Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան Եւրոպական Խորհուրդի Նախարարներու Կոմիտէին Ուշադրութեան Կը Յանձնէ Ազրպէյճանական Զինադադարի Խախտումները

May 20, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Եւրոպական խորհուրդի նախարարներու կոմիտէի 127-րդ նիստին արտասանած է Հայաստանի խօսքը, որուն մէջ նախ շնորհաւորած է Կիպրոսը` կոմիտէի յաջող նախագահութեան առիթով:

Խօսելով կիպրական նախագահութեան առաջնահերթութիւններէն նկատուող մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին` նախարարը շեշտած է, որ ասիկա շատ կարեւոր է հայ ժողովուրդին համար, որ մշակութային արժէքներու հսկայական կորուստներ կրած է իր պատմութեան ընթացքին եւ վերջերս ալ` Ազրպէյճանի մէջ այդ երկրի կառավարութեան ձեռքով, նաեւ Սուրիոյ մէջ` ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ: Նախարար Նալբանդեան յայտնած է, որ կիպրական նախագահութեան մէկ այլ առաջնահերթութիւն` կրթութեան միջոցով ժողովրդավարութեան հաստատումը, համերաշխ եւ հանդուրժողական հասարակութիւններու ստեղծման կարեւոր միջոց է: «Ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխարգիլման առումով առանցքային դեր կը խաղայ ժողովուրդներու յիշողութեան իրաւունքը, անոնց իրաւունքը յիշատակը յարգելու, կրթութեան միջոցով իրազեկ դառնալու անցեալին տեղի ունեցած ողբերգութիւններուն մասին», աւելցուցած է ան:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը խօսած է «Ժողովրդավարական անվտանգութեան» հայեցակարգին մասին, որուն համաձայն, ժողովրդավար երկիրներու պարագային հաւանականութիւնը աւելի նուազ է պատերազմի սկսելու: Իբրեւ օրինակ ան  վկայակոչած է ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, զոր Ազրպէյճան սանձազերծեց Արցախի ժողովուրդին դէմ` կատարելով միջազգային մարդասիրական եւ մարդու իրաւունքներու կոպիտ խախտումներ:

Ան շեշտած է, որ ապրիլեան դէպքերէն ետք գումարուած է երկու վեհաժողով, որոնց ընթացքին համաձայնութիւն գոյացած է խաղաղութեան հոլովոյթի յառաջ մղման նպատակով բարենպաստ պայմաններու ստեղծման, սակայն Պաքու կը հրաժարի գործադրել այս համաձայնութիւնները` հակառակ անոր որ անոնց կարեւորութիւնը բազմիցս ընդգծուած է, նաեւ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու վերջերս` 28 ապրիլին կայացած եռակողմ հանդիպման ընթացքին: Աւելի՛ն, հակադրուելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն եւ միջազգային հանրութեան հետեւողական կոչերուն` խստօրէն պահպանելու զինադադարի դրութիւնը, Պաքու կը շարունակէ կոպիտ կերպով խախտել եռակողմ զինադադարի համաձայնագիրները:

 

Նախորդը

Ակնարկ. Հասցէական Մեղադրանքներու Քաղաքական Շարժառիթը

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Յայտարարութեան Կարեւորութիւնը Շեշտող Հայաստանեան Եւ Արցախեան Արձագանգներ

RelatedPosts

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ  Մեծամասնութիւնը Դէմ Է  Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Սփիւռքի Ջախջախիչ Մեծամասնութիւնը Դէմ Է Սահմանադրութեան Փոփոխութեան»

October 31, 2026
ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդի  Յայտարարութիւն.  Սփիւռքի Եւ Համահայկական Կառոյցներու Դէմ  Նոր-Պոլշեւիկեան Արշաւի Սաստկացում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը Հրապարակած Է Ազրպէյճանի Մէջ Պահուող 20 Հայ Պատանդներու Մասին Թղթածրար

October 31, 2026
Արծուիկ Մինասեան. «Բոլոր Ջանքերը  Պիտի Գործադրենք, Որպէսզի Օր Առաջ  Իշխանազրկուի Հայրենիքը  Յանձնող Այս Իշխանութիւնը»
Հայկական

Արծուիկ Մինասեան Ընտրուեցաւ Մրցակցութեան Եւ Սպառողներու Շահերու Պաշտպանութեան Յանձնախումբի Անդամ

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.