերի:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը կը կարգաւորէ պետական հաստատութիւններուն աշխատանքը` ապահովելով ազգային գերագոյն շահերը, ինչպէս նաեւ ամրապնդելով սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը եւ պահպանելով երկրին քաղաքական կայունութիւնը:
Նախագահ Աուն յայտնեց, որ նախագահական պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումը` կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերու ղեկավարներուն հետ, անհրաժեշտ նկատեց, որ խորհրդարանին կողմէ նախապէս տրուած որոշումներն ու օրէնքները արձանագրուին եւ համապատասխան նախարարութեանց միջոցով գործադրութեան դրուին:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ այս իմաստով համաձայնութիւն գոյացած է նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Հանրապետութեան նախագահը ընդգծեց նաեւ, որ երկրին մէջ սկսած բարեկարգումի արշաւը պիտի շարունակուի, իսկ անոր դիմաց ծառացող բոլոր արգելքները պիտի չէզոքացուին:
Նախագահ Աուն հաստատեց նաեւ, որ բարեկարգումը փուլ առ փուլ կը գործադրուի, եւ անոր արդիւնքները ամիսներ ետք կրնան երեւիլ:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար, երեսփոխան Մոհամետ Սաֆատի, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս աշխատավարձի յաւելումներուն ու տուրքերուն վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Սաֆատի նշեց, որ նախագահ Աունի հետ քննարկած է նաեւ Թրիփոլիի եւ ընդհանրապէս հիւսիսային Լիբանանի կարիքները, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:



