Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ջրային Միջոցներու Պահպանման Համար Առաջնային Կը Նկատենք Փոքր Ու Միջին Ջրամբարներու Կառուցումը» Կ՛ըսէ Վարչապետ Կարապետեան

August 7, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ Արմաւիրի մարզին մէջ 4 օգոստոսին տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին քննարկուած են մարզի եւ համայնքներու զարգացման ծրագիրներու  ընթացքը, աշխատանքներն ու ընելիքները:

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանը նշած է, որ Արմաւիրի մարզը գիւղատնտեսական համախառն արտադրանքի մէկ հոգիի բաժին ինկող մասով լաւագոյն ցուցանիշը ունեցող մարզերէն է:

Վարչապետին հարցումին ի պատասխան` նշուած է, որ մարզի առաւելութիւններն են ընդհանուր առմամբ զարգացած գիւղատնտեսութիւնը եւ մայրաքաղաքին մօտ ըլլալու հանգամանքը, իսկ թոյլ կողմը` արդիւնաբերական ճիւղի զարգացումին, գիւղատնտեսութեան մեքենայացման, արդիւնաւէտ  գիւղատնտեսութեան տարածուածութեան ցած մակարդակն է:

Այս համեմատականները դրուած են Արմաւիրի մարզի 2017-2025-ի  զարգացման ռազմավարութեան մէջ, անոնցմով պայմանաւորուած որոշուած են մարզի ուժեղ եւ թոյլ կողմերը եւ մշակուած են ծրագիրներ` ուղղուած այս թիրախներուն: Այդ շրջագիծին մէջ ալ կառավարութեան ներկայացուած ներդրումային ծրագիրներու զգալի մասը նշեալ մարզին մէջ առկայ գիւղատնտեսական եւ արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններու առողջացման ծրագիրներն են:

Գոհունակութիւն յայտնելով կատարուող քայլերուն համար` վարչապետ Կարէն Կարապետեան տեղեկացուցած է, որ ներկայիս կառավարութիւնը կը քննարկէ պետական աջակցութեան գործիքակազմի միջոցով գործարարական ծրագիրներու խթանման կարելիութիւնները:

Յաջորդիւ կառավարութեան ղեկավարը անդրադարձած է համայնքներու  սեփական եկամուտներու եւ աղբահանութեան մարզին մէջ գումարներու  հաւաքագրման կատարողականին: Նշելով, որ ցուցանիշները գոհացուցիչ չեն, ծրագրաւորումի եւ հաւաքագրումի թերութիւններ կան` վարչապետը յանձնարարած է վերլուծութիւն կատարել իւրաքանչիւր համայնքէ ակնկալուող եկամուտներու եւ աղբահանութեան մարզին մէջ հաւաքագրման ծաւալներու վերաբերեալ ու ըստ այնմ սահմանել համապատասխան թիրախները:

Կառավարութեան ղեկավարին զեկուցուած է մարզին մէջ  գիւղատնտեսական աշխատանքներու կազմակերպման եւ ոռոգման ջուրի մատակարարման վիճակի, տարերային աղէտներէ  պաշտպանութեան համակարգի, պետական աջակցութեամբ ոլորտին մէջ իրականացուող ծրագիրներու ընթացքի եւ միջանկեալ արդիւնքներու  մասին: Վարչապետը նախ եւ առաջ անդրադարձած է ջրամատակարարման հոլովոյթի կազմակերպման մարզին մէջ  կառավարութեան քաղաքականութեան, որ ուղղուած է փոքր ու միջին ջրամբարաշինութեան խթանման:

«Գիւղատնտեսութեան զարգացման, ջրային միջոցներու պահպանման համար մենք առաջնային կը նկատենք փոքր ու միջին ջրամբարներու կառուցումը: Անոր արդիւնքը պիտի ըլլայ 1 խորանարդ մեթր ջուրի պահպանման ծախսերու  նուազում, որովհետեւ մեծ ջրամբարի կառուցման հաստատուն ծախսերը  աւելի շատ են: Մենք այս հարցով հետեւողական պիտի ըլլանք», ըսած է վարչապետը` յանձնարարելով աշխատիլ Ջրային տնտեսութեան պետական կոմիտէին հետ:

Նշելով, որ հակակարկտային պաշտպանութեան համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացման խնդիր կայ` վարչապետ Կարէն Կարապետեան տեղեկացուցած է, որ արդէն սեպտեմբերին Արմաւիրի եւ Արագածոտնի մարզերուն մէջ պիտի փորձարկուի հակակարկտային պաշտպանութեան նոր համակարգը: Կարեւոր նկատելով  գիւղատնտեսական մեքենաներու ֆինանսական վարձակալութեան պետական աջակցութեան ծրագիրի շահաւէտութեան վերաբերեալ պատշաճ իրազեկումը` վարչապետը նաեւ յանձնարարած է պատասխանատուներուն վերլուծութիւն ներկայացնել գիւղատնտեսութեան մարզի մեքենայացման շահութաբերութեան եւ ֆինանսական գնահատականի վերաբերեալ:

Վարչապետ Կարապետեան նաեւ մարզպետարանի կրթութեան եւ առողջապահութեան մարզերու պատասխանատուներուն հետ քննարկած է կատարուող աշխատանքները: Կառավարութեան ղեկավարը խօսած է սկսած բարեփոխումներու տրամաբանութեան մասին` առաջարկելով հետագայ քայլերը քննարկել համապատասխան նախարարութիւններու հետ: Ներկայացուած են նաեւ գործարարական միջավայրի աշխուժացման եւ հաւանական ներդրողներու ներգրաւման, մարզպետարան-շահագրգիռ նախարարութիւններ-առեւտրական արդիւնաբերական պալատ-գործարարներ համագործակցութեան ուղղութեամբ աշխատանքները, հողերու օգտագործման եւ քաղաքաշինութեան մարզի ծրագիրները:

 

Նախորդը

Իրան 370.000 Տոլար Կը Տրամադրէ Հայկական Եկեղեցիներու Վերանորոգման Ծրագիրներուն

Յաջորդը

Նախարար Վիգէն Սարգսեան. «Հայրենասիրութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամկէտային Զինուորական Ծառայութեան Տարիներով»

RelatedPosts

Ակնարկ.  10 Վայրկեան Եւ 2 Օր
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. 10 Վայրկեան Եւ 2 Օր

November 3, 2026
Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Միացեալ Նահանգներու Մէջ Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 3, 2026
Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը  Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի  Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Ջանանք Իրանի Մէջ Կեանքերը Փրկել, Սակայն Կրնանք Որոշ Փուլի Ստիպուիլ Անոր Ծանր Հարուած Հասցնել»

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.