Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրողն Ու Իր Հաւաքը

July 4, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Հազիւ կէսօրէ ետք էր: Նախ ժամացոյցին նայեցաւ եւ ապա, գլուխը աջ ու ձախ շարժելէ ետք, արագ մը պատրաստուեցաւ: Հաւաքեց իրեն հետ տանելիք լոյս ընծայած իր բոլոր հատորները: Ո՞վ էր ինք եւ հիմա ո՞ւր կ՛ուզէր երթալ: Ամէն մարդ լաւատեղեակ էր, որ այս ժամուն Լոս Անճելըսի բոլոր ճամբաները որքա՜ն խճողուած կ՛ըլլային: Բայց այդպէս էր ժամադրութիւնը: Ամիսներ առաջ իրեն բոլորովին անծանօթ հայ կին մը, տեղւոյն ՀԲԸՄ-ի «Գիրքի ակումբ» մշակութասէր խմբակին անունով, հեռաձայնած էր յայտնելով` թէ իբրեւ հեղինակի` «ակումբը» կը փափաքէր իրեն հանդիպում մը ունենալ, ու նաեւ` աւելցնելով, որ խմբակը «իր պարբերական հանդիպումներու ընթացքին կը պարապէր հայ թէ օտար գրողներու նոր հրատարակուած հատորներու ընթերցումներով, որմէ ետք իրարու կը յայտնէին իրենց կարծիքներն ու խորհրդածութիւնները»:

Ներքին հաճոյքով մը, մտովի երեւակայած էր անկեղծութիւնը այդ օրինակելի եւ իւրայատուկ խմբակին եւ յատկապէս անոր` լայն ընթերցասիրութեան: Չէ՞ որ ինքն ալ նման նկարագրի գիծ ունէր: Չէ՞ որ ինքն ալ կը հաւատար, որ ընթերցումները մարմինը հոգիին կապող վայելք եւ կենսական անհրաժեշտութիւններ ալ էին:

Ուրախ էր: Իր աչքերուն մէջ այդ մէկուն ներկայութիւնը զգալի էր: Այս հանդիպում-քննարկումը շնորհահանդէսի կամ գինեձօնի չափանիշներէն անդին էր անկասկած: Խմբակը,  պատի՛ւ իրեն, նախ գնած ու կարդացած էր լոյս ընծայած իր վերջին հատորը: Իսկ հիմա որոշած էր հեղինակին մօտէն ծանօթանալ:

Քննարկում: Ի՜նչ լաւ բան է: Տարիներ առաջ հայկական նախակրթարանէ մը նման հրաւէր մը ստացած էր, ու ինք իբրեւ գրող` ներկայացած էր այդ վարժարանի բարձրագոյն կարգի աշակերտներուն եւ անոնց հետ` «զրուցած», պատմած, խրախուսած եւ թելադրանքներ կատարած: Այդ ատեն քննարկում չկար: Պարզ հանդիպում մըն էր: Ծանօթացում` հայ գրողի եւ հայ աշկերտներու միջեւ: Իսկ այսօր, այս  մէկը բոլորովին տարբեր էր: Մեծերու հետ էր իր գործը: Այս խմբակը տարիներէ ի վեր տասնեակներով հայ եւ օտար գրողներու հատորներ քննարկած էր, կը մտածէր, ու հիմա իր կարգն էր:

Ի՜նչ լաւ բան է:  Առողջ մտածում: Զգալի քաջալերանք: Հայ մշակոյթի պահպանման համեստ մէկ որդեգրում:

Ինքնաշարժ նստաւ եւ զայն վարեց դէպի հաւաքավայր: Տակաւին ժամադրավայր հասնելու մէկ ժամ եւ աւելի կար: Բայց կար նաեւ այս անիծեալ խճողումը: Ճամբու ընթացքին լրջօրէն մտածեց: Այս մարդիկը ի՞նչ կամ ինչե՜ր կրնային հարցնել… Ինք հանդարտ էր: Բնականէն աւելի: Ու օգտուելով ինքնաշարժի դանդաղ ընթացքէն սկսաւ մտովի շարել իրեն հարցուելիք ենթադրեալ հարցումները: Ու կռահեց: Առաջին իսկ հերթին` ամէնէն սովորականը.

– Ինչո՞ւ կը գրես, երբ հայերէն կարդացողներուն թիւը ոչ միայն նուազած է. այլեւ` նօսրացած:

Թերեւս իրաւունք ալ ունէին: Վերջին հաշուով ընթացիկ եւ մանաւանդ մտահոգիչ նկատուած հարցում մըն ալ էր: Ու որոշեց պատասխանել, ինչ որ յաճախ առիթներուն կրկնած էր,  համարձակ եւ ինքնավստահ.

– Իբրեւ գրող, թէեւ գիտեմ, որ սփիւռքեան հորիզոնին վրայ նման ցաւալի երեւոյթ մը կայ, բայց նաեւ գիտեմ, որ կայ մէկը, որ ամէն օր հայերէնով կ՛արթննայ, հայերէնով կ՛արտայայտուի, հայերէնով կ՛աղօթէ, հայերէնով կը սնանի ու կ՛ապրի, հայերէնով սիրած է եւ տակաւին կը սիրէ, ու աւելի՛ն, հայերէնով կը խնդայ եւ կը խօսի, ու նոյնիսկ հայերէնով ալ կը հայհոյէ: Անոր համար է, որ իբրեւ սրտի մտքի ու հոգիի պարտք` կը գրեմ:

Իսկ եթէ հարցնելու ըլլային, թէ ո՞վ էր այդ «խենթը», ինք յստակօրէն պիտի պատասխանէր.

– Ես ե՛մ: Ե՛ս: Եթէ նոյնի՛սկ անձս դառնայ իմ գրութիւններուս, տողերուս կամ էջերուս միակ ընթերցողը, պիտի շարունակեմ գրել` ես ինծի համար, իմ ընթերցող անհատիս համար, հայերէնով գրելու եւ կարդալու պապակս գոհացնելու համար: Կ՛ուզեմ գրել, որովհետեւ գրելը շատ կը սիրեմ: Այո՛, կ՛ուզեմ գրել: Նաեւ կ՛ուզեմ, որ գրիչս ազատ ապրի, համարձակ, ճակատաբաց, արծիւի նման հպարտ թռիչք ունենայ: Ունենայ ե՛ւ սլացք, ե՛ւ խաղ: Կ՛ուզեմ, որ գրիչս իմ երեւակայութեանս կապոյտ ովկիանոսին նման, անծայրածիր հորիզոններ ունենայ ու բոլորին ներկայութեան կեանքի իր խաղերը գիտակցօրէն խաղայ: Ուրախ կամ տխուր խաղերը: Որովհետեւ այդ խաղերն են, որոնք զիս պիտի ապրեցնեն: Այդ շարժումներն են, որոնք ինծի շունչ եւ կենդանութիւն պիտի տան: Նոր կեանք պիտի բերեն: Նոր սնունդով եւ աւիշով: Ուրեմն, պէտք է, որ գրեմ, որպէսզի հոգիս ուրախ մնայ, որպէսզի ան ապրի: Գոյատեւէ: Ահա անոր համար է այս գիրքը, որովհետեւ ես ալ շատերու նման կը հաւատամ, որ գիրքը, հեղինակի մը միտքին լեզուն է:

– Էհ,  ինչպէ՞ս ծնունդ առած է այս հատորը,- ա՛ռ քեզի ուրիշ հարցում մը:

– Ինծի համար հատորին նիւթերը կը դեգերին հասարակական մեր բոլոր ոլորտներուն մէջ: Այսպէս պիտի շարունակէր իր խօսքը: Աւելի՛ն. հոն կան նաեւ հայրենքիս ցաւերը, ծննդավայրիս յուշերը, ձուլումի մտահոգութիւններս:

– Կ՛ուզէք նաեւ գիտնալ, թէ ի՛նչ է գիրքը,-  այս անգամ ինք պիտի հարցնէր,- ըսեմ.- իբրեւ հեղինակի կամ գրողի ինծի համար գիրքը մտքիս լեզուն է: Գիրքը միայն գիր չէ, նաեւ շունչ ալ է: Յաճախ երկար կը մտածեմ մեր լեզուի ճակատագրին եւ յատկապէս արեւմտհայերէնի մասին, գիրի եւ գրականութեան մասին ու, ի՛նչ մեղքս պահեմ, երակներէս վեր վախ մը կը սկսի սողալ: Սփիւռքի զաւակ ըլլալով` կը զգամ, որ սփիւռքը ամէնօր հոգեվարքի մէջ է: Այսօր ամէն բանէ աւելի հոգեկան կարիքը կայ` սփիւռքի կեանքը ջերմացնելու: Ի՛նչ ալ ընենք, չենք կրնար օտարացումի առաջքը առնել, անոր համար մշակոյթի ճամբուն դիմած ենք:

Յանկարծ զգաց, որ ինքնաշարժին մէջ սկսած էր ինքնիրեն խօսիլ: Անսովոր բարձր եւ քրտինքով: Թէեւ մարդիկ եւ դէպքերը ժամանակէն առաջ ճերմկցուցած էին մազերը, սակայն տակաւին կանուխ էր նման մենախօսութիւններով ժամանակ վատնելը:

– Իսկ հապա՞ ձեր լեզուն…- ահա հարցում մը եւս.-

– Այդ մեր մայրենին է. մեր լեզուն մեր տունն է, մեր աղօթքն է, մեր հայրենիքն է, մեր լոյսն ու յոյսն է…

Մտածումները կարծես ճիշդ այդ վայրկեանին կանգ առին: Հասած էր ժամադրավայր: Իջաւ ինքնաշարժէն եւ քալեց հաւաքատեղիի ուղղութեամբ: Հոն պիտի ըլլային ծանօթ եւ անծանօթ դէմքեր, որոնք իրենց աղուոր անկեղծութեամբ նոր ջերմութիւն մը պիտի բերէին իր սրտին: Վստահ էր: Ինք կը սիրէր ու կը յարգէր նման հոգեկան ապրումները, որոնք ծնունդ կ՛առնէին հայ գիրի մշակին եւ մշակոյթին հանդէպ մատուցուած այս խմբակի մարդոց օրինակելի յարգանքէն, գուրգուրանքէն եւ խանդավառութեան նպատակէն:

Հաստատապէս բազմազան ապրումներով հարուստ հայ գրականութիւն ըսուածը հարստացուցած էր նաեւ իր այս նոր բարեկամներուն հոգիներն ալ: Հաւաքատեղիի դրան մուտքին, ինքզինք անգամ մը եւս շտկեց եւ դուռը բանալով` տաք ժպիտով մը մտաւ ներս.

– Բարե՛ւ ձեզ…

[email protected]

Նախորդը

Հայկական Դիմադրութիւնն Ալ Իր Տեղը Ունի Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներուն

Յաջորդը

Հայ Դպրոցին Առաքելութիւնը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.