Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

September 30, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի յայտնեց, որ ներքին լիբանանեան կացութիւնը, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային իրավիճակը չեն արտօներ, որ կառավարութեան փոփոխութիւն կատարուի: Ան ընդգծեց, որ Լիբանան այս փուլը պիտի դիմագրաւէ նուազագոյն վնասներով:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ գաղթականներու բնակեցումին վերաբերող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի յայտարարութիւնները խիստ մերժելի են:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ, սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին հաստատեց, որ պիտի շարունակեն Դիմադրութեան շարքերուն մաս կազմել եւ մարտեր մղել` նորանոր յաղթանակներ նուաճելու համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ յայտնեց, թէ Սուրիոյ հետ հաշտութեան սկզբունքը, որ կարգ մը քաղաքական ուժերու կողմէ յառաջ կը տարուի, խիստ մերժելի է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ, երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա շեշտեց, որ Հըզպալլա իր կեցուածքները ճակատաբաց կը յայտարարէ սահմանադրական հաստատութիւններուն մէջ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանեան բանակի հրամանատարը Միացեալ Նահանգներ իր կատարած այցելութեան ընթացքին պիտի անդրադառնայ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ բանակին մղած պատերազմին մանրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ պիտի քննարկէ այդ բախումներուն ընթացքին օգտագործուած ամերիկեան զէնքերուն վերաբերող հարցեր:

«ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ» օրաթերթին համաձայն, ոչ ոք կրնայ Լիբանանին բան պարտադրել, յատկապէս ինչ կը վերաբերի գաղթականները կամ տեղահանուածները բնակեցնելու որոշումին: Նոյն օրաթերթին մէջ հաստատուեցաւ, որ բնակեցումի որոշումը գերիշխանական է:

Նախորդը

Միջնորդութեան Առաջարկներ. Ուաշինկթըն Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Էրպիլի Եւ Պաղտատի Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարելու

Յաջորդը

Բանակը Կը Շարունակէ Արսալի Բարձունքները Վնասազերծել Ականներէ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.