Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանը Զբօսաշրջական Գլխաւոր Երկիրներէն Է, Իսկ Զբօսաշրջութիւնը` Լիբանանի Գանձը» Հաստատեց Նախարար Կիտանեան

March 24, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ «Ֆենիսիա» պանդոկին մէջ հովանաւորեց «Հոսփիթելիթի Սըրվիսըզ» ընկերութեան կազմակերպած խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին յայտարարուեցաւ «Հորիքա» զբօսաշրջական 24-րդ ցուցահանդէսին մեկնարկը:

Նախարար Կիտանեան ներկաները կոչեց նորին վսեմութիւն, մեծարգոյ եւ յարգալիր անձնաւորութիւններու վերաբերող բոլոր մակդիրներով, որովհետեւ անոնք, սննդեղէնի, ըմպելիներու եւ պանդոկներու բարձրորակ համերն ու ճաշակը ներկայացնելով, Լիբանանը կը մղեն զբօսաշրջական իր ասպարէզին գագաթնակէտին:

Ան մաղթեց, որ քաղաքական անձնաւորութիւնները իրենց կարգին որդեգրեն զբօսաշրջութեան մարզին ուղին եւ հոգատարութեամբ մօտենան երկրին գերագոյն շահերուն:

Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ զբօսաշրջութեան մարզի ներկայացուցիչներուն կողմէ կազմակերպուած եւ կատարուած ցուցահանդէսներն ու աշխատանքները իրեն համար յաւելեալ թթուածինի համազօր են:

«Իբրեւ զբօսաշրջութեան նախարար, ես կը վստահիմ ձեզի, որովհետեւ քաղաքական ասպարէզ մուտք գործած եմ զբօսաշրջութեան ճամբով: Իսկ հիմա ինծի համար յստակ դարձած է, որ զբօսաշրջութիւնը եւ զայն բաղկացնող բոլոր տարրերը Լիբանանի նաւթն ու գանձը կը նկատուին եւ կրնան ներկայացուիլ արտաքին աշխարհին: Այս կեցուածքով չեմ ուզեր ըսել, որ Լիբանանի ճարտարարուեստը կամ այլ մարզեր նուազ կարեւոր են զբօսաշրջութենէն», աւելցուց ան:

Նախարար Կիտանեան, մէջբերելով խորհրդաժողովին ընթացքին արտայայտուած այն կեցուածքը, թէ պէտք է հպարտանալ լիբանանեան գինիով, ըսաւ. «Ո՛չ միայն պէտք է լիբանանեան գինիով հպարտանալ, այլ ընդհանրապէս Լիբանանով: Զբօսաշրջութեան նախարարութեան մէջ անցուցած երեք ամիսներուս ընթացքին հասկցայ, որ Լիբանան ամբողջական պատրաստուածութեամբ օժտուած երկիր է, եւ ոչինչ կը պակսի անոր: Ընդհակառակն` Լիբանանը զբօսաշրջական գլխաւոր երկիրներէն է», հաստատեց ան:

Նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Լիբանան ունի զբօսաշրջական հսկայ ճարտարարուեստ, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջական մարզի փայլուն ներկայացուցիչներ: «Այս առիթով շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել «Հոսփիթելիթի Սըրվիսըզ» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ժումանա Սալամէի, որ 24 տարիներէ ի վեր կը գործէ ի խնդիր զբօսաշրջութեան մարզին բարգաւաճման: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ նաեւ զբօսաշրջութեան մարզին մէջ գործող բոլոր պաշտօնեաներուն: Մենք բոլորս կը կազմենք օղակ մը եւ պէտք է միասնաբար գործենք, որովհետեւ Լիբանանը մեր կարիքը ունի, ինչպէս մենք` անոր», եզրափակեց նախարար Կիտանեան:

Նախորդը

«Տուրքեր Պարտադրելու Նպատակը Տնտեսական Կացութեան Բարելաւումն Է» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

«Վստահ Եմ, Որ Պիտի Կարենանք Յանգիլ Բոլոր Լիբանանցիները Ներկայացնող Ընտրական Օրէնքի Մը» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.