Երէկ կէս գիշերէն ետք տեղի ունեցաւ Հըզպալլայի գերիներուն փոխանակումը Ռումիէի մէջ արգելափակուած իսլամականներու հետ: Հըզպալլայի գերիները դիմաւորեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ` Արսալի մէջ, ուրկէ Ապպաս Իպրահիմ, Հըզպալլայի ազատուած գերիները եւ լրագրողները ուղղուեցան Լապուէ գիւղաքաղաք: Հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ կէս գիշերէն ետք յայտարարեց, որ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ ապաստանած իսլամականներուն հեռացման հարցը բանակցութենէ դուրս է` աւելցնելով, որ առաւօտեան բեռնակառքերը Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները, անոնց ընտանիքները եւ համախոհները պիտի հեռացնեն դէպի Իտլիպ: Յայտնենք, որ կէս գիշերին յանձնուած Հըզպալլայի 3 գերիները վերջին ճակատամարտին ընթացքին Արսալի բարձունքներու Ուատի Հըմէյտ շրջանին մէջ մոլորած էին, իսկ 2 իսլամականները Ռումիէի այն արգելափակուածներէն են, որոնց գծով վճիռ չէ արձակուած:
Լիբանանցիները երէկ երկրորդ օրն ըլլալով սպասեցին Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն հեռացումին: Երեկոյեան ժամը 6:00-ին յստակացաւ, թէ այդ հեռացումը դարձեալ պիտի առկախուի` նկատի ունենալով բանակցութիւններուն դիմագրաւած խոչընդոտները:
Հակառակ ապահովական եւ գումակային բոլոր միջոցառումներուն որդեգրումին, Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն եւ անոնց ընտանիքներուն Լիբանանէն հեռացումը կարելի չեղաւ ապահովել, որովհետեւ բանակցութիւններուն ընթացքին Ժապհաթ Նուսրայի էմիր Ապու Մալեք Թալլի երէկ առաւօտեան պահանջեց Ռումիէի բանտին մէջ արգելափակուած 20 յանցագործներու ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ ապաստանած պահանջուածներուն իր զինեալներուն հետ Սուրիա փոխադրութիւնը:
Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ Արսալէն անձամբ կը հետեւէր այս բանակցութիւններուն, երեկոյեան ժամը 5:30-ին ուղղուեցաւ Լապուէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Լապուէի հեղինակութիւններուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Իպրահիմ յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ բանակցութիւնները կրնան քանի մը ժամէն աւարտիլ կամ աւելի երկար տեւել:
Ան հաստատեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ ընթացող բանակցութիւնները բաւական յոգնեցուցիչ են` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած բանակայիններուն վերաբերող բանակցութիւնները ընթացքի մէջ չեն, «սակայն այդ թղթածրարը լուծելը իմ ճիտիս պարտքն է», ըսաւ ան:
Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ բանակցութիւնները վեց օրէ ի վեր կը շարունակուին, եւ եթէ խոչընդոտներու մասին պիտի խօսին, ապա այլ խոչընդոտներ պիտի յայտնուին, հետեւաբար անհրաժեշտ է այդ մասին չխօսիլ, որովհետեւ հարցերը շատ նուրբ են եւ զգայուն:
Բանակցութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ ինք որեւէ ատեն կրօնական կամ ինքնութեան ենթահողի հիման վրայ բանակցութիւններ չէ վարած: «Ես բանակցած եմ նոյնիսկ Մաալուլայի մայրապետները ազատ արձակելու համար, իսկ այժմ կը բանակցիմ երկրին հողը պաշտպանած լիբանանցիներուն համար», ըսաւ ան:
Իպրահիմ յայտնեց, որ Լիբանանի գոյութիւնը կ՛ապահովուի լիբանանեան ազգային միասնականութեամբ եւ ոչ թէ համայնքներուն գոյութեամբ: «Լիբանան համայնքներով սահմանափակուելէ շատ աւելի մեծ է, իսկ պատմութիւնն ու աշխարհագրութիւնը կը պարտադրեն, որ Լապուէն եւ Արսալը վերածուին մէկ բռունցքի, որովհետեւ զանոնք բաժնող տուեալները վերացած են», ըսաւ ան` եզրափակելով, որ ինք բացարձակ զօրակցութիւն կը վայելէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ:




