Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանը Արտաքին Հարուածներէ Զերծ Պահելու Առաջադրանքով` Լիբանանցի Ղեկավարներ Կը Դատապարտեն Լոնտոնի Ահաբեկչական Արարքը

June 5, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շրջանային իրադարձութիւնները, քաղաքական գետնի վրայ` նոր Միջին Արեւելքի ուրուագծումը, իսկ ապահովական` իսլամական արմատական կազմակերպութեանց, յատկապէս` ՏԱՀԵՇ-ի սպառնալիքները, թէ` «Ռամատանի ընթացքին արիւն պիտի հոսի Եւրոպայի մէջ», այս բոլորը` իրենց քաղաքական ու ապահովական հետեւանքներով, որոշ մտավախութիւններ յառաջացուցին նաեւ Լիբանանի մէջ:

Այս ծիրին մէջ, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրուեցան յատկապէս դէպի Լոնտոն եւ առհասարակ` դէպի Եւրոպա մեկնող ճամբորդներու քննութեան վերաբերեալ:

Արդարեւ, շաբաթավերջին Լոնտոնի մէջ պատահած ահաբեկչական արարքը դատապարտումի լայն ալիք ստեղծեց նաեւ Լիբանանի մէջ:

Նախագահ Միշել Աուն ցաւակցական անջատ հեռագիրներ յղեց Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիին եւ վարչապետ Թերեզա Մէյին` իր եւ լիբանանցի ժողովուրդին ցաւակցութիւնը  յայտնելով ինկած զոհերուն համար: «Լիբանան միշտ ձեզի հետ է եւ կը զօրակցի ձեզի», ընդգծեց նախագահ Աուն:

Նմանապէս, վարչապետ Սաատ Հարիրի դատապարտեց Լոնտոնի կամուրջին կից պատահած ահաբեկչական արարքը` նշելով, որ «յաճախ կը փորձուի իսլամութիւնը առնչել ահաբեկչութեան հետ, մինչ իսլամական կրօնը անմաս եւ անմեղ է ահաբեկչական այս արարքներէն»:

Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ բուռն կերպով դատապարտեց Լոնտոնի ահաբեկչութեան արարքը` ընդգծելով, որ «ահաբեկչութիւնը կրօն չունի»: Իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ Պըրրի շեշտեց, որ ահաբեկչական այս արարքները կը միտին խախտել միջազգային ու շրջանային ապահովական կայունութիւնը` պահանջելով միջազգային համակարգուած ճիգերով հակազդել այս արարքներուն:

Նոյնպէս, Հըզպալլա հաղորդագրութեամբ մը դատապարտեց Լոնտոնի ահաբեկչական արարքը` կոչ ուղղելով բրիտանական կառավարութեան «սերտելու այս եւ նման արարքներու աղբիւրն ու գաղափարական ենթահողը, հեռու` տնտեսական մեծ ընկերութեանց հաշիւներէն»:

Իր կարգին Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով դատապարտեց Մանչեսթըրի պայթումէն ետք Լոնտոնի կամուրջի ահաբեկչական արարքը` մաղթելով, որ արեւմտեան ժողովրդավարութեան հիմերը անխախտ ու զօրաւոր մնան:

 

Նախորդը

Ռամատանեան Իֆթարի Մը Առիթով. Վարչապետ Հարիրի Կը Խոստանայ Իրագործել Թրիփոլիի Կարիքները Եւ Կառավարութեան Նիստ Գումարել Քաղաքին Մէջ

Յաջորդը

Խորհրդարանի Յետաձգուած Նիստին Եւ Արտակարգ Նստաշրջանի Թուականներուն Միջեւ. Աշխուժ Խորհրդակցութիւններ` Կառավարութեան Չորեքշաբթի Օրուան Նիստին Արդիւնաւորման Համար

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.