Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Մէկ Հարց Ունին` Կանխել Զինուորական Հաւանական Զարգացումները» Կ՛ըսէ Շաւարշ Քոչարեան

August 11, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան նշած է, որ երբ Ռուսիոյ տնտեսութեան մէջ տեղի կ՛ունենան բացասական երեւոյթներ, ատիկա իր անդրադարձը կ՛ունենայ բոլոր դրացիներուն վրայ, ներառեալ Հայաստանը:

«Երբ Ռուսիոյ մէջ ճգնաժամ եղաւ, ատիկա անդրադարձ ունեցաւ թէ՛ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ Հայաստանի վրայ, թէ՛ ոչ անդամ Ազրպէյճանի վրայ, թէ՛ դէպի Եւրոպական Միութիւն գացող Վրաստանին վրայ: Այդ տեսակէտէն բոլորին համար ակնյայտ է, որ այդ պետութիւնները տարբեր ձեւերով կախուած են Ռուսիայէն», ըսաւ Քոչարեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կարելի չէ՞ չէզոքացնել վտանգները, ան պատասխանեց, որ Ռուսիոյ դէմ Արեւմուտքի կիրարկած պատժամիջոցներուն նկատմամբ Հայաստանը ազդեցութիւն չի կրնար ունենալ: «Մեր ընդհանուր տնտեսական քաղաքականութիւնը հետեւեալն է` եղած տնտեսական կապերը խորացնել եւ ստեղծել նոր տնտեսական կապեր, նոր յարաբերութիւններ: Իսկ անոր համար արդէն կան թիրախաւորուած տարբեր երկիրներ: Բոլորին հետ, որուն որ ձեռնտու է, պէտք է յարաբերինք տնտեսական առումով», եզրափակեց Քոչարեան:

Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները ղարաբաղեան տագնապին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ այսօր մէկ հարց ունին` կանխել զինուորական հաւանական զարգացումները:

«Անոնց թիւ մէկ հարցը այն է, որ զինուորական լարուածութեան աստիճանը նուազի», ըսաւ ան, ապա աւելցուց, որ համանախագահները կեդրոնացած են այս հարցին վրայ:

Քոչարեանի համաձայն, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու միւս առաքելութիւնը` նպաստել, որ կողմերը գան ինչ որ համաձայնութեան, չ՛իրականացուիր: «Անոնք շատ լաւ կը հասկնան, որ այս հարցին մէջ որեւէ յառաջընթացի մասին կարելի չէ խօսին, եւ անոր պատճառը Ազրպէյճանն է` իր քաղաքականութեամբ», ընդգծեց Քոչարեան:

 

Նախորդը

Հայկական Գերեզմանատան Վրայ Արտաքնոց Կառուցելու Հարցը Թուրքիոյ Խորհրդարան Կը Հասնի

Յաջորդը

Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Մասնակցի Ասորիներու Յիշատակի Օրուան Ոգեկոչման

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.