Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հրաւէրով, 26-28 սեպտեմբերին Հայաստան կ՛այցելէ Բրիտանիոյ Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու հարցերով պետական նախարար Ալեն Տանքըն:
27 սեպտեմբերին տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Ալեն Տանքըն հաստատած է, որ Բրիտանիա դատապարտած է վայրագութիւններն ու ջարդերը տակաւին հարիւր տարի առաջ: Պատասխանելով այն հարցումին, որ արդեօք կը կարծէ՞, թէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը պիտի կանխէր շարք մը ոճիրներ` Ողջակիզումը, Ռուանտան եւ այսօրուան բազմաթիւ ահաբեկչութիւններ, ան ըսած է. «Մենք եղած էինք առաջիններէն, որոնք դատապարտած են այս ոճիրը տակաւին այն ժամանակ: Ես այցելեցի յուշահամալիրի թանգարան, ինծի համար ատիկա յուզիչ պահ էր: Հոս` Երեւանի մէջ, կան յստակ ապացոյցներ, բրիտանական խորհրդարանի ցուցանմուշներ` հարիւր տարի առաջ մեր կողմէ ջարդերը դատապարտելու վերաբերող», յայտնած է ան:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանն ալ աւելցուցած է, որ 1915 թուականի մայիսին Մեծն Բրիտանիան` Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի հետ, որդեգրած են համապատասխան յայտարարութիւն, որով Հայոց ցեղասպանութիւնը բնորոշած են իբրեւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիր:
Լրագրողները Էդուարդ Նալբանդեանին հարցուցած են քանի մը օր առաջ Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցած Նալբանդեան-Մամետեարով հանդիպման մասին, որմէ ետք ազրպէյճանական կողմը յայտարարած է, որ կ՛աջակցի համանախագահներուն հետաքրքրական առաջարկներուն, արդեօք ի՞նչ են անոնք: «Արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդէն յայտարարած էր, որ Նիւ Եորքի մէջ նախարարները` եռանախագահներուն հետ միասին, խօսած են նախագահներու մակարդակով մօտիկ ապագային հանդիպման կազմակերպման մասին, ինչպէս նաեւ եռանախագահներուն` շրջան այցելութեան վերաբերեալ: Հայաստանի մէջ համանախագահներուն կը սպասենք հոկտեմբերի առաջին կիսուն. իրենք պիտի գան ու նախապատրաստեն նախագահներու հանդիպումը», ըսած է ան:
Խօսելով Հայաստան-Բրիտանիա յարաբերութիւններուն մասին` Ալեն Տանքըն ըսած է, որ Բրիտանիա կ՛ուզէ ընդլայնել Հայաստանի հետ առեւտրաշրջանառութեան ծաւալը, եւ ինք Հայաստան գտնուած ժամանակաշրջանին այդ հարցին գծով քննարկումներ պիտի կատարէ համապատասխան մարմիններուն հետ: «Կան քանի մը մօտեցումներ: Նախ, կ՛ուզենք աշխատիլ Հայաստանի կառավարութեան հետ, որպէսզի այս երկիրը գրաւիչ ըլլայ առեւտուրի համար, քանի որ լաւ գործարար միջավայր ունենալու պարագային ներդրողները կը սկսին հետաքրքրուիլ եւ գալ տուեալ երկիր: Կայ լաւ քայլ մը, որ դուք կը փորձէք առնել: Ատիկա Արդիւնահանող ոլորտներու թափանցիկութեան նախաձեռնութեան միանալու հոլովոյթն է, կ՛ակնկալէք յառաջիկայ տարի արդէն իսկ միանալ: Ասիկա աշխարհին ցոյց կու տայ, որ յատկապէս հանքարդիւնաբերական բնագաւառին մէջ դուք շատ բարձր չափանիշ պիտի ունենաք, ինչ որ շատ բարենպաստ պիտի ըլլայ»: Անոր համաձայն, արդէն իսկ նշանակած են առեւտուրի ներկայացուցիչ, որ Հայաստան պիտի գայ, ուսումնասիրէ այս բնագաւառը եւ Հայաստանէն տեղեկատուութիւն ու գաղափարներ պիտի տանի Բրիտանիա, թէ` ինչպէ՛ս կարելի է այստեղ ներդրումներ կատարել:
Ալեն Տանքըն յոյս յայտնած է, որ Հայաստանի հետ համագործակցութիւնը կ՛ընդարձակուի տարբեր բնագաւառներուն մէջ` առեւտուր, քաղաքական երկխօսութիւն եւ այլն: Ան նշած է, որ Հայաստան բերած է վարչապետ Թերեզա Մէյի բարեմաղթութիւնը, ինչպէս նաեւ պատգամ մը, որուն համաձայն, Բրիտանիա պիտի հեռանայ Եւրոպական Միութենէն, սակայն ո՛չ Եւրոպայէն, ո՛չ ալ` աշխարհէն: «Մենք պիտի շարունակենք լիակատար դերակատարութիւն ունենալ միջազգային բեմահարթակի վրայ` ՄԱԿ-ի, ԵԱՀԿ-ի, ՕԹԱՆ-ի միջոցով եւ յատկապէս հետաքրքրութիւն պիտի ցուցաբերենք աշխարհի այս շրջանին նկատմամբ` պաշտպանութեան, անվտանգութեան եւ առեւտուրի բնագաւառներուն առնչուող», նշած է ան:
Նոյն օրը Բրիտանիոյ Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու հարցերով պետական նախարար Ալեն Տանքըն հանդիպում ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ, որ շեշտած է, թէ Հայաստան մեծապէս հետաքրքրուած է Բրիտանիոյ հետ միջպետական յարաբերութիւնները խորացնելու: Ըստ անոր, դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն անցած են 25 տարիներ, սակայն երկու երկիրներուն միջեւ առկայ համագործակցութեան ներուժը տակաւին լիարժէքօրէն չէ օգտագործուած` յոյս յայտնելով, որ հայ-բրիտանական միջպետական յարաբերութիւնները որակական նոր մակարդակի կը բարձրանան:
Ալեն Տանքըն եւս յայտնած է, որ իր երկիրը փափաք ունի զարգացնելու եւ ամրապնդելու Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները` ընդգծելով, որ Բրիտանիա պատրաստակամ է օժանդակութիւն տրամադրելու Հայաստանի կառավարութեան` երկրի տնտեսութեան առաջնահերթութիւններէն մեկնելով զայն օգտագործելու համար: Ան յոյս յայտնած է, որ երկկողմանի ջանքերով փոխադարձ գործակցութիւնը զարգացնելու շնորհիւ պիտի աւելնան առեւտրաշրջանառութեան ծաւալները Հայաստանի եւ Բրիտանիոյ միջեւ: Ան շեշտած է, որ իրենք բարձր կը գնահատեն Հայաստանի մէջ կատարուած սահմանադրական բարեփոխումները:



