Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախին Աջակցելու Կոչ` Եւրոպական Խորհրդարանի Երեսփոխանէն

August 11, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Եւրոպական խորհրդարանի երեսփոխան Ֆրանք Էնկել Եւրոպական Միութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած է այն փաստին վրայ, թէ Արցախը Եւրոպական Միութեան մօտակայ շրջաններուն մէջ միակն է, որ պաշտօնապէս որեւէ աջակցութիւն չի ստանար այդ կառոյցէն. ան աւելցուցած է, որ այժմ ժամանա՛կն է ապահովելու Եւրոպական Միութեան ներկայութիւնը այդ տարածքին մէջ, որ Պաքուի ջանքերով արդէն 28 տարիէ ի վեր մեկուսացման մէջ է: Էնկել այս նպատակով նախաձեռնած է ստորագրահաւաքի մը, որուն արդէն իսկ միացած են հարիւրաւոր քաղաքական ու հասարակական գործիչներ` եւրոպական ազդեցիկ շրջանակներէ:

Այս մասին Էնկելի պատրաստած պատգամին մէջ նշուած է. «Կ՛ուզենք տեսնել Եւրոպայի ներկայութիւնը Ղարաբաղի մէջ, որովհետեւ Ղարաբաղը ա՛յդ կը փափաքի: Արցախը կ՛ուզէ ազատիլ անցեալին կատարուած ընտրութենէն եւ նայիլ դէպի Արեւմուտք, դէպի Եւրոպա՛, դէպի ազատութիւն եւ ժողովրդավարական արժէքներ: Եւրոպան կ՛աջակցի շատ այլ տարածքներու, որոնք ճանչցուած չեն տակաւին: Ինչո՞ւ նոյնը չ՛ըներ Կովկասի հայախօս այս տարածքին մէջ: Այս մօտեցումը պէտք է փոխուի: Այս կը խնդրէ եւ կը պահանջէ Ղարաբաղի ժողովուրդը, օրինականօրէ՛ն, եւ ատիկա պէտք է մենք ապահովենք»:

Երեսփոխանը այս կոչով բոլորին կ՛առաջարկէ միանալ իր նախաձեռնութեան` դրդելու համար Եւրոպական Միութիւնը, որպէսզի աւելի գործնական ըլլայ Արցախի հարցով: Կոչին կցուած յայտարարութեան մէջ ներկայացուած են թիւեր եւ վիճակագրութիւններ. հոն նաեւ կը յիշեցուի, թէ Եւրոպական Միութիւնը պաշտօնական կամ ոչ պաշտօնական յարաբերութիւններ ունի եւրոպական բոլոր երկիրներուն ու յարակից եւ չճանչցուած տարածքներուն հետ, օրինակ` Հիւսիսային Կիպրոսի կամ Աբխազիոյ, եւ աջակցութիւն կը տրամադրէ անոնց:

Ան կը շարունակէ յայտնեով. «Կայ տարածք մը, որուն Եւրոպական Միութիւնը բացարձակապէս օգնութիւն չի տրամադրեր եւ ուր անոր պաշտօնատարները երբեք չեն այցելեր: Այդ վայրը Լեռնային Ղարաբաղն է, կամ` Արցախը: Այս տարածքը աշխարհի մէջ ականներու պայթումներու ամէնէն բարձր ցուցանիշներէն մէկը ունի: Այս փոքրիկ տարածքին բնակիչները 28 տարիէ ի վեր կ՛ապրին  շրջափակման մէջ: Ազրպէյճանի Հանրապետութիւնը, որ կը պնդէ, թէ տարածքը կը գտնուի ի՛ր իշխանութեան ներքեւ, հսկայական ջանքեր կը գործադրէ Ղարաբաղի բնակչութիւնը աշխարհէն մեկուսացած վիճակի մէջ պահելու համար»:

Երեսփոխանը կ՛ազդարարէ, թէ չօգնելով Արցախին` Եւրոպական Միութիւնը փաստօրէն պիտի գտնուի Ազրպէյճանի վարած մեկուսացման քաղաքականութեան աջակցելու վիճակին մէջ:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Աուն Կը Հրաւիրէ Աշխատավարձի Յաւելումներուն Եւ Տուրքերուն Մասին Տարակարծութիւնները Քննարկելու Խորհրդակցական Հանդիպումի Մը

Յաջորդը

Հայկական Գերեզմանատան Վրայ Արտաքնոց Կառուցելու Հարցը Թուրքիոյ Խորհրդարան Կը Հասնի

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.