Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին` Թեհրանի մէջ Իրանի խորհրդարանին եւ իմամ Խումէյնիի դամբարանի դէմ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումներուն եւ անոնց պատճառով անմեղ զոհերու եւ տասնեակ վիրաւորներու առիթով:
«Խստօրէն դատապարտելով ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան որեւէ դրսեւորում` համոզուած ենք, որ անհրաժեշտ է միասնականօրէն պայքարիլ միջազգային այդ արհաւիրքին դէմ:
«Կարեւոր նկատելով մեր դրացի եւ բարեկամ երկրին մէջ անվտանգութիւնն ու կայունութիւնը` վստահ եմ, որ Իրանի իշխանութիւնները կը ձեռնարկեն անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները նման գործողութիւններ կանխարգիլելու ուղղութեամբ:
«Այս դժուարին պահուն խորին ցաւակցութիւն եւ զօրակցութիւն կը յայտնեմ ձեզի, Իրանի բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու հարազատներուն, իսկ վիրաւորներուն կը մաղթեմ շուտափոյթ ապաքինում», նշուած է նախագահի ցաւակցական հեռագիրին մէջ:
Վարչապետ Կարապետեան Ցաւակցական Հեռագիր Յղեց
Իրանի Նախագահի Առաջին Տեղակալին
Վարչապետ Կարէն Կարապետեան ցաւակցական հեռագիր մը յղած է Իրանի նախագահի առաջին տեղակալ Էսհաղ Ճահանկիրիին:
«Խոր վրդովմունքով տեղեկացայ Իրանի խորհրդարանին եւ իմամ Խումէյնիի դամբարանին վրայ տեղի ունեցած հրաձգութեան մասին, որուն պատճառով զոհուած են մարդիկ եւ կան բազմաթիւ վիրաւորներ: Մենք խստօրէն կը դատապարտենք ահաբեկչութիւնը, որուն դէմ պայքարը կը բխի բոլորիս շահերէն:
«Իմ զօրակցութիւնս կը յայտնեմ եւ կը ցաւակցիմ զոհերու ընտանիքներուն եւ հարազատներուն, իսկ վիրաւորներուն կը մաղթեմ շուտափոյթ ապաքինում», նշուած է Հայաստանի վարչապետի ցաւակցական հեռագիրին մէջ:
Հայաստանի Խորհրդարանը Դատապարտեց Իրանի Մէջ
Տեղի Ունեցած Ահաբեկչական Գործողութիւնները
Երէկ տեղի ունեցած Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստի ընդմիջումէն ետք Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով նշեց, որ տեղեկացած է Իրանի դէպքերուն մասին: «Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանին անունով կը դատապարտենք ահաբեկչական այդ գործողութիւնները, մեր համերաշխութիւնը կը յայտնենք Իրանի բարեկամ երկրին: Ահաբեկչութիւնը ազգութիւն եւ կրօնական ուսմունք չի ճանչնար: Բոլորս Իրանի ժողովուրդին հետ ենք», ըսաւ Շարմազանով:
Նալբանդեանը Դատապարտեց Իրանի Մէջ Տեղի Ունեցած Ահաբեկչութիւնները
Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ նախարար Էդուարդ Նալբանդեան դատապարտած է Իրանի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւնները` նշելով. «Խստօրէն կը դատապարտենք Իրանի խորհրդարանի եւ իմամ Խումէյնիի դամբարանին վրայ տեղի ունեցած յարձակումները: Մեր համերաշխութիւնը կը յայտնենք Իրանի ժողովուրդին»:




