«Էրմենիհապեր» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր` Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը, իշխանութիւններէն բացատրութիւն պահանջած է Վանի Արտամէտ շրջանի հայկական գերեզմանատան վրայ հանրային արտաքնոցներ եւ հանդերձարաններ կառուցելու ծրագիրին վերաբերեալ:
Իշխանութիւններուն տարած այս գործողութիւնը խիստ քննադատութեան արժանացած է քեմալական կուսակցութեան Իզմիրի երեսփոխան Մուրատ Պաքանի կողմէ, որ հարցը հասցուցած է խորհրդարան:
Ըստ թրքական «Պիրկիւն» թերթի կայքին, Պաքան մշակոյթի նախարար Նուման Քուրթուլմուշէն եւ քաղաքաշինութեան նախարար Մեհմետ Էօզհասեքէն պատասխան ստանալու ակնկալիքով գրաւոր հարցադրում կատարած է` խորհրդարանին խողովակով:
Քուրթուլմուշին ուղղուած հարցադրումին մէջ նշուած է, թէ արդեօք Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարութիւնը արտօնութիւն շնորհա՞ծ էր արտաքնոցներ կառուցելու վայրի մը մէջ, ուր, գիտնականներու գնահատումով` պատմական արժէք ունեցող նիւթեր կան, իսկ եթէ այդ հարցադրումին պատասխանը բացասական է, արդեօք հետաքննութիւն սկսա՞ծ է այն պաշտօնատարներուն դէմ, որոնք արտօնած են այս ծրագիրին իրականացումը:
Նշենք, որ այդ տարածքին մէջ կը գտնուի նաեւ Տիլքայա պատմական բլուրը, ուրկէ յայտնաբերուած են ուրարտական ժամանակներէն հնութիւններ: Այս գծով Պաքան իր հարցադրման մէջ ըսած է. «Ձեր նախարարութիւնը ինչպիսի՞ միջոցներու ձեռնարկած է Տիլքայա բլուրը պաշտպանելու եւ զայն ապագայ սերունդներուն փոխանցելու համար»: