Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Պաապտայի մէջ իր կատարած յայտարարութիւններուն ընթացքին Մաշնուք յայտնեց, որ իբրեւ ապահովական կառոյցներ, իրենք իրենց պարտականութիւնները կը կատարեն, սակայն իրենք չեն որոշեր, թէ ո՛վ պէտք է ձերբակալել եւ ո՛վ ազատ արձակել:
Մաշնուք հաստատեց, որ ներքին ապահովութեան ուժերը եւ ներքին գործոց նախարարութիւնը մեղադրելը չափազանցուած է:
Մաշնուք նաեւ նշեց, որ նախագահ Աուն իր ամբողջ ուշադրութիւնը յատկացուցած է Պաալպեքի եւ Պեքաայի շրջաններուն` աւելցնելով, որ ինք եւս այդ շրջաններուն մօտէն կը հետեւի:
Մաշնուք կոչ ուղղեց քաղաքացիներուն ապահովութեան ուժերը իրազեկ պահելու պրէօվէի քննութիւններուն արդիւնքներուն հրապարակումէն ետք կրակողներուն մասին: Ան շեշտեց, որ ոչ ոք քաղաքական հովանաւորութիւն կը վայելէ:
Ընտրական օրէնքին մասին Մաշնուք յայտնեց, որ կան մանրամասնութիւններ, որոնք հազիւ մէկ ամիսէն կրնան յստականալ` աւելցնելով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացումը անխուսափելի է, իսկ, որ ընտրական քարտի դրութիւնը անպայման պիտի ամբողջանայ:
Պատասխանելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յայտարարութիւններուն մասին հարցումի մը` Մաշնուք յայտնեց, որ ան լիբանանեան պետութեան, կառավարութեան եւ ժողովուրդին կեցուածքները չի ներկայացներ:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ մէջ ապահով շրջաններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Մաշնուք հաստատեց, որ տակաւին կարելի չէ Սուրիոյ ապահով շրջանները ճշդել` նկատել տալով, որ սուրիացի քաղաքացիներուն տունդարձը պետական ոչ մէկ գործառնութեան կարիք ունի:



