Բանաստեղծուհի
Ալիսիա Կիրակոսեան
Ալիսիա Կիրակոսեան, որ արդէն յայտնի գրական անուն մըն է Արժանթինի եւ Հարաւային Ամերիկայի երկիրներուն մէջ, ուշագրաւ դէմք մը կը դառնայ նաեւ իտալական գրականութեան մէջ:
Երիտասարդ բանաստեղծուհիին վերջին գործը` «Էութիւն եւ կէտադրութիւն» անունը կրող բանաստեղծութեան հատորը թարգմանուած է իտալերէնի: Գիրքը նկարազարդած են հինգ նշանաւոր նկարիչներ, որոնցմէ մէկը` աշխարհահռչակ Փիքասօ:
Նկարիչները որոշած են ցուցահանդէս մը կազմակերպել Միլանոյի մէջ, Ալիսիայի գիրքին առթիւ: Ցուցահանդէսը կը բացուի սեպտեմբեր 27-ին: Ալիսիան հրաւիրուած է ներկայ ըլլալու այս հանդէսին, ուր նկարիչները պիտի ստորագրեն ծախուած օրինակները: Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մէկ ամիս:
Հայաստանի մէջ ալ հետաքրքրութիւն կայ դէպի Ալիսիայի գրականութիւնը, եւ թերեւս անոր ամբողջական գործը հայերէնի թարգմանուի եւ հրատարակուի:
Բանաստեղծուհի Ալիսիայի միջազգային արժեւորումը ուրախութեամբ կը դիմաւորէ հայ մամուլը:
Ակնարկ
Աղօթքը
Թուրքիոյ վարչապետ Սիւլէյման Տեմիրել եւ իր հետեւորդները, որոնք նախընթաց գիշեր, ուշ ատեն, ժամանեցին Ուզպեքիստանի մայրաքաղաքը` Թաշքենդ, երէկ առտու այցելեցին ուզպեքական հանրապետութեան կին նախագահ Եատիկեար Սատըք Նասրէտտինովայի, որ ջերմագին ընդունելութիւն մը ըրաւ եւ պատուասիրեց զիրենք:
Տեմիրել եւ շքախումբը ապա այցելեցին Սամրղանդ, Լենկթիմուրի գերեզմանը, որուն առջեւ աղօթեցին:
Անատոլու
Գործակալութիւն
(24 սեպտեմբեր)
Ցեղային իրենց նկարագրին հաւատարիմ մնալու բծախնդրութեա՜ն մէջ թուրքերը կը թուի, թէ զարմանալու տակաւին շատ առիթներ պիտի տան աշխարհին:
Նոյնիսկ` մեզի, երբ մենք շատոնց դադրած պէտք էր ըլլայինք զարմանալէ` թրքական «բարիքներուն» լրի՜ւ վայելքէն ետք:
Բայց այսպէս է: Թուրքիոյ վարչապետը խորհրդային ընկերվարական Ուզպեքիստանի կին նախագահէն ետք, իր երկրորդ այցելութիւնը տուած է գերեզմանի մը, ուր դարեր առաջ թաղուած է պատմութեան մեծագոյն ճիւղաներէն մէկը, որուն անունը սարսափով կը լեցնէ մարդոց սիրտը, նո՛յնիսկ այսօր, եւ փոխաբերաբար կը գործածուի յատկանշելու համար այն, ինչ որ անմարդկային է, հրէշային ու գեհենական:
Այցելե՜լ նման ճիւաղի մը գերեզմանը, աղօթե՜լ վրան: Միայն թուրքը ատակ է այսպիսի երկիւղա՜ծ յարգանքի, վարչապետ ըլլայ թէ յետին քաղաքացի:
Կը մնայ գիտնալ, թէ ի՛նչ ըսաւ Տեմիրել իր աղօթքի մէջ:
Լենկթիմուրի յիշատա՞կը օրհնեց, թէ՞ ուխտեց հաւատարիմ մնալ թրքութեան առհաւական «առաքինութեան»` յաւերժացնելու համար լենկթիմուրեան ոգին, որ իր շօշափելի արտայայտութիւնը գտաւ 1915-ին, թալէաթներու նախահօր երանի տալու աստիճան վայրագութեամբ:
Հաւանաբար` թէ՛ մէկը, թէ՛ միւսը:
Թալէաթի արձա՛նը վկայ:
X.
Les Grandes Dames
«Հայրենիք» օրաթերթին մէջ հրատարակութեան տուած իր մէկ յօդուածով Արմէն Նայիրի ընթերցողին կը հաղորդէր Ս. Կապուտիկեանին ուղղած հետեւեալ հարցումը եւ անոր պատասխանը.
– Իրա՞ւ է որ ձեր որդին հայերէն չի խօսիր:
– Այո՛:
– Ինչպէ՞ս… Կարելի՞ բան է:
– Է՜հ, ի՛նչ արած, նա փոքր հասակից ռուսական դպրոց է գնացել:
«Թէ մօրդ անգամ մտքիցդ հանես, քո մայր լեզուն չմոռանաս», կտակած էր Ս. Կապուտիկեան իր որդւոյն բայց անհաւատալի թուող այս իրականութիւնը կը հաստատէ, թէ ե՛ւ կտակարանը ե՛ւ ժառանգորդը հաւատարիմ չեն մնացած բազմահազար ընթերցողներու «Հայ Մեր»-ը դարձած բանաստեղծութեան ոգիին: Մայրը մոռցած է տղան ու տղուն ըսուածը, տղան մոռցած է մայրը եւ մօրմէն լսածը, եւ երկուքը միասին մոռցած են մօրմէն ու որդիէն վեր դասուած մեծասքանչ գանձը:
«Խօսք իմ որդուն»-ը գրուած է Երեւանի մէջ եւ ենթադրելի է, որ մայրենի լեզուն հարուածող երեւոյթներէն յառաջացած տագնապ մը կ՛ապրէր հեղինակը, եւ ռուսական դպրոցին այլասերող ներկայութիւնը կիրքի զանցառելի բաժին մը չէր դրած մէջը, երբ կը շաղաշէր որդւոյն ուղղուած մայր լեզուի բաբախուն պատգամը: Ռուսական դպրոցը չէ հայացած, բայց կը թուի, թէ անոր դէմ ծառանալու բանաստեղծուհիին կորովը նախկին թափը չի պահեր: Ամէն պարագայի, մեր հայրենիքի պորտին վրայ քաղքենիական հով մը սկսած է փչել, եւ հայ մայրն ու բանաստեղծուհին, հայ մօր բնազդն ու ժողովուրդին տոհմիկ ապրումները դրսեւորելու եւ հունաւորելու փոխարէն, կրան տամ կը խաղան` դառնալով ի վերջոյ խօսքին ու իրականութեան միջեւ ստեղծուած անջրպետին եղերական խորհրդանիշները:
Բացառելով ու յարգելո՛վ Եւրոպայի եւ Ամերիկայի հայութեան պարզած պատկերները` պիտի ըսէինք, որ ախտագին այս հոգեբանութենէն զերծ չէ նոյնպէս սփիւռքը: Մեր մէջ եւս, հայկական վարժարաններու լայն ցանցէն քի՛չ մը անդին, ծաղկած է ու մեծ յարգ կը վայելէ լըվանթենիզմը, որ կրան տամերու նախաձեռնութեամբ եւ խոնարհ տղամարդերու խոնարհակա՛ն կամակատարութեամբ, առաջ կը տարուի եւ կը սպառնայ մեծ չափերու հասնիլ:
Մեր մայրերը, աննկարագրելի պայմաններու տակ, աքսորի մէջ, աւազներու վրայ ուսուցին մայրենի լեզուն, իսկ կրան տամերը, հոս եւ հայրենիքի մէջ, անըմբռնելի օտարամոլութեան մը կեր կը դարձնեն մեսրոպաշունչ եւ աստուածահաճոյ մեր սրբութիւնը: Ափսո՛ս:
XX
