Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԿՈՉ Կ՛ՈՒՂՂԷ` ՍԷՈՒՏՑԻ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԴԷՄ ԻՐԱՆԵԱՆ ՄԱՀԱՓՈՐՁԻ ՀԱՐՑՈՎ ԳՈՐԾԻ ԼԾՈՒԵԼՈՒ

October 15, 2011
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ռայս եւ Քի Մուն կը խորհրդակցին

Միացեալ Նահանգներ Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ատել Ժապըրը ահաբեկելու «իրանեան դաւը» նկատեց «միջազգային խաղաղութեան եւ ապահովութեան վտանգաւոր սպառնալիք», ուստի անհրաժեշտ նկատեց, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը ըստ այնմ վարուի այդ իրադարձութեան հետ:

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Սիւզըն Ռայս այս հարցով նամակ մը յղեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին, որ իր կարգին զայն փոխանցեց Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն, որոնք այդ նոյն հարցը քննարկելու համար նոյն օրը իրեն հետ հանդիպում մը ունեցած էին:

Ռայս իր նամակին մէջ նշեց, որ «կ՛ուզեմ ձեր ուշադրութիւնը հրաւիրել փորձի մը վրայ` գործադրելու համար դաւ մը, որ միջազգային խաղաղութեան եւ ապահովութեան վտանգաւոր սպառնալիք մը կը ներկայացնէ»` աւելցնելով, որ ծրագրուած էր նաեւ «Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ այլ պետութիւններու դէմ յաւելեալ յարձակումներ գործադրել»:

Ան նշեց, որ ծրագիրը 1973-ին կնքուած «միջազգային պաշտպանութիւն վայելող անհատներու, ներառեալ` դիւանագիտական անձնակազմի պաշտօնեաներու դէմ գործուելիք ոճիրները կանխարգիլելու եւ ճնշելու համաձայնութեան նկատմամբ Իրանի յանձնառութեանց խախտում մը կը ներկայացնէ»:

Ռայս իր նամակին մէջ պահանջեց, որ Իրան անմիջապէս եւ յստակ կերպով երաշխիք տայ, թէ Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատան դէմ յարձակումը ծրագրած անձերը պիտի ձերբակալէ եւ արտայանձնէ` ընդգծելով, որ «այս հարցը միայն Ալի Ղուլամ Շուքրիի չի վերաբերիր»:

Արաբական լիկայի մէջ սէուտական պատուիրակութեան ղեկավար Ահմետ Քահթան «Հայաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ լիկայի խորհուրդը որդեգրած է որոշում մը, որ Ուաշինկթընի մէջ Ռիատի դեսպանին դէմ մահափորձ կատարելուն համար կը դատապարտէ Իրանը: Որոշումին դէմ քուէարկած է միայն Սուրիան, իսկ Իրաքի պատուիրակը խնդրած է իր կառավարութեան հետ խորհրդակցիլ եւ աւելի ուշ քուէարկել:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը իր կարգին «Հայաթ» օրաթերթին տրուած հարցազրոյցին մէջ Իրանը ամբաստանեց բարիդրացնութեան սկզբունքը խախտելու յանցանքով: «Ուաշինկթընէն եկած տեղեկութիւնները Ժապըրի դէմ մահափորձին մէջ Թեհրանի կատարեալ մեղսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ մահափորձը  գործադրելու համար զինուորագրեալներ կազմակերպելը, ֆինանսաւորելն ու մարզելը ցոյց կու տան»:

Ան վերջերս Սէուտական Արաբիոյ Քաթիֆ շրջանին մէջ պատահած իրադարձութեանց ակնարկելով յայտնեց, որ Իրան շարունակ երկիրներու ներքին հարցերուն կը միջամտէ, ինչպէս նաեւ «Քուէյթի, Իրաքի եւ Լիբանանի նման արաբական տարբեր երկիրներ գործակալներ կ՛ուղարկէ»` աւելցնելով, որ «ասիկա առաջին անգամը չէ, որ Իրանի շուրջ այսպիսի արարքներ կատարելու կասկածներ կան»:

«Իրեն թշնամի նկատած երկիրներուն նկատմամբ Թեհրանի գործելաոճը ապարդիւն պիտի մնայ եւ վերջ ի վերջոյ զայն անել կացութեան պիտի մատնէ», ըսաւ Սէուտ Ֆայսալ իշխանը` Թեհրանը ամբաստանելով «սպանութեան եւ քաոս ստեղծելու ճամբով իր ազդեցութիւնը արտասահմանի մէջ տարածել» ջանալու յանցանքով: «Իրանեան այս ճնշումին պիտի չենթարկուինք եւ մեզի դէմ իրենց առած որեւէ միջոցառման համար զիրենք հաշուետուութեան պիտի ենթարկենք», ընդգծեց ան:

Արժանթինի մէջ դիւանագիտական աղբիւրներ իսրայէլեան ձայնասփիւռի կայանին յայտնեցին, որ «սէուտցի պաշտօնատարներ չորս ամիս առաջ Պուէնոս Այրեսի կառավարութիւնը զգուշացուցած են Ուաշինկթընի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանին եւ Արժանթինի մայրաքաղաքին մէջ իսրայէլեան եւ սէուտական դեսպանատուներուն դէմ ահաբեկչական յարձակում մը կատարելու իրանեան ծրագիրէ մը:

Աղբիւրները յայտնած են, որ այդ զգուշացումը Արժանթինի փոխանցուած է Միացեալ Նահանգներու խնդրանքով:

 

Նախորդը

ՓՈՐՁԱԳԷՏՆԵՐ ՀՈԼԼԱՆՏԻ ԵՒ ՕՊՐԻԻ ՄԻՋԵՒ ՍՈՒՐ ՄՐՑԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԵՆ

Յաջորդը

ՔԼԻՆԹԸՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՀԱՅ ԴԱՏԻ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻՆ ԿԸ ՎՍՏԱՀԵՑՆԷ, ՈՐ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՎՐԱՅ ՃՆՇՈՒՄ ԿԸ ԳՈՐԾԱԴՐԷ

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.