Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Բանակը Արսալ Ներխուժումի Պահուն Սպաննեց Քալամունի ՏԱՀԵՇ-ի Էմիրը

April 24, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակը շաբաթ օր հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ շաբաթ առաւօտեան Արսալ ներխուժած է եւ ձերբակալած 10 վտանգաւոր ահաբեկիչներ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ ներխուժում գործող բանակի զօրամասը ահաբեկիչներուն կողմէ գնդակոծուած է եւ ուժեղ կերպով հակադարձած անոնց:

Բանակի հակադարձութեան իբրեւ պատասխան սպաննուած է Քալամունի ՏԱՀԵՇ-ի էմիրը` ահաբեկիչ Հասան Մլայսը, որ 2 օգոստոս 2014-ին յարձակած է Արսալի մէջ գտնուող բանակի եւ ներքին ապահովութեան ուժերու անցարգելներուն վրայ եւ առեւանգած բանակայիններ ու ոստիկաններ:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Զինուորական ատեանը կը շարունակէ հարցաքննել մնացեալ ձերբակալեալները, որոնք սուրիական եւ լիբանանեան ինքնութիւն ունին: Սուրիացիներն են` Ֆաուզի Մոհամետ Սահլի, Ալա Խալիլ Հալապի, Ահմետ Հասան Միման, Ապտալլա Քարիմ Հըսէյն, Ահմետ Ֆաուզի Սահլի եւ Մոհամետ Ֆաուզի Սահլի: Լիբանանցիներն են` Ուաէլ Տիպ Ֆլիթի, Հիւսէյն Տիպ Ֆլիթի, Ամին Մոհամետ Հմայէտ եւ Մահմուտ Տիպ Ֆլիթի:

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն շեշտեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը բանակին հակակշիռին տակ կը գտնուի` աւելցնելով, որ երկրին անվտանգութիւնը խախտելու որեւէ փորձի կարելի պիտի ըլլայ դիմադրել ուժով եւ վճռակամութեամբ:

Զօր. Աուն յայտնեց, թէ Արսալի մէջ բանակին գործադրած զինուորական տեսակարար գործողութիւնը դարձեալ կ՛ապացուցէ, որ լիբանանեան որեւէ շրջանի մէջ ահաբեկիչները ապահով ապաստան չեն կրնար գտնել, ինչպէս նաեւ կը փաստէ, որ լիբանանեան բանակը կարողութիւն ունի հետեւելու բոլոր շրջաններուն եւ հարուածելու ահաբեկչական տիպի որեւէ գործունէութիւն:

Նշենք, որ զօր. Աուն շաբաթ օր այցելեց Ռումիէի մէջ տեղակայուած բանակի մասնայատուկ ուժերուն զինուորական կեդրոնը եւ ցուցմունքներ տուաւ անոր սպաներուն ու զինուորներուն` բարձր գնահատելով անոնց կազմ ու պատրաստ ըլլալու իրականութիւնը:

Նախորդը

Զբօսաշրջութեան Նախարարը Մեկնարկը Կատարեց «Վիզիթ Լեպանոն 2017» Ծրագիրին Եւ Արզի Միջազգային Փառատօնին

Յաջորդը

Մարմնամարզութիւն. Արթուր Դալալոյեան` Եւրոպայի Ախոյեան

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.