ՑՈՂԻԿ ԱՇԸԳԵԱՆ
34 տարի առաջ տեղի ունեցաւ Լիզպոնի գործողութիւնը: Ժամանակ մը, որ անծանօթ է մեզի` անկախութեան սերունդիս: Ժամանակահատուած մը, որ կը պահանջէր տարբեր մօտեցում, ոչ քաղաքական մօտեցում, ի տարբերութիւն` ներկայի զուտ քաղաքականին, եւ այդ մօտեցումը դրսեւորուեցաւ զինեալ պայքարով:
27 յուլիս 1983-ին Լիզպոնի մէջ կատարուածը պայքարի, կամքի եւ արդարութեան հանդէպ հաւատքի, հայ ժողովուրդին յարատեւ մաքառումին մէկ փաստն էր, որ յաջողեցաւ բարձրացնել Հայկական հարցը խիղճը քնացուցած Եւրոպայի մամուլին մէջ: Զոհողութիւնը հարկաւոր էր եւ անխուսափելի, պէտք էր քանդուէր լռութեան պատը, ատկէ կախեալ էր հայրենիքի գոյատեւումը եւ վերադառնալու քաղցր յոյսը:
Եկէք` փորձենք մենք մեզ այդ պայմաններուն մէջ պատկերացնել: Հայաստանը խորհրդայնացած եւ ազգային որեւէ շարժում հետապնդուած` խորհրդային կարգերու կողմէ, Ցեղասպանութենէն 68 տարիներ անց եւ լռութիւնն ու անտարբերութիւնը` գագաթնակէտին հասած, հայապահպանութեան լուրջ եւ ծանր գործընթաց` սփիւռքի գաղթօճախներուն մէջ:
Իսկ հիմա վերադառնանք մեր ժամանակներ եւ բաղդատենք մեր պայմանները եւ անոնցը: Հայաստանը անկախ է: Այս երեք բառերը միայն արդէն բաւարար են` տեսնելու հսկայական տարբերութիւնը բաղդատութեան դրուած երկու իրականութիւններուն միջեւ, սակայն աւելի կարեւոր նուաճում մը կը փոխէ հաւասարութիւնը միանգամընդմիշտ, եւ այդ արցախեան գոյապայքարը հողային տարածքներու ազատագրումով պսակելն է: Գիտեմ, որ բաղդատութիւնը յարաբերական է, սակայն կրնայ շատ մը յուսալքուած հոգիներ մղել վերագնահատելու մեր ունեցածին արժէքը եւ վերանայելու արձանագրած դիրքորոշումները: Քանի՜ անգամներ դիտած եմ Լիզպոնի տղոց տեսերիզը, որուն մէջ իրենց վերջին խօսքերը կ՛արտասանեն եւ «Վէրքերով լի» երգը կ՛երգեն: Յուզիչ են միշտ այդ վայրկեանները եւ դառն. փայլուն երիտասարդներ` կեանքին նոր բացուած, կը մերժեն կեանքը, այո՛, կը մերժեն անարդար եւ հայրենազուրկ կեանքը եւ անձնազոհութիւնը կը հանդիսանայ պայքարելու միակ զէնքը: Անարդարութիւնը գոյ էր, բայց միաժամանակ յոյսը կը կայծկլտար անոնց աչքերէն: Արդեօք կը գիտակցէի՞ն, որ իրենք հինգերնին պիտի կերտէին Արցախի պաշտպանութեան փութացող ազատամարտիկներու փաղանգ մը, կը պատկերացնէի՞ն, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ հայ ծերունի մը իրենց մասին պիտի խօսէր լիբանանահայ երիտասարդ ուխտաւորի մը (ընկերոջ մը վկայութեամբ) եւ ամէն ամառ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած ճամբարներուն ընթացքին իրենց քաջութենէն եւ կատարած մեծագոյն զոհողութենէն ազդուած հայ մանուկներ պիտի արտասուէին: Այո՛, կը հաւատամ, որ Լիզպոնի հերոսները գիտէին այս բոլորը, որովհետեւ հաւատք ունէին մեր ժողովուրդին հանդէպ, կը հաւատային անոր ազատատենչութեան, անոր ոգիին, անոր կամքին, անոր պատմութեան եւ, վերջապէս, հաւատք ունէին հայ մարդուն նկատմամբ: Այդքան հաւատք ունէին, սակայն երբեք չէին տեսած այդ հաւատքին աղբիւրը` հայ հողը:
***
Երեւանեան զով գիշեր. 26-7-2017. պատշգամը նստած` այս միտքերը գրի առած ժամանակ, խոկուն լռութեամբ նիրհող մեր մայրաքաղաքին մէջ, երեւակայութեանս ազատութիւն տալով` Լիզպոնի տղաքը հայրենիք բերի. պատմեցի անցած 33 տարուան իրադարձութիւնները եւ սիրտս հրճուանքով ու հպարտութեամբ լեցուեցաւ, երբ անոնց աչքերը եւ ժպիտները պատկերացուցի: Անոնք ամէն տեղ են. ամէն թանգարան եւ եկեղեցի, ամէն լեռ ու ձոր, ամէն դաշտ ու սարալանջ, մինչեւ Մասիս եւ մինչեւ Սեւ ծովու ափեր` մինչեւ Կարին ու Վան: Ոգեղէն հայրենիք են անոնք: Սեդրակ, Սիմոն, Արա, Սարգիս եւ Վաչէ` պսպղացող աստղեր ազատութեան ճանապարհին:
Երեւան
26 /7/ 2017