Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՐՉԱՊԵՏ Սաատ Հարիրի նախանցեալ գիշեր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթէն: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող հարցերը, եւ Ժոմպլաթ բարձր գնահատեց բանակին զօրակցելու` Հարիրիի կեցուածքները: Կը նախատեսուի, որ մօտիկ ապագային անոնց միջեւ հանդիպում մը կատարուի:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարար Ռաէտ Խուրի կոչ ուղղեց` յայտարարելու տնտեսական զարթօնքի փուլ մը, ինչպէս նաեւ գումարելու տնտեսութեան յատուկ կառավարական նիստեր:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս ընդունեց մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրին եւ մարդկային հարցերու պետական նախարար Այման Շքէյրը, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Ժորժ Ատուանն ու Ռոպեր Ղանեմը: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ լիբանանեան թղթոսկին կայուն է եւ այդպէս ալ պիտի մնայ` աւելցնելով, որ այս իրականութեան շնորհիւ է, որ տնտեսութեան նկատմամբ վստահութիւնը կ՛ամրապնդուի:

ՊԱԱԼՊԷՔԻ նահանգապետ Պաշիր Խտըր պահանջեց ապահովական կայունութիւն հաստատել Պաալպէքի մէջ: Ան ողջունեց Պրիթելի բնակիչները, որոնք անցնող երկու շաբաթներուն ոչ մէկ փամփուշտ կրակեցին` պետական քննութիւններուն արձանագրուած յաջողութիւններուն առիթով:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ Լիբանան ծայրայեղական մօտեցումներ եւ մտայնութիւն չի կրնար հանդուրժել` աւելցնելով, որ լիբանանեան ներքին  տահեշականները պէտք է լռեցնել: Ապու Ֆատել հաստատեց, որ Արսալը ահաբեկիչներէն մաքրագործելու ճակատամարտը կը սկսի քանի մը օրէն:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրի վերջ տուած է տարակարծութիւններուն եւ բանակին հետ կապուած պաշտօնական կեցուածքները յստակացուցած:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ շեշտեց, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ հանդիպումէն ետք վարչապետ Սաատ Հարիրիի կատարած յայտարարութիւնը բացառիկ էր եւ շահաւէտ` Արսալի մէջ ահաբեկչութեան վերջ մը դնելու իմաստով:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ղազի Արիտի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին կատարած գործողութիւնները մաս կը կազմեն իր առաքելութեան եւ պատասխանատուութեան:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Սուրիոյ կառավարութեան հետ ձեւով մը պէտք է բանակցիլ` սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձին առումով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Խտըր Հապիպ յայտնեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը կարելի է ապահովել միայն ՄԱԿ-ի միջոցով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխան Ուալիտ Սըքքարիէ կոչ ուղղեց ահաբեկչութիւնը արմատախիլ ընելու` սուրիական բանակին հետ գործակցաբար:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Եասին Ժապեր կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` միասնական ըլլալու բանակին յայտնելիք իրենց զօրակցութեան առումով:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ամալ Ապու Զէյտ կոչ ուղղեց կառավարութեան` սուրիացի տեղահանուածները դէպի Սուրիոյ ապահով վայրեր վերադարձնելու յստակ որոշում տալու:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ կոչ ուղղեց լիբանանեան համակարգին մէջ  համայնքային հաւասարակշռութիւնը պահպանելու` վարչական նշանակումներու պարագային:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի միջեւ հանդիպումը փաստած է, որ բանակը կասկածէ վեր է:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, Արսալի բնակիչները բանակին կողմէ կատարուելիք ոչ մէկ գործողութիւն պիտի մերժեն: Նոյն օրաթերթը հաստատած է, որ բանակի հրամանատարը վարչապետ Հարիրիին կողմէ կանաչ լոյս ստացած է` ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը շարունակելու:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ժարիտա» օրաթերթին համաձայն, Արսալի ճակատամարտը պիտի սկսի յուլիս ամսուան կէսէն առաջ, այլ խօսքով` այդ ճակատամարտը որեւէ ատեն կրնայ սկսիլ:

Նախորդը

Այսօր Ժետտայի Մէջ Հինգ Կողմանի Հանդիպում. Տոհա Եւ Ուաշինկթըն Ստորագրեցին Ահաբեկչութեան Ու Անոր Ֆինանսաւորման Դէմ Պայքարելու Փոխադարձ Հասկացողութեան Յուշագիր Մը

Յաջորդը

Ռիաշի Այցելեց Ապտել Աալի Եւ Մաղթեց Վերջ Տալ Արաբական Աշխարհին Մէջ Տեղեկատուութեան Նախարարութիւններուն Գործունէութեան

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.