«Զօրեան» գիտահետազօտական հիմնարկի նախագահ Գուրգէն Կրեկ Սարգիսեան նախանցեալ օր այցելեց «Ազդակ» եւ տեսակցեցաւ տնօրէնութեան հետ: «Զօրեան» հիմնարկը տասնամեակներէ ի վեր յատկապէս ցեղասպանագիտութեան մէջ ուշագրաւ նորութիւններ բերած եւ հետազօտութիւններ կատարած է յատկապէս արխիւային նիւթեր յայտնաբերելու ուղղութեամբ:
«Զօրեան» հիմնարկին կապուած են ակադեմական միջազգային հանրութեան ծանօթ անուններ, ցեղասպանագէտներ, արխիւագէտներ, գիտնականներ: «Զօրեան» հիմնարկի գործունէութեան «Ազդակ» կ՛անդրադառնայ տակաւին:
Գուրգէն Կրեկ Սարգիսեանի հետ տեղի ունեցած շահեկան զրոյցը կը վերաբերէր նաեւ Հայաստան- Սփիւռք 6-րդ համաժողովի ընթացքին արծարծուած հարցերուն եւ յատկապէս հայ մտաւոր ներուժի գործունէութիւնը նպատակաուղղուած արդիւնաւորելու ռազմավարական խնդիրներուն:



