ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սէուտական Արաբիոյ Սալման պըն Ապտել Ազիզ թագաւորին հետ, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց անոր եղբօր` Ապտել Ռահման պըն Ապտել Ազիզ իշխանին մահուան առիթով:
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նշեց, որ ինք կը մերժէ աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը յաւելեալ ծախսերով ծանրաբեռնել: Ան կոչ ուղղեց մնալու գոյացած համաձայնութեան սահմաններուն մէջ:
ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնի ողջունեց Պէյրութի քաղաքապետարանը, որուն որոշումին համաձայն, ժողովուրդին կողմէ ծովափը ձրիօրէն վայելելու իմաստով լիբանանցիներուն իրաւունքը յարգուեցաւ:
ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ հարցերու նախարար Փիեռ Ապու Ասի յայտնեց, որ Ժեզզինի մէջ խնձորի պահեստի յատուկ սառնարանը արդէն իսկ պատրաստ է` լուծելու համար շրջանին դիմագրաւած հարցը:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան շեշտեց, որ ճարտարարուեստը տնտեսութեան նեցուկն է` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն այդ մարզին բարգաւաճումը ապահովող քաղաքականութիւններ որդեգրելու:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրիի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարը:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ չեն կրնար աշխատավարձի յաւելումներու վաւերացումին վերաբերեալ համաձայնութեան մը մասին խօսիլ, եթէ այդ իմաստով բոլոր կէտերը չյստականան:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Աքրամ Շեհայէպ հերքեց այն տեղեկութիւնները, թէ Մուսթաքպալ հոսանքը կը փափաքի յետաձգել աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ղազի Եուսեֆ շեշտեց, որ Լիբանանի տնտեսութեան համար մեծագոյն վտանգը պիտի ըլլայ հանգստեան կոչուած պաշտօնեաներու թղթածրարը միացնել աշխատավարձի յաւելումներու թղթածրարին:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ անհրաժեշտ նկատեց Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչներէն ձերբազատիլը` հաստատելով, որ անոնց ներկայութիւնը անհանդուրժելի դարձած է:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր հաստատեց, որ դիւանագիտական նշանակումները կատարելու առումով գոհացուցիչ ելքի մը շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է: Ան մաղթեց, որ կառավարութեան յաջորդ նիստին այդ նշանակումները կարելի ըլլայ կատարել` աւելցնելով, որ իրենք կը յուսային հերթափոխութիւնը պահպանել եւ կարգ մը դեսպանատուներու պարագային համայնքային առանձնաշնորհումներուն վերջ տալ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին լիբանանցիներուն համար վաւերացնել աշխատավարձի այնպիսի յաւելում մը, որ անոնց իրաւունքն է եւ պետական ամավարկը աւելի չի ծանրաբեռներ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ ոչ ոք կը փափաքի սուրիացի տեղահանուածներու հաւաքական եւ բռնի ուժով տունդարձ կազմակերպել:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Ալի Ամմար շեշտեց, որ ինք տակաւին չէ կրցած բացայայտել 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին լիբանանցի ժողովուրդին ցուցաբերած հանդարտ եւ խաղաղ մօտեցումին պատճառները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ոչ մէկ անգամ կասկածի տակ առած է 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Իսրայէլի դէմ արձանագրուելիք յաղթանակը:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ պետական պաշտօնեաներու եւ զինուորականներու աշխատավարձի յաւելումները վաւերացնելու ժամանակը հասած է արդէն` աւելցնելով, որ այդ իրաւունքին վաւերացումը բաւական ուշացած է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ալեն Հաքիմ շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տագնապը լուծելու համար անհրաժեշտ է առկայ բոլոր միջոցները օգտագործել:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ սուրիացի տեղահանուածները լիբանանեան ընկերութեան համար բեռ կը նկատուին եւ պէտք է զանոնք արմատախիլ ընել:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրիի խորհրդատուներէն Ալի Համտան շեշտեց, որ Լիբանան կը գտնուի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջտեղը` աւելցնելով սակայն, որ հակառակ իր ունեցած համեստ միջոցներուն, Լիբանան կրնայ յաղթել ահաբեկչութեան դէմ պայքարին:
ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հաննա Ղարիպ յայտնեց, որ կուսակցութիւնը երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցի ազգային-ժողովրդավարական համախմբումի մը շրջագիծին մէջ:
ԺԻՊԷՅԼԻ հրաժարեալ քաղաքապետ Զիատ Հաուաթ յայտնեց, որ հրաժարելու իր որոշումը տուած է Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի կողմէ յաջորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն իր թեկնածութեան որդեգրման լոյսին տակ:
ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարարութեան աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Քեսրուանի եւ Թրիփոլիի մասնակի երեսփոխանական
ընտրութիւնները պիտի կատարուին սեպտեմբեր ամսուան վերջին կիրակի օրուան ընթացքին:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրի Ուաշինկթըն կատարած իր այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկէ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին թղթածրարը:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը պաղեստինեան ղեկավարութիւններուն ներկայացուցած են պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ գտնուող պահանջուած յանցագործներու անուանացանկ մը եւ անոնցմէ պահանջած պետութեան յանձնել զանոնք: Ահաբեկիչ-երգիչ Ֆատըլ Շաքերի անունը կը գտնուի յանցագործներու անուններուն շարքին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանին առաջարկած է լուծում մը, որ կրնայ պետական ամավարկի վաւերացումը երաշխաւորել:


