Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ «Թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն» կազմակերպութիւնը ներկայացնող պատուիրակութեան մը հետ: Պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Էտուարտ Կապրիէլ, իսկ հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նախագահ Աունի ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնն ու Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Քարլա Ժազզարը:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-ամերիկեան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ այդ յարաբերութիւնները բարելաւելու իմաստով կազմակերպութեան ունենալիք դերակատարութիւնը:
Պատուիրակութիւնը դրուատեց լիբանանեան բանակին իրագործած նուաճումը, ինչպէս նաեւ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան յաջողութիւնն ու անոր ունեցած դրական ազդեցութիւնը քաղաքական մարզին մէջ գործող ամերիկացի անձնաւորութիւններուն վրայ:
Նախագահ Աուն դրուատեց «Թասք ֆորս ֆոր Լեպանոն»-ի գործունէութիւնը` լիբանանեան-ամերիկեան յարաբերութիւնները ամրապնդելու, լիբանանեան պետական կեցուածքները ամերիկեան վարչակազմին փոխանցելու, ինչպէս նաեւ ամերիկացի պետական պաշտօնատարներու եւ քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ գործակցելու իմաստով:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ լիբանանեան բանակը կարողութիւն ունի ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու` աւելցնելով, որ բանակին հասած օժանդակութիւնները կարեւոր են` իր առաքելութիւնը շարունակելու համար:
Նախագահ Աուն շեշտեց, թէ Լիբանանի կացութիւնը լաւ է` ընդգծելով, որ ինք կառչած պիտի մնայ բարեկարգումներ իրագործելու եւ փտածութեան դէմ պայքարելու իր ուղեգիծին: «Փտածութեան վերջ մը կարելի չէ դնել ինը ամսուան իշխանութեան ընթացքին, սակայն աշխատանքը պիտի շարունակուի», ըսաւ ան:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Նիւ Եորքի լիբանանեան գաղութի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կրցած է իր ժողովուրդին գիտակցութեամբ դիմագրաւել դժուարութիւնները, հարցերն ու ցնցումները, որոնք հարուածած են տարբեր շրջաններ: Ան ընդգծեց, որ քաղաքական տարակարծութիւնները պէտք չէ լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը փճացնեն` աւելցնելով, որ այդ տարակարծութիւններուն քաղաքական մարզին մէջ սահմանափակումին պատճառով կարելի եղած է կանխարգիլել ապահովական բախումները, ինչպէս նաեւ գործել ի խնդիր Լիբանանին եւ անոր բարգաւաճման:


