Ռումանիոյ մէջ իր աւարտին մօտեցող Եւրոպայի մարմնամարզութեան ախոյեանութեան, Ռուսիան ներկայացնող Արթուր Դալալոյեան, (յենացանկի մրցումներուն) ապահովելով 14,933 կէտ, հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան:
Իսկ Հայաստանի ներկայացուցիչը` Արթուր Դաւթեան, գրաւեց 5-րդ դիրքը (14.583 կէտ):
Հայաստանի խումբը Եւրոպայի ախոյեանութիւնը աւարտեց մէկ մետալով, այդ ալ շնորհիւ Յարութիւն Մերդինեանի, որ նժոյգի մրցումներուն տիրացաւ պրոնզ մետալի: