Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՔԼԻՆԹԸՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿԸ ՎՍՏԱՀԵՑՆԷ, ՈՐ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎՐԱՅ ՃՆՇՈՒՄ ԿԸ ԳՈՐԾԱԴՐԷ

October 15, 2011
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Քլինթըն

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթըն պատասխանած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ 17 օգոստոսին իրեն ուղղուած նամակին:

Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրենսիս Ռիքարտոնէի այն յայտարարութենէն ետք, թէ «մինչեւ 1915 Թուրքիոյ տարածքին մէջ գործած քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը կը շարունակեն գործել իբրեւ եկեղեցիներ», Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան յղած էր նամակ մը, որուն մէջ «ամբողջական եւ պաշտօնական հաստատում պահանջած էր այն մասին, որ ներկայ Թուրքիոյ տարածքին մէջ գործած քրիստոնէական եկեղեցիներուն մեծ մասը ոչնչացուած եւ պղծուած է Օսմանեան Թուրքիոյ եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան կառավարութիւններուն կողմէ, եւ որ պահպանուած եկեղեցիները պէտք է վերադարձուին օրինական տէրերուն` հայերուն, յոյներուն, ասորիներուն եւ այլն, ինչպէս նաեւ պահանջած էր դեսպան Ռիքարտոնէի կողմէ ներումի հայց:

Քլինթըն իր պատասխան նամակին մէջ մասնաւորաբար կ՛ըսէ, որ «թուրք ղեկավարներու հետ հանդիպումներու ընթացքին մենք շարունակ ընդգծած ենք այն կարեւորութիւնը, որ մենք կու տանք Թուրքիոյ մէջ դաւանանքի ազատութեան: Ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ բարձրագոյն մակարդակներով հանդիպումներու ընթացքին մենք կը շարունակենք բարձրացնել մեր մտահոգութիւնը նախապէս բռնագրաւուած գոյքը կրօնական համայնքներուն վերադարձնելու առնչութեամբ: Այդ առնչութեամբ մենք ուշադիր պիտի հետեւինք իրականացումին Թուրքիոյ կառավարութեան 27 օգոստոսի այն որոշումին, որ կը նախատեսէ ոչ իսլամական համայնքներու 162 հիմնադրամներուն վերադարձնել բռնագրաւուած անշարժ գոյքը»:

«Ասպարէզ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը Քլինթընին ուղղուած պատասխան-նամակին մէջ ողջունած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին առաջին հրապարակային յայտարարութիւնը, թէ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կրօնական համայնքներու բռնագրաւուած գոյքերը օրինական տէրերուն վերադարձնելու համար աշխուժ կերպով Թուրքիոյ կառավարութեան վրայ ճնշում կը գործադրէ:

Նախորդը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ` ՍԷՈՒՏՑԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԴԷՄ ԻՐԱՆԵԱՆ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻ ՀԱՐՑՈՎ ԳՈՐԾԻ ԼԾՈՒԵԼՈՒ

Յաջորդը

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.