Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիզպոն 34

July 27, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ

Եւ ահա ձեր նահատակութիւնը կը բոլորէ երեսուն եւ չորս տարիներ: Ձեր նահատակութեան թուականէն մինչեւ օրս որքա՜ն ու որքա՛ն նոր տողեր աւելցան պատմութեան էջերուն:

Հայաստանը վերանկախացաւ, Շուշին ազատագրուեցաւ, բայց տակաւին սահմանի վրայ կը նահատակուին սահմանապահ զինուորներ. կարծես հայուն ճակատագիրն է այդ: Մնաց Արեւմտահայաստանը, մնաց վրէժը մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, որոնց համար զոհուեցաք դուք:

Երեսուն եւ չորս տարիներու ընթացքին շատեր միացան Դաշնակցութեան շարքերուն, տուին ձեր նոյն երդումը, զոր տուիք դուք, բայց անոնցմէ շատեր, գերադասելով անձնական շահը, հաւաքականի շահերէն հեռացան: Ոմանք նախընտրեցին թրքական դերձանը տեղականէն կամ` այլ ուրիշ դերձանէ եւ հագուեցան անոր արտադրութիւնները, նախընտրեցին անոր կաթն ու իւղը ու կերան անոր ուտեստեղէնն ու քաղցրեղէնը, նախընտրեցին անոր գործիքները, որոնցմէ արտադրեցին մանեակներ եւ զարդարեցին հայուհիներու վիզեր: Եղան պոռոտախօս մարդիկ, որոնք մոռնալով իրենց երդումը, փոխանակ իրենց ցեխարձակումները ուղղելու թշնամիին,  զանոնք ուղղեցին իրենց գաղափարի նախկին ընկերներուն: Անոնց ոչինչ կը պակսի` բացի արժանապատուութենէ: Բայց այդ բոլորով հանդերձ, կան ուրիշներ, որոնք, հաւատարիմ մնալով իրենց երդումին` կը պայքարին այդ բոլորին դէմ. ամէն տարի կը վերանորոգեն իրենց ուխտը անսակարկ նուիրումի` հետեւելով ձեզի եւ ձեզի նման անձնազոհերու ուղիին, մինչեւ կարելի ըլլայ հասնիլ իրաւունքներու նուաճման: Չկայ իրաւունք, որ կը տրուի կամ կը հրամցուի տիրոջը, այլ անիկա կը խլուի ուժով, արեամբ:

Եւ վերջապէս կ՛արժէ յիշել բանաստեղծ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Թաղումն քաջորդւոյն» բանաստեղծութենէն տողեր, զորս կ՛արտասանէ նահատակի մը թաղման ընթացքին.

«Գնա՛, զրուցէ Հայկազարմից մեծ որդւոյն,
Որ կան այստեղ ազատաքաջ դեր հայեր,
Որոնք ի բի՛ւր պատերազմաց դէպէտ խոց,
Ի ժայռ կանգուն են կեցել»:

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Լիզպոնի «Աքթը»

Յաջորդը

Լիզպոն 34

RelatedPosts

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին
Անդրադարձ

Վարդագոյն Ժապաւէնը` Կնոջ, Աղջիկներու Եւ Մօր Իրաւունքը

October 29, 2026
Եապանճօ Հարսին Օտար Առաջարկը
Անդրադարձ

Աշունը Գլուխը Երկարեց

October 28, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Թրքական Աշխարհի Ռազմական Համախմբումը. Ո՞ւր Է Հայաստանի Տեղը Նոր Աշխարհաքաղաքական Քարտէսին Վրայ

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.