Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Այսօր Պիտի Գումարէ Իր Նիստը, Մինչ Աշխատաւորները Կը Գործադրեն Բաց Գործադուլն Ու Բողոքի Նստացոյցը

September 26, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սահմանադրական խորհուրդին կողմէ տուրքերու վերաբերող օրէնքը բեկանելու որոշումը քննարկելու նպատակով կառավարութիւնը այսօր կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ պիտի գումարէ արտակարգ նիստ մը` նախագահութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Հարիրի հաստատեց, որ առաջնահերթութիւնը պետական ամավարկը վաւերացնելու եւ աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու մէջ կը կայանայ:

Ան ընդգծեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը անհրաժեշտ է:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կառավարութենէն պահանջեց գործադրել աշխատավարձի յաւելումներուն օրէնքը:

Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ նախարարութիւնը պետական պաշտօնեաներու ամսական աշխատավարձի ցուցակները պատրաստած է ներառելով յաւելումները` յանձնառու մնալով խորհրդարանին վաւերացուցած յաւելումներու օրէնքին:

Այսօր` Բաց Գործադուլ Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, թէ այսօր բաց գործադուլի օր է` շեշտելով, որ կառավարութիւնը պատասխանատու է լուծելու տուրքերուն հարցը` մշակելով հարկերու յատուկ այնպիսի դրութիւն մը, որ կը համապատասխանէ աղքատ ու միջին դասակարգի քաղաքացիներուն եկամուտին:

Ասմար կոչ ուղղեց անմիջապէս գործադրելու աշխատավարձերու յաւելումը` առանց աւելորդ պատճառաբանութիւններու:

Լիբանանեան պետական վարժարաններու երկրորդականի ուսուցիչներու լիկայի վարչութիւնը կոչ ուղղեց մասնակցելու դասադուլին, ինչպէս նաեւ Ռիատ Սոլհի հրապարակին վրայ տեղի ունենալիք բողոքի նստացոյցին, որ պիտի կատարուի նախարարաց խորհուրդի նիստին զուգահեռ:

Լիկայի նախագահ Նազիհ Ժըպպաուի յայտնեց, որ իրենց յայտարարած գործադուլին օրերը կը ճշդէ կառավարութիւնը, այսինքն` գործադուլը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ ամսական աշխատավարձերը` յաւելումներով միասին ստացուին:

Սեփական դպրոցներուն մէջ պաշտօնավարող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Ռուտոլֆ Ապպուտ շեշտեց, որ դպրոցներուն 90 առ հարիւրը երէկուան ընդհանուր գործադուլին մասնակցած է` փակ մնալով: Ան նշեց, որ իրենց որդեգրած այս որոշումը ծնողներուն եւ դպրոցներուն դէմ կեցուածք մը չէ, այլ` ձեռք ձգուած իրաւունքին տէր կանգնելու քայլ մը:

Նշենք, որ երէկուան ընդհանուր գործադուլին իրենց մասնակցութիւնը բերին Նապաթիէի, Հասպայայի, Սուրի, Աքքարի, Քուրայի, Զղարթայի, Պաալպեքի եւ այլ շրջաններու պետական բոլոր հաստատութիւնները, ինչպէս նաեւ պետական բոլոր դպրոցները:

Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդին ուղղած գործադուլի կոչին յանձնառու մնացած են պետական բոլոր դպրոցները, ինչպէս նաեւ սեփական դպրոցներուն մէկ մասը:

Գործադուլին հետեւեցան նաեւ կրթութեան, հաղորդակցութեան միջոցներու եւ տեղեկատուութեան նախարարութիւնները:

 

Նախորդը

«Սովորական Անձնաթուղթի Կամ Անցագիրի Հիման Վրայ Երեսփոխանական Ընտրութիւն Կատարելը Զայն Յետաձգելէն Շատ Աւելի Լաւ Է» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

Յաջորդը

Էլիզէի Պալատին Մէջ. Մաքրոն Ընդունեց Նախագահ Աունը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.