Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ շաբաթավերջին ներկայ գտնուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան Մեթնի մասնաճիւղի ընթրիքի երեկոյին:
Պասիլ նշեց, թէ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը համոզուած են, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուելիք փոփոխութիւններուն թիւը մեծ է:
«Մենք քաղաքական որոշ դպրոցի մը կը պատկանինք ու ամէն ջանք ի գործ կը դնենք մեր երկրէն չարիքները հեռացնելու եւ Լիբանանի ազատութիւնը, անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը պահպանելու իմաստով», ընդգծեց Պասիլ` աւելցնելով, որ ոչ ոք կրնայ իրենց կարգախօսները սեփականացնել:
Ան նշեց, թէ իբրեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւն իրենք բաւարարուած կը զգան, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն կրցած է իրենց խօսքի ազատութիւնը, արժանապատուութիւնը եւ գոյութիւնը ներկայացնել:
Պասիլ հաստատեց, որ իրենք առաջին իսկ օրէն զգուշացուցած են սուրիացի տեղահանուածներուն ներկայութեան ունենալիք հետեւանքներէն, այն իմաստով, որ Լիբանան կրնար վերածուիլ ահաբեկիչներու ապաստանարանի:
Այս շրջագիծին մէջ Պասիլ ընդգծեց, որ ահաբեկչութեան դէմ իր մղած պատերազմին եւ դիմադրութեան առումով լիբանանեան բանակին դէմ կատարուած որեւէ քննադատութիւն, նոյնիսկ եթէ ան միջազգային ընտանիքին կողմէ կատարուած է, մերժելի է:



