Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Չխեղաթիւրել Ցաւոտ Իրականութիւնը

August 22, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽԱՉԻԿ ԽԱՉԵՐԵԱՆ

Զբօսաշրջութիւնը Հայաստանի մէջ աննախադէպ աճ կ՛արձանագրէ այս տարի: Տարբեր երկիրներէ մեծ թիւով սփիւռքահայեր կ՛այցելեն Հայաստան ու կը լեցնեն Երեւանի արդէն անհամար «քաֆէ-ռեստորանները»: Հանրապետութեան հրապարակ,  Հիւսիսային պողոտայ, Քասքատ, մինչեւ առաւօտեան վաղ ժամերը մարդիկ կը ճեմեն, կը զրուցեն, կը խմեն: Օգոստոսեան տաք օրերուն կեանքը կ՛եռայ հայրենիքի մէջ…

Դրական է երեւոյթը` թէ՛ սփիւռքահայերու հայրենիքի հետ շփուելու առումով, թէ՛ երկրի տնտեսութեան օժանդակելու դիտանկիւնէն: Բայց, եկէք, եռամսեայ քերմեսային այդ մթնոլորտով չսահմանենք Հայաստանը, որովհետեւ հոն առկայ է անկէ շա՛տ աւելին, նոյնի՛սկ եթէ շատերուս համար բաղձալի չէ զանոնք տեսնել: Բաղձալի չէ, որովհետեւ մենք` արտերկիր ապրող սփիւռքահայերս, դժբախտաբար զբօսաշրջիկներ ենք դեռ հոն, իսկ մարդիկ զբօսաշրջութեան կ՛երթան խուսափելու համար առօրեայ հոգերէն, ոչ թէ` նորեր կուտակելու անոնց վրայ: Ամբողջ տարուան տքնաջան աշխատանքէն ընդմիջում մը առած, կ՛ուղղուինք Հայաստան` հանգիստ շունչ մը քաշելու ու յագուրդ տալու մեր ֆիզիքական ու զգացական պէտքերուն, թէկուզ եւ` մէկ-երկու շաբթուան համար: Կ՛երթանք` այցելութիւններ կատարելու, հանգստանալու, զուարճանալու, հետեւաբար եւ չենք ուզեր առնչուիլ երկրի ցաւոտ իրականութիւններուն հետ: Չենք ուզեր լսել` արդէն տարիներէ ի վեր ահագնացող արտագաղթին մասին, միջին խաւէ զրկուած ժողովուրդի թշուառութեան մասին, փտածութեամբ առլցուն պետական համակարգի մասին, օլիկարխիք իշխանութիւններու չարաշահումներու մասին, չենք ուզեր լսել` քաղաքական բանտարկեալներու մասին, թիթեղաշէն տնակներու մէջ ապրող Ողիմպիական մետալակիրներու մասին, սահմանի վրայ արձանագրուող շաբաթական զոհերու մասին…

Բայց իրականութիւններէ խուսափումը մէկ բան է, անոնց խեղաթիւրումը` ուրիշ: Այս գծով, էապէս սին ու դատարկ է ամրան Երեւանի մէջ տիրող տօնական մթնոլորտէն բխած այն տպաւորութիւնը, թէ հայրենիքը բարգաւաճման հոլովոյթ մը կ՛ապրի, որովհետեւ լեցուն «քաֆէ-ռեստորաններով» հայրենիք չի կառուցուիր, չի բարգաւաճիր: Անոնք միայն առժամաբար կրնան մոռացութեան մատնել հայ կեանքին առջեւ ծառացած այն ծով խնդիրները, որոնց մէջ խեղդուած ենք ազգովին, արդէն` երկար ժամանակէ ի վեր:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Օգոստոս Գ. – Գաղափարով Սնանող Յանդգնութիւն

Յաջորդը

Յիշիր Եւ Ապրիր, Յիշիր Եւ Արարիր…

RelatedPosts

Աշունը Գլուխը Երկարեց
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.